Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Հասարակածային Կուինէան ծարաւ է ապագայի, խաղաղութեան պտուղներու և եղբայրութեան։

Մոնկոմոյի Անարատ Յղութեան տաճարին մէջ մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը շեշտեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց երկրի աւետարանչութեան 170-ամեայ նուիրեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն դառնալու յոյսի եւ արդարութեան կերտողներ՝ յորդորելով զիրենք ծառայեցնել երկրի բարիքներն ու սեփական հաւատքը ի նպաստ համայն մարդկութեան բարօրութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլին, Մոնկոմօ քաղաքի Անարատ Յղութեան տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը գլխաւորեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը՝ աւելի քան 100,000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Հաղորդութիւնը՝ Եկեղեցւոյ կեանքի աղբիւր

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը՝ զայն որակելով որպէս եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան «գագաթնակէտն ու աղբիւրը»։ Ան նշեց, որ Սուրբ Պատարագը պարզ արարողակարգ մը չէ, այլ Քրիստոսի կենդանի ներկայութիւնը, որ կը բացայայտէ Աստուծոյ անհուն սէրը համայն մարդկութեան հանդէպ։

«Այսօր մենք հաւաքուած ենք լսելու Տիրոջ Խօսքը եւ տօնելու այն Յիշատակը, որ մեզի աւանդուած է որպէս հոգեւոր սնունդ», յայտնեց Քահանայապետը՝ դիմելով հաւատացեալներուն։

170-ամեայ Աւետարանութիւն եւ յարգանքի տուրք

Անդրադառնալով երկրի աւետարանչութեան 170-ամեակին՝ Նորին Սրբութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց այն բոլոր առաքելեալներուն, քահանաներուն եւ աշխարհականներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ լուսաւորեցին այս հողերը Աստուծոյ Խօսքով՝ չվախնալով նոյնիսկ չարչարանքներէ։ Ան յիշեցուց Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի պատմական խօսքերը. «Ափրիկեցինե՛ր, այսուհետեւ դուք էք ձեր սեփական առաքեալները»։

Կոչ՝ Յանձնառու Քրիստոնէութեան

Քահանայապետը յորդորեց ներկաներըշարունակել իրենց նախորդներուն հարթած ուղին. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի անձնական յանձնառութիւն, որպէսզի ձեր հաւատքը սնուցանէ ձեր բարեգործական գործունէութիւնն ու պատասխանատուութիւնը՝ ի նպաստ բոլորին բարօրութեան»։

Ապագայի քաղցը եւ յոյսի կերտումը

Խօսելով այսօրուան մարտահրաւէրներուն մասին՝ Լեւոն ԺԴ. հարց տուաւ. «Ի՞նչ բանի քաղցը ունի այս երկիրը այսօր»։ Ան նշեց, որ այցելութեան կարգախօսը՝ «Քրիստոս՝ Հասարակածային Կուինէայի լոյսը, դէպի յոյսի ապագայ», կը պատասխանէ այդ հարցումին։ Ան շեշտեց, որ ապագան կրաւորական սպասում չէ, այլ Աստուծոյ շնորհքով կերտուող իրականութիւն, որ կը պահանջէ իւրաքանչիւրի պատասխանատուութիւնը։

Ընկերային Արդարութիւն եւ Արժանապատուութիւն

Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր մկրտեալներուն դառնալու «նոր մարդկութեան վկաներ» եւ օգտագործելու երկրի բնական հարստութիւնները իբրեւ օրհնութիւն բոլորին համար։ Ան յատուկ շեշտեց անհաւասարութիւններու յաղթահարումը եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց ամենախոցելի խաւերուն՝ աղքատներուն, դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ բանտարկեալներուն վրայ։

Եզրափակիչ Պատգամ

Քարոզի աւարտին Քահանայապետը քաջալերեց հաւատացեալները. «Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, դո՛ւք եղէք յոյսի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան ապագայի կերտողները։ Մի՛ վախնաք Աւետարանը հռչակելէ եւ վկայելէ»։ Ան հայցեց Անարատ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի ներկաները դառնան Քրիստոսի ուրախ եւ առատաձեռն աշակերտները։

Նոր մայր տաճարի հիմնաքարի օրհնութիւնը

Նշենք թէ, Մայր տաճար ժամանելով, Քահանայապետը օրհնեց Մայր տաճարի կառուցման հիմնաքարը ու  սպաներէն լեզուով արտասանեց իր սիրտի խօսքը ըելով.

«Տիրոջմով օրհնուած օր մըն է այսօր։ Հիմա, այս պահուս, բոլորիդ ներկայութեամբ, կը փափաքինք Տիրոջ օրհնութիւնը հայցել ձեզմէ իւրաքանչիւրին և ձեր ընտանիքներուն վրայ. զայն պիտի կատարենք Սուրբ Պատարագի ընթացքին, բայց այս վայրկեանին կ’ուզենք հայցել Տիրոջ օրհնութիւնը այս հիմնաքարին վրայ, որ հոս բերուած է եւ պիտի գործածուի Խաղաղութեան Քաղաքի ապագայ մայր տաճարին կառուցումը սկսելու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2026, 11:12