Լեւոն ԺԴ.-ի յիշատակի խօսքը Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
21 ապրիլին յիշատակն է հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցին` որ ճիշտ մէկ տարի առաջ` 21 ապրիլ 2025-ին Սուրբ Զատիկը յաջորդող երկուշաբթի օրը, արշալոյսին, հեռացաւ այս աշխարհէն երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք։
Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսող եւ իր երկրային կեանքի վերջին հանգիստի վայր` Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ կատարուեցաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը։
Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապին այս առիթով յղած պատգամը, որուն մէջ ան յիշեցուց, թէ մահը վերջ մը չէ, այլ դուռ մը՝ դէպի ողորմութիւն. նիւթ մը, որ Ֆրանչիսկոսի քահանայապետութեան կորիզը կը կազմէր։
Արժանթինցի Պապին գերեզմանը, որ պարզ է եւ ծաղիկներով զարդարուած, դարձած է ուխտատեղի՝ գրաւելով հազարաւոր հաւատացեալներ։
Անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով բացումը կատարուեցաւ նաեւ յուշաքարի մը, որ կը յիշատակէ անոր սերտ կապը Salus Populi Romani Տիրամօր սրբապատկերին հետ, որուն առջեւ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթած էր 126 անգամ։
Պատարագը նախագահեց Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէ, որ շեշտեց, թէ Ֆրանչիսկոսի յիշատակը տակաւին վառ է հաւատացեալներու սիրտերուն մէջ։
Ապա ընթերցեց Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը` որուն մէջ Ան լուսարձակի տակ առաւ իր նախորդին հոգեւոր ժառանգութիւնը, որուն առանցքը «ողորմութեան Աւետարանը» եւ Աւետարանի բերկրանքի քարոզչութիւնն էր։
Լեւոն ԺԴ. այս օրերուն կը գտնուի ափրիկեան ցամաքամաս ուր մեկնած էր անցեալ 13 ապրիլին, առաքելական ճամբորդութեամբ եւ իր յղած պատգամին սկիզբը կը մատնանշէ թէ Ափրիկէ կատարած Առաքելական ճամբորդութեան պատճառաւ իր բացակայութեան հանդերձ կը հաւաստիացնէ «հոգեւոր միութիւն` բոլոր անոնց հետ, որոնք պիտի հաւաքուին Լիպերիան Պազիլիքային մէջ (Basilica Liberiana)՝ մատուցելու համար Սուրբ Պատարագի զոհաբերութիւնը ի յիշատակ Ֆրանչիսկոսի հոգւոյն հանգստեան»։
Ողջունելով Կարդինալները, Եպիսկոպոսները, քահանաներն ու կրօնաւորները, ինչպէս նաեւ այն ուխտաւորները, որոնք եկած են իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու Ֆրանչիսկոս Պապին, Լեւոն ԺԴ. կը հաստատէ` թէ «Մահը պատ մը չէ, այլ դուռ մը, որ լայնօրէն կը բացուի դէպի այն Ողորմութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը անխոնջ կերպով քարոզեց»։
«Տէրը զինք Իր քով կանչեց անցեալ տարուան Ապրիլ 21-ին, Զատկական լոյսի սրտին մէջ։ Ան իր երկրային ուխտագնացութիւնը աւարտեց Յարուցեալ Քրիստոսի գիրկին մէջ, «Աւետարանի այն խնդութեամբ», որ ներշնչած էր իր ամենայատկանշական Առաքելական Յորդորակներէն մէկը» կը գրէ Սրբազան Պապը իր յղած յիշատակի խօսքին մէջ ուր ապա կը մատնանշէ թէ Ֆրանչիսկոսը «եղաւ Պետրոսի յաջորդը եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ հովիւը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ յատկանշուեցաւ (եւ տակաւին կը յատկանշուի) դարաշրջանային փոփոխութեամբ, որուն մասին Ան լիովին գիտակից էր՝ բոլորիս ընծայելով քաջարի վկայութիւն մը, որ կը հանդիսանայ նշանակալից ժառանգութիւն մը Եկեղեցւոյ համար»։
Ֆրանչիսկոս Պապը «Իր վարդապետութիւնը ապրեցաւ որպէս «աշակերտ-առաքեալ» կը շարունակէ Լեւոն Պապը, «Ան մնաց Տիրոջ աշակերտը՝ հաւատարիմ իր Մկրտութեան եւ եպիսկոպոսական պաշտօնի նուիրումին մինչեւ վերջ։ Ան եղաւ նաեւ առաքեալ՝ քարոզելով ողորմութեան Աւետարանը «բոլորին, բոլորին, բոլորին», ինչպէս քանի մը առիթներով ըսած էր»։
«Հոգատար Հովիւի անոր վկայութենէն բխած բարիքները վարակեցին բազմաթիւ մարդոց սրտերը մինչեւ երկրի ծայրագոյն սահմանները, շնորհիւ նաեւ իր առաքելական ճամբորդութիւններուն եւ յատկապէս այն վերջին «ճամբորդութեան», որ եղաւ իր հիւանդութիւնն ու մահը» կը նշէ ապա Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով թէ Ֆրանչիսկոս պապը «մղեց Եկեղեցին ըլլալու բաց դէպի առաքելութիւնը, պահապան՝ աշխարհի յոյսին, եւ ջերմեռանդօրէն նուիրուած այն Աւետարանի քարոզչութեան, որ կարող է իւրաքանչիւր կեանքին տալ լիութիւն եւ երջանկութիւն»։
«Տակաւին կը լսենք անոր յորդորներուն արձագանգը՝ արտայայտուած ճարտասան բառերով, բարի լուրը աւելի հասկնալի դարձնելու համար. ողորմութիւն, խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, ոչխարներու հոտը, դաշտային հիւանդանոց եւ շատ ուրիշներ» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ դիտել տալով թէ «այս արտայայտութիւններէն իւրաքանչիւրը մեզ կը վերադարձնէ իր իսկ կողմէ ապրուած Աւետարանին՝ նոր լեզուով մը, որ կը քարոզէ նոյն մշտակայ Աւետարանը»։
«Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջ կեանքի ընթացքին խորին ջերմեռանդութիւն տածեց Մարիամ Աստուածածնայ հանդէպ. արդարեւ, կը յիշենք, որ ան բազմաթիւ անգամներ այցելեց Սանթա Մարիա Մաճիորէ (Santa Maria Maggiore)՝ իր յուղարկաւորութեան վայրը, եւ աշխարհի տարածքին գտնուող բազմաթիւ Մարեմեան սրբավայրեր։ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Մայրը Եկեղեցւոյ, թող օգնէ մեզի, որ ամէն պարագայի տակ ըլլանք իր աստուածային Որդւոյն անխոնջ առաքեալները եւ անոր ողորմած սիրոյ մարգարէները» եղան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցին առիթով յղած յիշատակի գրութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
