Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Պաթա. Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը՝ 2021-ի ողբերգական պայթումի զոհերուն համար

Հասարակածային Կուինէա կատարած իր առաքելական այցելութեան նախավերջին օրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Պաթա քաղաքին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց այն յուշարձանին առջեւ, որ նուիրուած է հինգ տարի առաջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումի զոհերուն եւ վիրաւորներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Հասարակածային Կուինէա կատարած իր առաքելական այցելութեան նախավերջին օրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Պաթա քաղաքին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց այն յուշարձանին առջեւ, որ նուիրուած է հինգ տարի առաջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումի զոհերուն եւ վիրաւորներուն։

2021 թուականի մարտ 7-ին, Նքոանթոմա (Nkoantoma) ռազմական խարիսխին մէջ պատահած աղէտը խլեց աւելի քան 100 մարդու կեանք եւ վիրաւորեց շուրջ 600 հոգի։ Չնայած տեղատարափ անձրեւին, Նորին Սրբութիւնը իջաւ իր ինքնաշարժէն եւ գլխիկոր, ձեռքերը միացուցած, պահ մը առանձնացաւ լուռ աղօթքի մէջ՝ օրհնելով այս վայրը, որ կը կրէ երկրի պատմութեան ամենացաւալի վէրքերէն մէկը։

Պայթումին բուն պատճառները մինչեւ օրս կը մնան անյայտ. կը կարծուի, թէ մօտակայ դաշտերուն մէջ բռնկած հրդեհը հասած էր անփութօրէն պահեստաւորուած զինամթերքին։ Ողբերգութիւնը աւելի եւս ծանրացած էր տեղական ենթակառոյցներու եւ հիւանդանոցներու անպատրաստութեան պատճառով, որոնք դժուարացած էին դիմագրաւել վիրաւորներու հսկայական թիւը։
Այս ծանր պահուն, քրիստոնէական սիրոյ վկայութիւնը եղաւ վճռական։ Բազմաթիւ կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ անմիջապէս օգնութեան հասան աւելի քան հազար տեղահանուածներու։ Կաթողիկէ ծխական համայնքներն ու դպրոցները իրենց դռները բացին ընտանիքներուն առջեւ՝ տրամադրելով ապաստան եւ յոյս։

Պաթա եւ Պէյրութ

Պաթայի պայթումը յաջորդեց 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին՝ ընդամէնը քանի մը ամիս տարբերութեամբ։ Այս երկու իրադարձութիւնները անմիջապէս ի յայտ բերին սոսկալի նմանութիւններ, ինչպէս՝ բնակելի տարածքներու մէջ պայթուցիկ նիւթերու կառավարման հանդէպ ցուցաբերուած ողբերգական անփութութիւնը եւ զոհերու ու վիրաւորներու ահաւոր թիւը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 13:39