2026.03.04 Udienza Generale

Իշխանութիւնը նպատակ մը չէ, այլ միջոց՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին

Սրբազան Պապին պատգամը` Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիայի լիագումար նիստին որուն կեդրոնական նիւթն է. «Իշխանութեան գործածութիւնը. օրինականութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ միջազգային կարգի վերաձեւաւորում»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի` 14 Ապրիլին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ այս օրերուն առաքելական ճամբորդութեամբ մեկնած է Ափրիկեան ցամաքամաս, պատգամ մը յղեց 14-էն 16 Ապրիլ 2026-ին գումարուած Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիայի լիագումար նիստի մասնակցողներուն։

«Ուրախութեամբ տեղեկացայ Ընկերային Գիտութիւններու Պապական Ակադեմիայի լիագումար նիստին մասին, որ տեղի կ’ունենայ 14-էն 16 Ապրիլ 2026-ին եւ աղօթքով կ’ուղարկեմ իմ բարեմաղթանքներս բոլոր մասնակիցներուն» գրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ. շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Փիթըր Թիւրքսընին՝ Ակադեմիայի Կանցլըրի իր նուիրեալ ծառայութեան համար ինչպէս նաեւ Ակադեմիայի նախագահ` Քոյր Հելէն Ալֆըրտին, որ ընտրած է հետեւեալ նիւթը՝ «Իշխանութեան գործածութիւնը. օրինականութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ միջազգային կարգի վերաձեւաւորում»։

իշխանութիւնը նպատակ մը չէ, այլ միջոց՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին

«Այս նիւթը չափազանց այժմէական է եւ կը մղէ մեզ մտածելու իշխանութեան գործածութեան մասին՝ որ հիմնարար է խաղաղութեան կառուցման համար թէ՛ ազգերու ներսը եւ թէ անոնց միջեւ՝ այս խոր փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ» գրեց Լեւոն ԺԴ. վերահաստատելով Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուսուցումը` թէ իշխանութիւնը նպատակ մը չէ, այլ միջոց մը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։

«Անոր օրինականութիւնը կախեալ չէ տնտեսական կամ արհեստագիտական ուժէն, այլ այն իմաստութենէն եւ բարոյական առաքինութիւններէն, որոնցմով կը գործադրուի անիկա, յատկապէս՝ արդարութենէն, արիութենէն եւ ժուժկալութենէն» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Կարդա պատգամը ամբողջութեամբ

 

Ժողովրդավարութիւնը հարազատ է միայն երբ հիմնուած է բարոյական արժէքներու եւ անհատի արժանապատուութեան վրայ

Ան ապա անդրադարձ կատարեց ժողովրդավարութեան, զայն սահմանելով «հարազատ» միայն այն պարագային, երբ հիմնուած է բարոյական արժէքներու եւ անհատի արժանապատուութեան վրայ։

Քահանայապետը առ այդ զգուշացուց, որ նման հիմքերու բացակայութեան պարագային, ժողովրդավարութիւնը կրնայ վերածուիլ ընտրեալ փոքրամասնութիւններու (elite) տիրապետութեան կամ մեծամասնական կամայականութիւններու։

Արդար եւ զօրակից միջազգային գործակցութեան հրատապութիւնը

Նայելով համաշխարհային բեմին՝ Սրբազան Պապը շեշտեց միջազգային կարգի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը, խուսափելով ուժի տրամաբանութեան կամ արհեստագիտական ու տնտեսական կեդրոնացումներու գերիշխանութենէն։

Հետեւելով իր նախորդներուն՝ Սրբազան Պապը Ան յիշեցուց աւելի արդար եւ զօրակից միջազգային գործակցութեան հրատապութիւնը։

Սէրը, ողորմութիւնը եւ հաշտութիւնը հիմնարար սկզբունքներ

Ի վերջոյ Ան սէրը, ողորմութիւնը եւ հաշտութիւնը ներկայացուց իբրեւ հիմնարար սկզբունքներ՝ կերտելու համար իրական խաղաղութիւն մը, որ կը հասկցուի ոչ միայն իբրեւ հակամարտութեան բացակայութիւն, այլ իբրեւ արդարութեան եւ համայն մարդկային ընտանիքին մատուցուած ծառայութեան պտուղ։

«Սէրը պէտք է առաջնորդէ մարդկային պատմութիւնը եւ նպաստէ միութեան ու խաղաղութեան վրայ հիմնուած հասարակութեան կառուցման՝ որպէս Աստուծոյ Քաղաքին նախանշան։ Այս բոլորով կը յուսամ, որ ձեր խորհրդածութիւնները նպաստեն իշխանութեան օրինական գործածութեան, ճշմարիտ ժողովրդավարութեան եւ ընդհանուր բարիքին ծառայող միջազգային կարգի յստակեցման» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամի աւարտին, հայցելով որ «Սուրբ Հոգին լուսաւորէ անոնց միտքերը եւ զօրացնէ իրենց ջանքերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2026, 13:44