Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք  (Pixabay)

Լեւոն ԺԴ. Աստուածաշունչի Մեկնաբանութիւնը պէտք է ըլլայ զգայուն՝ տառապողներու ցաւին հանդէպ»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Աստուածաշունչի Յանձնախումբին ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ մարդկային տառապանքն ու հիւանդութիւնը Քրիստոսի չարչարանքներուն լոյսին տակ կը վերածուին իմաստութեան եւ փրկագործական սիրոյ աղբիւրի: Քահանայապետը յորդորեց աստուածաշնչագէտները՝ իրենց գիտական աշխատանքը միացնել մարդկային զօրակցութեան, որպէսզի Սուրբ Գիրքի պատգամը յոյսի եւ սփոփանքի իրական խորհրդանիշ դառնայ բոլոր տառապողներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ապրիլ 13-17, 2026-ին տեղի ունեցող Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնախումբի լիագումար նիստին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Պապը յղեց յատուկ պատգամ մը, ուր կեդրոնացաւ մարդկային տառապանքի, հիւանդութեան եւ սահմանափակութեան խորհուրդին վրայ։

Հիւանդութիւնը որպէս իմաստութեան առիթ

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ թէեւ հիւանդութիւնն ու մահը կրնան հաւատացեալը մղել յուսահատութեան կամ նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացման, սակայն հաւատքի լոյսին տակ անոնք կրնան վերածուիլ իմաստութեան եւ հասունութեան աղբիւրի։ Նորին Սրբութիւնը նշեց որ տառապանքը կ’օգնէ մարդուն զատորոշելու կեանքի մէջ էականը եւ վերադառնալու դէպի Տէրը։

Քրիստոսի կարեկցութիւնը եւ նոյնացումը

Յղում կատարելով Աւետարաններուն, Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց Յիսուսի «կարեկցութիւնը» խեղճերուն, կոյրերուն եւ սգաւորներուն հանդէպ։ «Քրիստոսի կարեկցութիւնը այնքան խորն է, որ Ան Ինքզինք կը նոյնացնէ տառապողին հետ՝ ըսելով. “Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի”», նշեց Սրբազան Հայրը։

Տառապանքը վերածել սիրոյ

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Քրիստոսի չարչարանքներով ու յարութեամբ, ցաւը այլեւս չէ «դաժան ճակատագիր մը», այլ կը վերածուի սիրոյ, փրկագնումի եւ եղբայրական օգնութեան։ Պապը յորդորեց աստուածաշնչագէտները իրենց գիտական հետազօտութիւններուն կողքին միշտ վառ պահել կեանքի փորձառութիւնն ու մարդկային զօրակցութիւնը։

Մարիամ Աստուածածինը՝ որպէս տիպար

Ակնարկ մը կը կատարելով Սուրբ Կոյսին, որ Խաչին տակ բաժնեկից դարձաւ իր Որդւոյն չարչարանքներուն, Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց Պօղոս Առաքեալի խօսքերը, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կրնայ իր սեփական ցաւը միացնել Քրիստոսի զոհաբերութեան՝ ի նպաստ Եկեղեցւոյ։

Յոյսի պատգամ

Աստուածաշունչի յանձնախումբը այս նիստերուն ընթացքին կ’ուսումնասիրէ Աստուածաշունչի այն կերպարները, որոնք անցած են տառապանքի բովէն։ Պապը յոյս յայտնեց, որ այս աշխատանքը դառնայ «յոյսի գեղեցիկ խորհրդանիշ» բոլոր անոնց համար, որոնք այսօր կը տառապին՝ ըլլան անոնք հիւանդներ, աղքատներ թէ գաղթականներ։

Իր պատգամի աւարտին, Քահանայապետը հայցեց Սուրբ Հոգիին լոյսը յանձնախումբի անդամներուն վրայ եւ շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 12:47