Մարեմեան աղօթքին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւատացեալներ Մարեմեան աղօթքին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւատացեալներ  (@Vatican Media)

Հիւլէական ուժանիւթի ամէն տեսակ գործածութիւն ըլլայ ի սպաս կեանքին եւ խաղաղութեան. Լեւոն Պապը

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց Չեռնոպիլի ողբերգական դէպքին 40-րդ տարելիցը եւ խնդրեց աղօթքով ընկերանայ այսօր առաւօտեան ձեռնադրուած քահանաներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի` 26 Ապրիլ 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ.ը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանելէ ետք Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, որուն սկիզբը յիշեց Չերնոպիլի ողբերգութիւնը ըսելով. «Այսօր Չեռնոպիլի ողբերգական դէպքին 40-րդ տարելիցն է, որ իր դրոշմը ձգեց մարդկութեան խիղճին վրայ։ Ան կը մնայ որպէս ազդարարութիւն՝ այն վտանգներու մասին` որոնք կը հային հետզհետէ աւելի հզօրացող արհեստագիտութեանց օգտագործման։ Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնենք զոհերը եւ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը տառապին անոր հետեւանքներէն։ Կը մաղթեմ, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ կայացուծ որոշումներու ընթացքին միշտ գերակշռեն խոհեմութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, որպէսզի հիւլէական ուժանիւթի ամէն տեսակ գործածութիւն ըլլայ ի սպաս կեանքին եւ խաղաղութեան»։

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով Հռոմի թեմի նորընծայ քահանաներուն հարազատներուն եւ բարեկամներուն, «որոնք այս առաւօտ ձեռնադրեցի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով միշտ աղօթքով ընկերակնելու «Աւետարանի այս երիտասարդ պաշտօնեաներուն»։

Ան առ այդ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2026, 12:21