Լեւոն ԺԴ. Եաունտէի մէջ հրաժեշտի պատգամը. «Մի՛ վախնաք, Քրիստոս ձեզի հետ է»

Քահանայապետը Քամերունի իր առաքելական ճամբորդութիւնը եզրափակեց յոյսի պատգամով՝ քաջալերելով հաւատացեալները կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց վստահիլ Քրիստոսի ներկայութեան եւ ըլլալ միասնական։ Ան շեշտեց հաւատքը ընկերային ծառայութեան եւ համերաշխութեան վերածելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ուղղելով զօրակցիլ տկարներուն եւ միասնաբար դիմագրաւել երկրի մարտահրաւէրները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2026-ին, Քամերուն կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Սրբազան Քահանայապետը Եաունտէի օդակայանի տարածքին մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։ Հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Պապը փոխանցեց յոյսի եւ զօրակցութեան պատգամ մը՝ յորդորելով երկրի ժողովուրդը չընկրկիլ կեանքի փոթորիկներուն դիմաց։

Հաւատքը՝ լոյս մութին մէջ

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնեցաւ Յովհաննու Աւետարանէն, ուր Յիսուս ջուրերուն վրայ քալելով կը մօտենայ իր աշակերտներուն։ «Կեանքի մէջ ալ, ինչպէս Գալիլեայի ծովուն վրայ, երբեմն կը թուի թէ վախը մեզ պիտի կլանէ,» ըսաւ Քահանայապետը՝ յիշեցնելով, որ նոյնիսկ ամենամութ վայրկեաններուն Տիրոջ ձայնը կ’արձագանգէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք»։

«Յիսուս մեզի կը մօտենայ. Ան անմիջապէս չի դադրեցներ փոթորիկները, այլ մեզի կը հասնի վտանգներու մէջտեղը, եւ մեզ ալ կը հրաւիրէ, թէ՛ ուրախութիւններու եւ թէ՛ ցաւերու պահուն, ըլլալ միասնական ու համերաշխ, ինչպէս աշակերտները՝ նոյն նաւակին մէջ։ Մեզի կը յորդորէ հեռուէն չդիտել տառապողը, այլ մերձաւոր դառնալ ու իրարու սեղմուիլ։ Ոչ ոք պէտք է առանձին ձգուի կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց, եւ իւրաքանչիւր համայնքի պարտականութիւնն է ստեղծել ու զօրավիգ կանգնիլ համերաշխութեան եւ փոխօգնութեան կառոյցներուն, ուր տագնապներու ժամանակ՝ ըլլան անոնք ընկերային, քաղաքական, առողջապահական թէ տնտեսական՝ իւրաքանչիւրը կարենայ օգնութիւն տալ եւ ստանալ, իր կարողութեան համեմատ եւ ըստ իր կարիքներուն»։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ քրիստոնէական հաւատքը մեզ չի պաշտպաներ դժուարութիւններէ, այլ մեզի ուժ կու տայ զանոնք յաղթահարելու։ «Յիսուս անմիջապէս չի դադրեցներ փոթորիկը, բայց կու գայ ու կը միանայ մեզի նաւակին մէջ,» աւելցուց ան։

Զօրակցութիւն եւ ընկերային արդարութիւն

Անդրադառնալով Քամերունի ընկերային կացութեան, Քահանայապետը կոչ ուղղեց ստեղծելու «զօրակցութեան կառոյցներ»։ Ըստ իրեն, ոչ ոք պէտք է առանձին մնայ իր ցաւին ու կարիքներուն մէջ։

Աղքատութիւն եւ արդարութիւն: Հաւատքը չի կրնար անջատուած մնալ ընկերային կեանքէն։ Պապը յորդորեց քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ մօտենալ երկրի մարտահրաւէրներուն։

Ծառայութիւն: Յիշատակելով Առաքելոց գործերէն առաջին սարկաւագներու ընտրութիւնը, ան նշեց, որ եկեղեցական կառոյցները պէտք է ըլլան ծառայութեան եւ ոչ թէ շահադիտական պայքարներու վայրեր։

Հրաժեշտ Քամերունին

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ Քամերունի Եկեղեցին բնութագրելով որպէս «կենսունակ, երիտասարդ եւ խանդավառ»։

«Այսօր իրարմէ կը բաժնուինք, բայց Քրիստոսի ներկայութիւնը թող միշտ լուսաւորէ ձեր ճամբան,» եզրափակեց ան՝ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ամբողջ երկրին համար։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քարոզիը աւարտեց շնորհակալութեան խօսք ուղղելով եկեղեցական , քաղաքական անձնաւորութիւններուն ինչպէս նեաւ բոլոր հաւատացեալներուն ըսելով.

«Սիրելի՜ եղբայրներ եւ քոյրեր, այս արարողութեամբ կ'աւարտի իմ այցելութիւնս Քամերուն։ Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արքեպիսկոպոսին եւ այս երկրի Եկեղեցւոյ բոլոր Հովիւներուն։

Վերստին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան ամէն ինչ պատրաստելու եւ կազմակերպելու համար։

Շնորհակալութիւն բոլորին, յատկապէս հիւանդներուն, տարեցներուն եւ միանձնուհիներուն, որոնք մատուցեցին իրենց աղօթքները։

Աստուծոյ ժողովուրդ, որ կ'ապրիս ու կը քալես Քամերունի մէջ, մի՛ վախնար։ Ամուր եւ միացած մնա՛ Քրիստոս Տիրոջ հետ։ Իր Հոգիին զօրութեամբ, դուն պիտի ըլլաս այս երկրի աղն ու լոյսը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 10:57