Ափրիկէն հրատապ կարիքն ունի՝ յաղթահարելու հակամարտութիւններն ու բաժանումները. Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետը հանդիպեցաւ Անկոլայի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ. «Կու գամ ձեզի՝ հանդիպելու ձեր ժողովուրդին, իբրեւ ուխտաւոր մը, որ կը փնտռէ Աստուծոյ անցքերուն հետքերը այս հողին վրայ, զոր Ինք սիրած է։ Կը փափաքիմ ձեզի հանդիպիլ խաղաղութեան ձրիութեան մէջ եւ ընդունիլ, որ ձեր ժողովուրդը կը տիրապետէ այնպիսի գանձերու, որոնք ո՛չ ենթակայ են վաճառքի, ո՛չ ալ գողութեան։ Մասնաւորաբար, ան իր մէջ ունի ուրախութիւն մը, զոր նոյնիսկ ամենադժուարին պարագաները չեն կրցած մարել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 18 Ապրիլին Սրբազան Պապը եզրափակելով Քամերունի հանգրուանը ժամանեց Անկոլայի Մայրաքաղաք Լուանտա, ուր առաջին պաշտօնական հանդիպումը ունեցաւ Երկրի նախագահին ապա տեղական քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ` անոնց փոխանցելով Անկոլայի ճամբորդութեան առաջին պատգամը որուն մէջ ամփոփեց ճամբորդութեան նպատակը ու քաջալերանքի խօսքերը։

Մօտիկութիւն բնական աղէտներէ տուժածներուն

Շնորհակալութիւն յայտնելով երկիրը այցելելու հրաւէրին համար Սրբազան Պապը ուզեց նախ իր աղօթքները վստահեցնել Պենկուելա (Benguela) նահանգին մէջ տեղի ունեցած սաստիկ անձրեւներու եւ հեղեղումներու զոհերուն, ինչպէս նաեւ իր մօտիկութիւնը յայտնել այն ընտանիքներուն, որոնք կորսնցուցին իրենց տուները։ «Գիտեմ նաեւ, որ դուք՝ անկոլացիներդ, միացած էք զօրակցութեան մեծ շղթայով՝ ի նպաստ տուժածներուն»։

Եկած եմ որպէս ուխտաւոր՝ արժեւորելու Անկոլայի ժողովուրդին հոգեւոր ու մարդկային հարստութիւնը

Քահանայապետը ապա ըսաւ. «Կու գամ ձեզի՝ հանդիպելու ձեր ժողովուրդին, իբրեւ ուխտաւոր մը, որ կը փնտռէ Աստուծոյ անցքերուն հետքերը այս հողին վրայ, զոր Ինք սիրած է։ Կը փափաքիմ ձեզի հանդիպիլ խաղաղութեան ձրիութեան մէջ եւ ընդունիլ, որ ձեր ժողովուրդը կը տիրապետէ այնպիսի գանձերու, որոնք ո՛չ ենթակայ են վաճառքի, ո՛չ ալ գողութեան։ Մասնաւորաբար, ան իր մէջ ունի ուրախութիւն մը, զոր նոյնիսկ ամենադժուարին պարագաները չեն կրցած մարել։ Այս ուրախութիւնը, որ կը ճանչնայ նաեւ ցաւը, վրդովմունքը, յուսախաբութիւններն ու պարտութիւնները, կը դիմանայ ու կը վերածնի անոնց մօտ, որոնք իրենց սիրտն ու միտքը ազատ պահած են հարստութեան խաբկանքէն։ Դուք լաւ գիտէք, որ շատ յաճախ նայած են ու կը նային ձեր տարածաշրջաններուն՝ բան մը տալու կամ, աւելի յաճախ, բան մը խլելու համար։ Հարկաւոր է խզել շահերու այս շղթան, որ իրականութիւնն ու նոյնիսկ կեանքը կը վերածէ առուտուրի առարկայի»։

Ափրիկէն ամբողջ աշխարհին համար ուրախութեան եւ յոյսի պահեստ

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ` որ «Ափրիկէն ամբողջ աշխարհին համար ուրախութեան եւ յոյսի պահեստ մըն է» , զորս ինք բնորոշեց «քաղաքական» առաքինութիւններ, ապա հաստատեց` թէ «ժողովուրդի մը իմաստութիւնը թոյլ չի տար, որ որեւէ գաղափարախօսութիւն զինք մարէ»։

«Ես այստեղ եմ, ձեր մէջ, ի սպաս այն լաւագոյն կորովին, որ կը խանդավառէ անհատներն ու համայնքները, որոնցմով կազմուած է Անկոլայի գունագեղ խճանկարը» ըսաւ ապա Քահանայապետը իղձ յայտնելով` «մտիկ ընել եւ քաջալերել անոնք, որոնք արդէն ընտրած են բարին, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու հաշտութիւնը։ Միաժամանակ, բարի կամք ունեցող միլիոնաւոր այրերու եւ կիներու հետ միասին, որոնք այս երկրի առաջնակարգ հարստութիւնն են, կ’ուզեմ նաեւ հայցել դարձն անոնց, որոնք կ’ընտրեն հակառակ ճամբաներ եւ կ’արգելակեն անոր ներդաշնակ ու եղբայրական զարգացումը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Լեւոն ԺԴ. դատապարտեց հզօր ուժերու կողմէ նիւթական պաշարներու շահագործումը

Ան ապա դատապարտեց հզօր ուժերու կողմէ նիւթական պաշարներու շահագործումը, «ինչ որ պատճառ կը դառնայ տառապանքի, մահերու, ինչպէս նաեւ ընկերային ու բնապահպանական ծանր վնասներու» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ քննադատեց զարգացման անարդար տիպարը, որ կը մեկուսացնէ ու կը խտրականացնէ, բայց տակաւին կը ներկայանայ իբրեւ միակ կարելի տարբերակը։

Յիշելով հուսկ Պօղոս Զ. Պապին խօսքերը Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երիտասարդներուն փոփոխութեան ձգտումը որմէ մեկնելով արժեւորեց ափրիկեան մշակոյթներու իմաստութիւնը, որոնք արարչագործութիւնը կը տեսնեն իբրեւ ներդաշնակութիւն՝ բազմազանութեան մէջ. ներդաշնակութիւն մը, որ յաճախ կը խաթարուի շահագործումներու եւ տիրապետող գաղափարներու պարտադրանքին պատճառով։

Ափրիկէն հրատապ կարիքն ունի՝ յաղթահարելու հակամարտութիւններն ու բաժանումները

«Ափրիկէն հրատապ կարիքն ունի՝ յաղթահարելու հակամարտութիւններն ու բաժանումները», նշեց Սրբազան Պապը երկխօսութիւնն ու հանդիպումը ներկայացնելով որպէս  աւելի արդար համակեցութիւն մը աղբիւր

Ան ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը.

«Հակամարտութեան դիմաց ոմանք պարզապէս կը նային ու կ’անցնին այնպէս՝ որպէս թէ ոչինչ պատահած ըլլար, ձեռքերնին կը լուան, որպէսզի կարենան շարունակել իրենց կեանքը։ Ուրիշներ հակամարտութեան մէջ կը մտնեն այնպիսի ձեւով մը, որ անոր գերին կը դառնան, կը կորսնցնեն հորիզոնը, իրենց շփոթն ու դժգոհութիւնը կ’արտացոլացնեն հաստատութիւններուն վրայ, եւ այսպիսով՝ միութիւնը անկարելի կը դառնայ։ Սակայն կայ երրորդ ձեւ մը, ամենայարմարը, հակամարտութեան դիմաց կանգնելու համար։ Այն է՝ ընդունիլ կրել հակամարտութիւնը, լուծել զայն եւ վերածել նոր գործընթացի մը զօդող օղակին։ “Երանի՜ խաղաղարարներուն” (Մատթ. 5,9)» (Առաքելական յորդորակ՝ Evangelii Gaudium, 227)։

Չմարել երիտասարդներուն տեսլականները եւ տարեցներուն երազները

«Անկոլան կարող է մեծապէս աճիլ, եթէ նախ եւ առաջ դուք, որ երկրին մէջ իշխանութիւն ունիք, հաւատաք անոր հարստութեան բազմազանութեան» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. քաջալերելով ներկաները «չվախնալու տարակարծութենէն», «չմարելու երիտասարդներուն տեսլականները եւ տարեցներուն երազները», ու գիտնալ հակամարտութիւնները կառավարել՝ զանոնք վերածելով նորոգութեան ուղիներու։

Գերադասել հասարակաց բարիքը հատուածական շահերուն

«Հասարակաց բարիքը գերադասեցէ՛ք հատուածական շահերուն՝ երբեք չշփոթելով ձեր կողմը ամբողջին հետ։ Այդ ատեն պատմութիւնը ձեզի իրաւունք պիտի տայ, նոյնիսկ եթէ մօտիկ ապագային ոմանք ձեզի թշնամանան» եղան Նորին Սրբութեան յորդորական խօսքերը։

Ուրախութիւնն ու յոյսը ընկերային ուժեր

Ան ապա խօսեցաւ ուրախութեան եւ յոյսի մասին նշելով` որ անոնք պարզապէս անձնական զգացումներ չեն, այլ ընկերային ուժեր, որոնք ունակ են հակազդելու յուսահատութեան, վախին ու կրաւորականութեան։

«Բռնատիրական իշխանութիւնները կը սնանին տրտմութեամբ եւ անվստահութեամբ՝ մարդիկը հնազանդ ու բաժան-բաժան պահելու համար՝ քաջալերելով մոլեռանդութիւնը, հպատակութիւնն ու անտարբերութիւնը հասարակաց բարիքին հանդէպ... Մինչդեռ ճշմարիտ ուրախութիւնը կ’ազատագրէ այս վիճակէն. անիկա պարգեւ մըն է, որ կը զօրացնէ կեանքը, կը խթանէ յարաբերութիւնները եւ կը մղէ սատարելու հասարակաց բարիքին՝ արժեւորելով իւրաքանչիւր անձ։ Առանց ուրախութեան չկայ փոփոխութիւն, առանց ներաշխարհի չկայ ազատութիւն, առանց հանդիպումի չկայ քաղաքականութիւն, եւ առանց դիմացինին հետ յարաբերութեան՝ չկայ արդարութիւն», յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը որ ապա հաստատեց թէ «Կաթողիկէ եկեղեցին կը փափաքի ըլլալ թթխմոր՝ խթանելու համար համակեցութեան արդար կենցաղի մը աճը եւ վերցնելու համապարփակ մարդկային զարգացման առջեւ ծառացած խոչընդոտները։

Վերցնել համապարփակ մարդկային զարգացման առջեւ ծառացած խոչընդոտները

«Եկէ՛ք վերցնենք համապարփակ մարդկային զարգացման առջեւ ծառացած խոչընդոտները՝ պայքարելով եւ յուսալով անոնց հետ միասին, որոնք աշխարհի կողմէ մերժուած են, բայց Աստուծոյ կողմէ՝ ընտրուած։ Արդարեւ, այսպէս ծագեցաւ մեր յոյսը. «Այն քարը, որ կառուցողները անարգեցին, անիկա անկիւնաքար եղաւ» (Սաղմ. 118,22)՝ Յիսուս Քրիստոս, մարդուն եւ պատմութեան լիութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 18:13