Պամենտան կ’ողջունէ Լեւոն ԺԴ.ը` հաւատքի, խաղաղութեան եւ յոյսի օր մը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Ապրիլ 16-ին կատարեց կարճատեւ, բայց իմաստալից այցելութիւն մը Պամենտա` որ կը հանդիսանայ լարուածութիւններէ տուժած շրջանի մը հոգեւոր եւ խորհրդանշական սիրտը։
Օրը սկսաւ առաւօտեան՝ Եաունտէ-Նսիմալէն միջազգային օդակայանէն մեկնումով։ Ազգային օդանաւային ընկերութեան պատկանող Boeing 737-700 օդանաւով կարճ թռիչքէ մը ետք, Քահանայապետը կը ժամանէ Պամենտա, ուր զինք կը դիմաւորեն տեղական իշխանութիւններն ու համայնքի ներկայացուցիչները։
Հանդիպում յանուն խաղաղութեան՝ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
Անոր Պամենտայի մէջ առաջին կարեւոր հանգրուանը` Սուրբ Յովսէփ Մայր Եկեղեցին պիտի ըլլայ, որ վերջերս վերանորոգուած է եւ կը խորհրդանշէ տեղական կրօնական կեանքը։ Քահանայապետը այնտեղ կը մասնակցի խաղաղութեան նուիրուած միջկրօնական եւ համայնքային հանդիպումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւեր, աւանդական առաջնորդներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ ներկայացուցիչներ, կրօնաւորուհիներ եւ հակամարտութենէն տուժած ընտանիքներ, որոնցմէ ոմանք ներկայացուցին իրենց կեանքէն վկայութիւններ։
Արդարեւ Պամենտայի Արքեպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքէն ետքը վկայութիւններ կը փոխանցունին Մանքոնի Գերագոյն աւանդական առաջնորդ Ֆոն Ֆրու Ազաահ Անկվաֆոր Դ.-ի, Երիցական եկեղեցւոյ վաստակաւոր պատասխանատու՝ Ֆոնքի Սամուէլ Ֆորպայի, ապա Պուէայի Կեդրոնական Մզկիթի Իմամ` Մոհամմատ Ապուպաքրի, հուսկ կրօնաւորուհի քոյր Քարին Թանկիրի Մակույի եւ ի վերջոյ ներքին տեղահանուած ընտանիքի մը կողմէ` Տենիս Սալօ, իր կնոջ եւ իրենց երեք զաւակներուն հետ։
Հանդիպումը կը կնքուի եօթը աղաւնիներու արձակման խորհրդանշական արարքը` մարմնաւորելու համար առանց բռնութեան ապագայի մը յոյսը։
Սուրբ Պատարագ՝ յանուն արդարութեան եւ հաշտութեան
Յետմիջօրէին, շուրջ 20,000 հաւատացեալներ կը մասնակցին Պամենտայի օդակայանին մէջ Սրբազան Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին։
Առաջնորդարանին մէջ մտերմիկ ճաշէն եւ իշխանութիւններուն ուղղուած վերջին ողջոյններէն ետք, Պապը երեկոյեան կը վերադառնայ Եաունտէ՝ եզրափակելով խորհրդանշական ուխտագնացութեան այս օրը։
Պամենտայի հանգրուանը այսպիսով կը հաստատուի իբրեւ ճամբորդութեան ամենակարեւոր պահերէն մէկը. հզօր հրաւէր մը՝ ուղղուած խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ տեղական համայնքներու դերակատարութեան՝ աւելի արդար ապագայ մը կերտելու գործին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
