Որոնել

EU Council President Costa attends European autonomy conference in Porto

Սրբազան Պապն ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահը խօսեցան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մասին

Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Անթոնիօ Քոսթայի միջեւ. մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուեցաւ Պաղեստինի Յորդանանեան Արեւմտեան Ափին եւ Լիբանանի հարաւի քրիստոնեաներու վիճակի մասին։ Արծարծուեցան նաեւ մտորումներ Սրբազան Քահանայապետին Ափրիկէ կատարած վերջին ճամբորդութեան շուրջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Միջին Արեւելքը՝ կեդրոնանալով Յորդանանեան Արեւմտեան Ափին ու Լիբանանի վրայ, եւ խորհրդածութիւններ Ափրիկէ կատարած պապական վերջին ուղեւորութեան մասին։ Ասոնք եղան այն թեմաները զոր արծարծուեցան՝ Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2026-ի կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ժամանակ։

«Ջերմ զրոյցի ընթացքին,– կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը,– քննարկուեցաւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը, յատուկ անդրադարձ կատարելով Պաղեստինի Յորդանանեան Արեւմտեան Ափին եւ Լիբանանի հարաւի քրիստոնեաներու վիճակի մասն»։

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, թէ խօսակցութեան շարունակութեան ընթացքին Պապը «բաժնեկցեցաւ որոշ մտորումներ Ափրիկէ կատարած վերջին առաքելական ճամբորդութեան մասին՝ շեշտելով միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, խաղաղութեան խթանումը եւ ցամաքամասի ամենախոցելի համայնքներուն սատար կանգնելու անհրաժեշտութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2026, 08:00