Il Papa rientrato a Roma dal viaggio apostolico in Africa

Լեւոն ԺԴ. որպէս հովիւ չեմ կրնար թեր ըլլալ պատերազմին, չափազանց շատ անմեղ զոհեր կան

Հռոմ վերադարձի թռիչքին ընթացքին, Լեւոն ԺԴ կը վերահաստատէ, թէ իր առաջին առաքելութիւնը ժողովուրդներուն Աւետարանը քարոզելն է: Ան ապա կը յիշէ Իրանի եւ Լիբանանի պատերազմներուն զոհ գացած երեխաները, կը դատապարտէ մահապատիժը եւ կը պնդէ միջազգային օրէնքի յարգման անհրաժեշտութիւնը: Գաղթականներու հարցով ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ’ընէ Հիւսիսը աշխարհի Հարաւին համար», եւ կը դատապարտէ այն իրողութիւնը, որ մարդիկ անասուններէն աւելի գէշ վերաբերմունքի կ’արժանանան:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Բարի լոյս բոլորին, կը յուսամ լաւ էք եւ պատրաստ էք նոր ճամբորդութեան մը»։ Լեւոն ԺԴ Պապը աւարտեց Ափրիկէ կատարած իր երկար առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Մալապոյէն (Հասարակածային Կուինէայի վերջին հանգրուանը) դէպի Հռոմ թռիչքին ընթացքին պատասխանեց իր հետ ճամբորդող 70 լրագրողներէն հինգին հարցումներուն։ Պատերազմը, ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները, գաղթականներու հարցը, մահապատիժը եւ նոյնասեռ զոյգերու օրհնութիւնը այն թեմաներն էին, որոնց անդրադարձաւ Քահանայապետը հարցազրոյցի ընթացքին, որուն նախորդեց Լեւոն Պապի խորհրդածութիւնը Ափրիկէի մէջ իր ապրած փորձառութեան մասին։

«Երբ ճամբորդութիւն կը կատարեմ, ես իմ անունովս կը խօսիմ, սակայն այսօր որպէս Պապ՝ Հռոմի Եպիսկոպոս, ասիկա նախ եւ առաջ հովուական առաքելական ճամբորդութիւն մըն է՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդիպելու, անոնց ընկերակցելու եւ զանոնք ճանչնալու համար։ Շատ անգամ հետաքրքրութիւնը աւելի քաղաքական է. “Ի՞նչ կ'ըսէ Պապը այս կամ այն նիւթին մասին։ Ինչո՞ւ դատապարտեց այս կամ այն երկրի կառավարութիւնը”։ Եւ անշուշտ, ըսելիք շատ բան կայ։

Խօսեցայ արդարութեան մասին եւ այնտեղ զանազան թեմաներ կան։ Բայց ասիկա առաջին հերթին չէ. ճամբորդութիւնը պէտք է մեկնաբանել նախ եւ առաջ որպէս Աւետարանը աւետելու, Յիսուս Քրիստոսի պատգամը հռչակելու ցանկութեան արտայայտութիւն, որ այդ պարագային միջոց մըն է մօտենալու ժողովուրդին՝ իրենց ուրախութեան, հաւատքի խորութեան, բայց նաեւ իրենց տառապանքին։ Հոն, անշուշտ, յաճախ անհրաժեշտ է մեկնաբանութիւններ ընել կամ փորձել քաջալերել նոյնինքն ժողովուրդը, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնեն։

Կարեւոր է խօսիլ նաեւ պետութիւններու ղեկավարներուն հետ՝ քաջալերելու համար մտածելակերպի փոփոխութիւն մը կամ աւելի մեծ բացուածք մը՝ ի նպաստ ժողովուրդի բարօրութեան, ինչպէս օրինակ երկրի մը բարիքներու բաշխման հարցը։ Մեր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին քիչ մը ամէն ինչ ըրինք, բայց գլխաւորը կը մնայ ժողովուրդը տեսնելը ու այս խանդավառութեամբ անոնց հանդիպիլը։ Շատ գոհ եմ ամբողջ ճամբորդութենէն, բայց Հասարակածային Կուինէայի ժողովուրդին հետ ապրիլը, անոնց ընկերակցիլն ու քալելը իսկապէս օրհնութիւն մըն էր ջուրով... Անոնք գոհ էին անցեալ օրուան անձրեւներէն, բայց յատկապէս տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ մեր հաւատքին մէջ տօնածը կիսելու այս նշանէն»։

Ինեացիօ Ինկրաօ (Tg1). Սրբազան Հայր, շնորհակալութիւն հանդիպումներով, պատմութիւններով եւ դէմքերով հարուստ այս ճամբորդութեան համար։ Քամերունի Պամենտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան հաւաքի ընթացքին, Դուք նկարագրեցիք գլխիվայր շրջուած աշխարհ մը, ուր բռնապետներու խմբակ մը կը վտանգէ մոլորակին կործանումը։ Դուք ըսիք, թէ խաղաղութիւնը պէտք չէ հնարել, այլ պէտք է ընդունիլ զայն։ Իրանի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները քաոսային վիճակի մէջ են՝ ծանր հետեւանքներ թողելով համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։ Արդեօ՞ք կը մաղթէք վարչակարգի փոփոխութիւն Իրանի մէջ, տեսնելով որ նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւնը, ուսանողները փողոց իջան անցնող ամիսներուն, եւ աշխարհի մէջ մտահոգութիւն կայ միջուկային սպառազինութեան մրցավազքին շուրջ։ Ի՞նչ կոչ կ’ուղղէք Միացեալ Նահանգներուն, Իրանին եւ Իսրայէլին՝ այս անել վիճակէն դուրս գալու եւ լարուածութեան մագլցումը կասեցնելու համար։ ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպան պէ՞տք է աւելի ներգրաւուած ըլլան։

Կ’ուզեմ սկսիլ ըսելով, որ պէտք է խրախուսել նոր կեցուածք մը եւ խաղաղութեան մշակոյթ մը։ Շատ անգամ, երբ որոշ կացութիւններ կը գնահատենք, անմիջական պատասխանը կ’ըլլայ այն, որ պէտք է միջամտել բռնութեամբ, պատերազմով, յարձակումով։ Այն ինչ որ տեսանք, այն է՝ թէ բազմաթիւ անմեղներ մեռան։ Քիչ առաջ տեսայ նամակը այն ընտանիքներուն, որոնց զաւակները մեռան յարձակման առաջին օրը։ Եւ անոնք կը խօսին այն իրողութեան մասին, որ արդէն կորսնցուցած են իրենց զաւակները՝ երեխաները, որոնք մեռան այդ (յարձակման) ընթացքին։

Հարցը վարչակարգի փոփոխութիւնը կամ չփոխուիլը չէ, հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս քաջալերել մեր հաւատացած արժէքները՝ առանց այսքան անմեղներու մահուան։ Իրանի հարցը ակնյայտօրէն շատ բարդ է։ Նոյնինքն այդ բանակցութիւնները, որոնք կը կատարուին. օր մը Իրանը «այո» կ’ըսէ եւ Միացեալ Նահանգները «ոչ» կ’ըսեն, եւ փոխադարձաբար, ու չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կ’երթանք։ Ստեղծեցին այս քաոսային վիճակը, որ օրհասական է համաշխարհային տնտեսութեան համար, բայց նաեւ կայ Իրանի ամբողջ ժողովուրդը՝ անմեղ մարդիկ, որոնք կը տառապին այս պատերազմին պատճառով։

Ուստի, վարչակարգի փոփոխութեան հարցին շուրջ՝ այո թէ ոչ, յստակ չէ, թէ ներկայիս ի՛նչ վարչակարգ կայ հոն՝ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ կատարուած յարձակումներու առաջին օրերէն ետք։ Փոխարէնը, կ’ուզեմ քաջալերել խաղաղութեան երկխօսութեան շարունակութիւնը, որպէսզի կողմերը փորձեն բոլոր ջանքերը գործադրել խաղաղութիւնը առաջ մղելու, պատերազմի սպառնալիքը հեռացնելու եւ միջազգային իրաւունքը յարգելու համար։ Շատ կարեւոր է, որ անմեղները պաշտպանուած ըլլան, ինչ որ չպատահեցաւ տարբեր վայրերու մէջ։

Ինծի հետ կը կրեմ մահմետական երեխայի մը լուսանկարը, որ Լիբանան կատարած այցելութեանս ժամանակ հոն սպասած էր պաստառով մը, որուն վրայ գրուած էր՝ «Բարի գալուստ Լեւոն Պապ», իսկ յետոյ պատերազմի այս վերջին փուլին ան սպաննուեցաւ։ Մարդկային կացութիւնները շատ են, եւ կը կարծեմ, որ պէտք է ունենանք այս ձեւով մտածելու կարողութիւնը։

Էվա Ֆեռնանտես (Radio Cope). Կը լքենք ցամաքամաս մը, ուր շատեր կը փափաքին, կ՛ երազեն ճամբորդել դէպի Եւրոպա։ Ձեր յաջորդ ճամբորդութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Սպանիա, ուր գաղթականութեան հարցը կարեւոր տեղ կը գրաւէ, յատկապէս Քանարեան կղզիներուն մէջ։ Դուք գիտէք, որ Սպանիոյ մէջ գաղթականութեան թեման մեծ բանավէճերու եւ բեւեռացման պատճառ կը դառնայ, նոյնիսկ կաթողիկէներուն մօտ յստակ դիրքորոշում չկայ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել սպանացիներուն եւ յատկապէս կաթողիկէներուն՝ գաղթականութեան վերաբերեալ։ Եւ յետոյ, եթէ թոյլ տաք. յաջորդ ճամբորդութիւնը դէպի Սպանիա պիտի ըլլայ, բայց գիտենք, որ Դուք փափաք եւ մտադրութիւն ունիք ճամբորդելու Փերու եւ թերեւս Արժանթին եւ Ուրուկուէյ, բայց նաեւ կ’ուզէի՞ք ողջունել Կուատալուփէի Կոյսը։

Գաղթականութեան թեման շատ բարդ է եւ կը հարուածէ բազմաթիւ երկիրներ՝ ոչ միայն Սպանիան, ոչ միայն Եւրոպան կամ Միացեալ Նահանգները. ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է։ Հետեւաբար, իմ պատասխանս կը սկսի հարցումով մը. ի՞նչ կ’ընէ աշխարհի Հիւսիսը՝ օգնելու համար աշխարհի Հարաւին կամ այն երկիրներուն, ուր երիտասարդները այսօր ապագայ չեն գտներ եւ հետեւաբար կ’ապրին դէպի Հիւսիս երթալու այս երազանքով։ Բոլորը կ’ուզեն դէպի Հիւսիս երթալ, բայց շատ անգամ Հիւսիսը պատասխաններ չունի, թէ ինչպէ՛ս անոնց հնարաւորութիւններ ընձեռել։ Շատեր կը տառապին... Մարդավաճառութեան թեման նոյնպէս գաղթականութեան մէկ մասն է։

Անձնապէս կը հաւատամ, որ պետութիւն մը իրաւունք ունի կանոններ սահմանելու իր սահմաններուն վրայ։ Չեմ ըսեր, որ բոլորը պէտք է ներս մտնեն առանց կարգուկանոնի՝ երբեմն այնպիսի վայրերու մէջ ստեղծելով աւելի անարդար իրավիճակներ, քան այն պայմանները, որոնք ձգած են իրենց ետին։ Սակայն, այս ըսելով հանդերձ, հարց կու տամ. ի՞նչ կ’ընենք աւելի հարուստ երկիրներուն մէջ՝ փոխելու համար վիճակը աւելի աղքատ երկիրներուն մէջ։ Ինչո՞ւ չենք կրնար փորձել, թէ՛ պետական օժանդակութիւններով, թէ՛ մեծ ու հարուստ ձեռնարկութիւններու եւ բազմազգային ընկերութիւններու ներդրումներով, փոխել կացութիւնը այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են անոնք, զոր այցելեցինք այս ճամբորդութեան ընթացքին։

Ափրիկէն շատերու համար կը նկատուի վայր մը, ուր կարելի է երթալ հանքանիւթեր վերցնելու, անոր հարստութիւնները յափշտակելու՝ ուրիշներու, ուրիշ երկիրներու հարստութեան համար։ Թերեւս համաշխարհային մակարդակով պէտք է աւելի շատ աշխատինք՝ խրախուսելու համար աւելի մեծ արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ զարգացում Ափրիկէի այս երկիրներուն մէջ, որպէսզի անոնք ուրիշ երկիրներ՝ Սպանիա եւ այլն, գաղթելու անհրաժեշտութիւնը չունենան։

Իսկ միւս կէտը, որ կ’ուզեմ շօշափել, այն է, որ ամէն պարագային, անոնք մարդիկ են, եւ մենք պէտք է մարդոց հետ մարդավարի վարուինք, ոչ թէ շատ անգամ անասուններէն աւելի վատ վերաբերմունք ցուցաբերենք։ Ասիկա շատ մեծ մարտահրաւէր է. երկիր մը կրնայ ըսել, որ այլեւս չի կրնար ընդունիլ, բայց երբ մարդիկ կը հասնին, անոնք մարդ արարածներ են եւ արժանի են այն յարգանքին, որ կը պատշաճի իւրաքանչիւր մարդու՝ իր արժանապատուութեան համար։

Իսկ յաջորդ ճամբորդութիւննե՞րը։

Մեծ փափաք ունիմ այցելելու Լատին Ամերիկայի զանազան երկիրներ։ Մինչեւ հիմա հաստատուած բան մը չկայ, պիտի տեսնենք։ Սպասենք։

Արթիւր Հերլին (Paris Match). Սրբազան Հայր, շատ շնորհակալ ենք այս բացառիկ ճամբորդութեան համար։ Սքանչելի էր։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին Դուք հանդիպեցաք աշխարհի ամենէն բռնապետ ղեկավարներէն ոմանց։ Ինչպէ՞ս կը յաջողիք խուսափիլ, որ Ձեր ներկայութիւնը բարոյական հեղինակութիւն չտայ այդ վարչակարգերուն։ Արդեօք ասիկա, այսպէս ըսած, Պապին միջոցաւ իրենց «դէմքը լուալու» հարց չէ՞։

Անշուշտ, Պապին ներկայութիւնը որեւէ պետութեան ղեկավարի քով կրնայ տարբեր ձեւերով մեկնաբանուիլ։ Կրնայ մեկնաբանուիլ — եւ ոմանց կողմէ մեկնաբանուեցաւ — այնպէս, կարծես Պապը կամ Եկեղեցին կ’ըսեն, թէ այդ ձեւով ապրիլը լաւ է։ Ուրիշներ կրնան տարբեր բաներ ըսել։

Կ’ուզեմ վերադառնալ այն դիտողութիւններուն, որոնք ըրի սկիզբը՝ հասկնալու համար այն հիմնական նպատակը, որ Պապը կը հետապնդէ իր ճամբորդութիւններով. այցելել մարդոց։ Եւ այն մեծ արժէքին մասին, որ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ տալ — երբեմն մեծ զոհողութիւններով — աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պահպանման։

Երբեմն դիւանագիտական յարաբերութիւններ կ’ունենանք այնպիսի երկիրներու հետ, որոնք բռնապետ ղեկավարներ ունին։ Մենք առիթը ունինք անոնց հետ խօսելու դիւանագիտական եւ պաշտօնական մակարդակով։ Միշտ չէ, որ քննադատութեան, դատապարտութեան կամ դատողութեան մեծ յայտարարութիւններ կ’ընենք։ Բայց վարագոյրներու ետին հսկայական աշխատանք կը տարուի՝ արդարութիւնը խթանելու, մարդասիրական հարցերը առաջ մղելու, եւ երբեմն փնտռելու այնպիսի կացութիւններ, ուր կան քաղաքական բանտարկեալներ եւ զանոնք ազատ արձակելու միջոցներ գտնելու համար։ Նաեւ սովի, հիւանդութեան եւ այլ պարագաներուն։

Հետեւաբար, Սուրբ Աթոռը, պահպանելով չէզոքութիւն եւ փնտռելով ուղիներ՝ շարունակելու դրական դիւանագիտական յարաբերութիւններ բազմաթիւ տարբեր երկիրներու հետ, իրականութեան մէջ կը ջանայ Աւետարանը կիրառել գործնական իրավիճակներու մէջ, որպէսզի մարդոց կեանքը բարելաւուի։ Մնացեալը՝ մարդիկ պիտի մեկնաբանեն այնպէս, ինչպէս կ’ուզեն, բայց կը կարծեմ կարեւոր է մեզի համար փնտռել լաւագոյն կարելի միջոցը՝ օգնելու որեւէ երկրի ժողովուրդին։

Վերենա Սթեֆանի Շելթըր (ARD Rundfunk). Սրբազան Հայր, շնորհաւորութիւններ աշխարհի Հարաւը կատարած Ձեր առաջին պապական ճամբորդութեան առթիւ։ Տեսանք մեծ խանդավառութիւն եւ, կրնամ ըսել, նոյնիսկ ցնծութիւն։ Կ’երեւակայեմ, որ ասիկա Ձեզի համար ալ յուզիչ էր։ Կ’ուզէի գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Միւնիխի եւ Ֆրայզինկի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Ռայնհարտ Մարքսին որոշումը՝ իր թեմին մէջ նոյնասեռ զոյգերուն օրհնութեան արտօնութիւն տալու վերաբերեալ։ Եւ նկատի առնելով մշակութային ու աստուածաբանական տարբեր հայեացքները, յատկապէս Ափրիկէի մէջ, ինչպէ՞ս կը մտադրէք պահպանել Տիեզերական Եկեղեցւոյ միասնութիւնը այս հարցին շուրջ։

Նախ եւ առաջ, կը հաւատամ, որ շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ Եկեղեցւոյ միասնութիւնը կամ բաժանումը պէտք չէ դառնայ սեռային հարցերու շուրջ։ Մենք հակամէտ ենք կարծելու, թէ երբ Եկեղեցին բարոյականութեան մասին կը խօսի, միակ բարոյական թեման սեռայինն է։ Իրականութեան մէջ կը հաւատամ, որ կան շատ աւելի մեծ ու կարեւոր հարցեր, ինչպէս՝ արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, այր մարդոց եւ կիներու ազատութիւնը, կրօնական ազատութիւնը, որոնք պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլան այդ մասնաւոր հարցին նկատմամբ։

Սուրբ Աթոռը արդէն խօսած է գերմանացի եպիսկոպոսներուն հետ։ Սուրբ Աթոռը յստակեցուցած է, որ մենք համաձայն չենք զոյգերու — այս պարագային նոյնասեռ զոյգերու, ինչպէս Դուք հարցուցիք — կամ կանոնակարգէ դուրս գտնուող զոյգերու պաշտօնականացուած օրհնութեան հետ, բացի այն յատուկ արտօնութենէն, որ տրուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ըսելով՝ որ բոլոր անհատները ստանան օրհնութիւնը։ Երբ քահանայ մը Սուրբ Պատարագի աւարտին օրհնութիւն կու տայ, երբ Պապը օրհնութիւն կու տայ այսօրուան նման մեծ արարողութեան մը աւարտին, կան օրհնութիւններ բոլոր մարդոց համար։

Ֆրանչիսկոսի հռչակաւոր արտայայտութիւնը՝ «բոլորը, բոլորը, բոլորը» (tutti, tutti, tutti), կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ այն համոզումը, որ բոլորը ընդունուած են, բոլորը հրաւիրուած են, բոլորը հրաւիրուած են Յիսուսի հետեւելու եւ բոլորը հրաւիրուած են իրենց կեանքին մէջ դարձի (ապաշխարութեան) ուղին փնտռելու։ Այսօր ասկէ անդին երթալը, կը հաւատամ, կրնայ աւելի շատ պառակտում պատճառել, քան միասնութիւն, եւ մենք պէտք է ջանանք մեր միասնութիւնը կառուցել Յիսուս Քրիստոսի եւ այն ամէնուն վրայ, ինչ որ Յիսուս Քրիստոս կը սորվեցնէ։ Ասիկա է իմ պատասխանս ձեր հարցումին։

Աննալիզ Թակարթ (Newsmax TV). Սրբազան Պապ, այս ուղեւորութեան ընթացքին դուք խօսեցաք այն մասին, թէ ինչպէս մարդիկ արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին։ Ճիշդ այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Իրանը մահապատիժի ենթարկած է ընդդիմութեան հերթական անդամը, եւ ասիկա տեղի կ’ունենայ այն ժամանակ, երբ վարչակարգը հրապարակաւ կախաղան հանած է բազմաթիւ այլ անձեր եւ սպանած՝ իր սեփական հազարաւոր քաղաքացիները։ Կը դատապարտէ՞ք այս գործողութիւնները։ Պատգամ մը ունի՞ք իրանեան վարչակարգին։

Ես կը դատապարտեմ բոլոր անարդար գործողութիւնները։ Կը դատապարտեմ մարդոց սպանութիւնը։ Կը դատապարտեմ մահապատիժը։ Կը հաւատամ, որ մարդկային կեանքը պէտք է յարգուի, եւ բոլոր մարդոց կեանքը՝ յղացումէն մինչեւ բնական մահ, պէտք է յարգուի ու պաշտպանուի։ Հետեւաբար, երբ վարչակարգ մը, երբ երկիր մը կը կայացնէ որոշումներ, որոնք անարդարօրէն կը խլեն այլոց կեանքը, ատիկա ակնյայտօրէն դատապարտելի բան մըն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 19:55