Այն մարդը, որ անկումէն ետք կը վերականգնի, աւելի զօրեղ է քան առաջ. Ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ սէրէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետութեան երրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Հասարակածային Կուինէա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը հանգրուան կատարեց նաեւ Պաթա քաղաք ուր յատուկ այց կատարեց Պաթայի բանտ, որ ծանօթ է, որպէս խիստ կալանավայր։
Բանտ ժամանելու Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Երկրի Արդարութեան Նախարար Տիար Ռեճինալտօ Մպա Նտոնկ Անկուեզոմոյի, Բանտի տնօրէնի, Բանտի Մատրանապետի եւ բանտի աշխատաւորներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ան ապա Բանտի ներքին բակին մէջ հանդիպում ունեցաւ կալանաւորներու, բանտի աշխատակիցներու եւ հովուական ծառայութեամբ զբաղող անձանց հետ։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ բարի գալուստի երգեցողութեամբ որուն հետեւեցաւ բանտի տնօրէնին բարի գալուստի խօսքը որուն յաջորդեց բանտարկեալի մը վկայութիւնը ապա Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին պատգամը։
Սրբազան Պապին պատգամը` Ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ սէրէն
«Որոշ վայրերու մէջ կ'ըսուի, թէ անձրեւը Աստուծոյ օրհնութեան նշանն է։ Խնդրենք, որ այդպէս ըլլայ։ Եւ ապրինք նաեւ այս պահը իբրեւ Աստուծոյ մտերմութեան նշան՝ Աստուած մը, որ քեզ երբեք չի լքեր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով իր ճառին ի տես տեղատարափ անձրեւին ապա աւելցուց. «Այսօր ես այստեղ եմ ձեզի ըսելու շատ պարզ բան մը` ոչ մէկը բացառուած է Աստուծոյ սէրէն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս իր պատմութեամբ, իր սխալներով, իր տառապանքներով, կը շարունակէ թանկարժէք մնալ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ»։
Ան ապա նշեց` թէ« մենք այս մէկը կարող ենք ըսել վստահութեամբ, որովհետեւ զայն մեզի բացայայտեց Յիսուսը, իր վարքով, որ նոյնիսկ ձերբակալուած, դատապարտուած ու անմեղօրէն խաչին վրայ քամուած, մեզ սիրեց մինչեւ վերջ մեզի ցոյց տալով` որ սէրը կարող է փոխել նոյնիսկ ամենակարծր սիրտը»։
Ընտանիքը, համայնքը եւ հաւատքը մեծ ուժ Հասարակածային Կուինէայի մէջ
Սրբազան Պապը հուսկ շեշտեց թէ Հասարակածային Կուինէան մշակոյթներով եւ աւանդութիւններով հարուստ ազգ մըն է, ուր ընտանիքը, համայնքը եւ հաւատքը մեծ ուժ կը ներկայացնեն։
Արդարութիւնը միայն պատիժ չէ
«Դուք ալ մաս կը կազմէք այս Երկրին» ըսաւ Ան հաստատելով որ` «արդարութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն պատժելով, այլ նախ եւ առաջ պէտք է քաջալերէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ օգնէ վերակառուցելու զոհերուն, յանցաւորներուն եւ վիրաւոր համայնքներուն կեանքը»։
Իսկական արդարութիւնը, արդարեւ, կապուած է հաշտութեան եւ կը պահանջէ հաւաքական յանձնառութիւն՝ թէ՛ բանտերէն ներսը եւ թէ՛ անոնցմէ դուրս։ «Այս գործընթացը կը ներգրաւէ ամբողջ հասարակութիւնը՝ կանխարգիլելու եւ դարմանելու համար անարդարութիւնները» նշեց ի միջի աղլոց Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց` թէ ինք անոնց կ՛ուզէ խօսիլ յոյսի եւ փոփոխութեան մասին։
Յոյս եւ փոփոխութիւն
«Բանտը, թէեւ դժուար վայր մըն է, կրնայ դառնալ մտածումի, հաշտեցման եւ անձնական աճի առիթ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. կարեւոր համարելով, որ բանտարկեալներուն հնարաւորութիւն տրուի ուսանելու եւ աշխատելու արժանապատիւ կերպով։
«Կեանքը արդարեւ սխալներով չի սահմանուիր... այլ միշտ ալ կայ վերականգնումի եւ սորվելու նոր մարդ դառնալու հնարաւորութիւնը» հաստատեց Քահանայապետը ներկաներուն ապահովեցնելով` որ միայնակ չեն ու թէ շատեր զանոնք կը սիրեն ու կը սպասեն «այդ պատերէն անդին» ու կ՛աղօթեն նաեւ իրենց համար։
Եկեղեցին ձեր կողքին է
«Եկեղեցին եւս ձեր կողքին է» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց զանոնք մտածելու Հասարակածային Կուինէային, անոր երիտասարդներուն` որոնք կարիքն ունին համբերութեան, պատասխանատուութեան եւ հաւատքի օրինակներու։ Ամէն մէկ հաշտեցման ջանք, ամէն բարի գործ կրնայ դառնալ յոյսի փոքրիկ բոց մը ուրիշներուն համար», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ուզեց նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել բանտին մէջ աշխատողներուն, որոնց «ծառայութիւնը, հիմնական է, երբ կը համատեղէ անվտանգութիւնը, յարգանքը եւ մարդասիրութիւնը՝ ապահովելով անհրաժեշտ կարգը, որպէսզի բանտարկեալները առաջնորդուին վեր-ընդելուզման եւ իրենց կեանքի վերակառուցման ուղիին մէջ։
Թոյլ մի տաք` որ անցեալը ձեզմէ խլէ ապագայի յոյսը
«Սիրելի եղբայրներ Աստուած երբեք չի յոգնիր ներելէ։ Ան միշտ ալ կը բանայ նոր դուր մը անոր առջեւ որ կ՜ընդունի իր սխալները եւ կ՛ուզէ փոխուիլ։ Թոյլ մի տաք` որ անցեալը ձեզմէ խլէ ապագայի յոյսը։ Ամէն օր կարող է դառնալ նոր սկիզբ մը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով այդ ուղեւորութիւնը յանձնելու Ողորմութեան Մայր` Սուրբ Կողս Մարիամին, որպէսզի առաջնորդէ բոլորին կեանքերը, մխիթարէ սրտերը ու պաշտպանէ ընտանիքները։
«Այսօր կ’ուզեմ վստահեցնել ձեզի իմ մօտիկութիւնս եւ աղօթքս՝ ձեր եւ ամբողջ Հասարակածային Կուինէայի ժողովուրդին համար։ Եւ միշտ յիշեցէք.․ այն մարդը, որ կը վերականգնի անկումէն ետք, աւելի զօրեղ է քան առաջ։ Թող Տէրը ձեզի շնորհէ խաղաղութիւն, յոյս եւ նոր սկսելու ուժ։ Շնորհակալութիւն» եղան Սրբազան Պապին Պաթայի բանտին մէջ արտասանած ճառին եզրափակիչ խօսքերը որմէ ետքը ան հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթելու Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
