«Եղէ՛ք խողովակներ եւ ոչ թէ զտիչներ». Լեւոն ԺԴ. Պապին յորդորը նորօծ քահանաներուն

«Այն համայնքները, ուր պիտի ղրկուիք, վայրեր են՝ ուր Յարուցեալը արդէն ներկայ է, ուր շատեր արդէն հետեւած են իրեն օրինակելի ձեւով։ Պիտի ճանչնաք իր վէրքերը, պիտի զատորոշէք իր ձայնը, պիտի գտնէք անոնց որ զայն ձեզի պիտի մատնանշեն։ Ասոնք այնպիսի համայնքներ են, որոնք պիտի օգնեն նաեւ ձեզի՝ սուրբ դառնալու։ Եւ դուք օգնեցէ՛ք անոնց միասնաբար քալելու Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին ետեւէն, որպէսզի ըլլան վայրեր՝ պարտէզներ՝ այն կեանքին, որ վերստին կը յառնէ ու կը հաղորդուի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 26 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց տասը նորընծաներու քահանայական ձեռնադրութեան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը` Կոչումներու համար աղթքի համաշխարհային 63րդ օրուան առիթով։

Արարողութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը արտասանեց բովանդակալից քարոզ մը՝ անդրադառնալով քահանայական կոչումի էութեան մեկնելով օրուան Աւետարանէն որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն` (Գլ. 10, 10-11) որուն մէջ Յիսուս նախ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ոչխարներուն դուռը զգուշացնելով գողերէն եւ աւազակներէն, ապա կը հաստատէ «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան»։

Առատ կեանքը կը ծնի հանդիպումէն

Յղում կատարելով Յովհաննէսի վերոնշեալ Աւետարանին՝ Սրբազան Պապը յիշեցուց, թէ Քրիստոսի առաքելութիւնն է պարգեւել «առատ կեանք»։ Կեանք մը, որ չի մնար անհատական, այլ անմիջապէս կը բացուի դէպի համայնքը։ Նորընծայ քահանաներուն համար ասիկա կը նշանակէ խորապէս արմատաւորուիլ Քրիստոսի մէջ՝ աւելի արմատական կերպով մարդկութեան պատկանելու համար։

«Քահանայութիւնը փախուստ չէ աշխարհէն, այլ ընկղմում իրական կեանքին մէջ. սէր մը, որ ամուսիններու սիրոյն նման պէտք է պահպանուի, նորոգուի եւ ժամանակի ընթացքին պտղաբեր դառնայ» նշեց Սրբազան Պապը ընդգծելով, թէ անոնք «կոչուած են սիրելու իւրայատուկ, նուրբ ու դժուար ձեւով մը, եւ աւելին՝ թոյլ տալու, որ զիրենք սիրեն ազատութեան մէջ։ Ձեւ մը, որ կրնայ ձեզ պատրաստել՝ լաւ քահանաներ ըլլալէ զատ, ըլլալու նաեւ ազնիւ ու պատրաստակամ քաղաքացիներ, խաղաղութեան եւ ընկերային բարեկամութեան կերտիչներ», յարեց Քահանայապետը։

Չվախնալ իրականութենէն

Քարոզին երկրորդ առանցքային կէտը կը վերաբերէր Աւետարանի իրապաշտութեան։ Յիսուս Քրիստոս չի նայիր չարիքին որպէս գոյութիւն չունեցող երեւոյթ մը, այլ կը դիմագրաւէ զայն՝ առանց հրաժարելու Իր առաքելութենէն։

Այսօր եւս, վախերու, անապահովութեան եւ ընկերային լարուածութեան մէջ, քահանան կոչուած է ըլլալու խաղաղութեան նշան։

«Իրականութիւնը պէտք չէ մեզ վախցնէ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ յիշեցնելով, թէ ապահովութիւնը չի գար տիտղոսէն կամ դիրքէն, այլ Քրիստոսի կեանքին, մահուան եւ յարութեան մասնակից դառնալէն։

Համայնքները որպէս «կեանքի պարտէզներ»

Ան ապա Քրիստոնէական համայնքները նկարագրեց որպէս վայրեր, ուր Յարուցեալը արդէն ներկայ է. հաղորդութեան իսկական «պարտէզներ»։

«Այն համայնքները, ուր պիտի ղրկուիք, վայրեր են՝ ուր Յարուցեալը արդէն ներկայ է, ուր շատեր արդէն հետեւած են իրեն օրինակելի ձեւով։ Պիտի ճանչնաք իր վէրքերը, պիտի զատորոշէք իր ձայնը, պիտի գտնէք անոնց որ զայն ձեզի պիտի մատնանեն։ Ասոնք այնպիսի համայնքներ են, որոնք պիտի օգնեն նաեւ ձեզի՝ սուրբ դառնալու։ Եւ դուք օգնեցէ՛ք անոնց միասնաբար քալելու Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին ետեւէն, որպէսզի ըլլան վայրեր՝ պարտէզներ՝ այն կեանքին, որ վերստին կը յառնէ ու կը հաղորդուի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով որ` Քահանային պարտականութիւնն է քաջալերել հանդիպումը, միաւորել տարբերութիւնները եւ կառուցել յարաբերութիւններ։

«Ես եմ դուռը». բաց Եկեղեցի մը

Սրբազան Պապը հուսկ կեդրոնացաւ աւետարանական «դռան» պատկերին վրայ հրաւիրելով քահանաները չըլլալ արգելք, այլ՝ անցք դէպի Քրիստոս։

«Դուք խողովակ էք եւ ոչ թէ զտիչ», ըսաւ ան շեշտակիօրէն։ Այս պատկերը կ՚ամփոփէ հիւրընկալ Եկեղեցւոյ տեսլականը, որ կարող է ներս ընդունիլ եւ նաեւ դուրս գալ դէպի աշխարհ։

Յիսուս արդարեւ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «դուռ» մը, որ կ’առաջնորդէ դէպի փրկութիւն՝ առանց սահմանափակելու մարդոց ազատութիւնը։ Ի տարբերութիւն այլ պատկանելիութիւններու, որոնք կրնան բանտարկել մարդը, Իր առաջարկը թոյլ կու տայ ազատօրէն ներս մտնել եւ դուրս ելլել՝ գտնելով սնունդ եւ կեանք։ Հետեւաբար, Եկեղեցին աշխարհէն մեկուսացնող վայր մը չէ, այլ բաց տարածք մը, որ կ’ընկերակցի մարդոց՝ ապաստան, հանգիստ եւ իմաստ փնտռելու իրենց ճամբուն վրայ, առանց ամբողջ կեանքը միայն իր մէջ սպառելու», նկատել տուաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։

Ելլել՝ կեանքին հանդիպելու համար

Ան առ այդ յորդորեց նորընծայ քահանաներուն եւս չփակուելու եկեղեցական կառոյցներուն մէջ, այլ դուրս գալու դէպի մշակոյթը եւ մարդոց առօրեայ կեանքը։

Ընտանիքները, երիտասարդները, տարեցներն ու հիւանդները այն «արօտավայրերն» են, որոնք պէտք է ճանչնալ եւ հոն ապրիլ։

«Երբեմն ձեզի պիտի թուի, թէ չունիք քարտէսները։ Սակայն զանոնք ունի Բարի Հովիւը, որուն այնքա՜ն հարազատ ձայնը պէտք է լսել։ Որքա՜ն մարդիկ այսօր իրենք իրենց մոլորած կը զգան։ Շատերուն կը թուի, թէ այլեւս չեն կրնար կողմնորոշուիլ։ Ուստի չկայ աւելի թանկագին վկայութիւն, քան ան՝ որ կը վստահի Յիսուսին. «Դալար մարգերու մէջ զիս կը հանգչեցնէ ու հանդարտ ջուրերու քով կ’առաջնորդէ։ Իմ հոգիս կը զօրացնէ։ Իր անուան համար զիս արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ» (Սաղմոս 23, 2-3)։

«Դուք անոր վկաներն էք» ըսաւ Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց դարձեալ մէջբերելով սաղմոսերգուին խօսքերը.«Այո՛, բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը քովս պիտի ըլլան կեանքիս բոլոր օրերուն» (Սաղմոս 23, 6)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2026, 09:54