Pope Leo XIV visits the Pontifical School Paul VI in Castel Gandolfo

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը Լեւոն ԺԴ. Պապը կը շեշտէ խոցելի անձանց պաշտպանութեան կարեւորութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ կ’ընէ եկեղեցական համայնքներուն ձեւաւորել յարգանքի վրայ հիմնուած վաւերական յարաբերութիւններ, որպէսզի անոնք դառնան անհատի արժանապատուութիւնը երաշխաւորող վստահելի վայրեր։ Ան կը շեշտէ, որ խոցելիներու պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ խորքային մշակոյթ, որ կը պահանջէ զոհերուն անկեղծ մտիկ ընել եւ չարիքի ծանրութիւնը երբեք չնուազեցնել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 16 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլի, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով յատուկ պատգամ մը յղեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի (CEI) նախագահ՝ Կարդինալ Մաթէօ Զուփիին։ Առիթը՝ անչափահասներու եւ խոցելի չափահասներու պաշտպանութեան նուիրուած ազգային երկրորդ համագումարն է, որ տեղի կ'ունենայ այս օրերուն։

Յարաբերութիւններու վերականգնումը որպէս առաքելութիւն

Պատգամին կեդրոնական նպատակն է խթանել «վաւերական յարաբերութիւններու» ստեղծումը եկեղեցական համայնքներէն ներս։ Կարդինալ Փարոլին Պապին անունով նշեց, որ երբ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը կը յարգուին, ծխական համայնքներն ու կազմակերպութիւնները կը դառնան վստահելի վայրեր՝ դաստիարակելու եւ պաշտպանելու համար։

«Յարգանքը պարզապէս քաղաքավարութիւն չէ, այլ սիրոյ պահանջկոտ ձեւ մը. այն է՝ խնամել դիմացինը առանց զայն իւրացնելու, ընկերակցիլ առանց տիրապետելու եւ ծառայել առանց նուաստացնելու»։

Պաշտպանութիւնը՝ ո՛չ միայն օրէնք, այլ մշակոյթ

Լեւոն ԺԴ. Պապը կը յիշեցնէ, որ պաշտպանութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ լոկ կանոններու կամ ընթացակարգերու կիրարկումով։ Այն կը պահանջէ խորքային իմաստութիւն, որ պէտք է ներթափանցէ եկեղեցական իշխանութեան գործադրման, կրթական համակարգի եւ համայնքային կենցաղի մէջ։

Պատգամին մէջ յատուկ անդրադարձ կը կատարուի չարաշահումներու զոհերուն։ Քահանայապետը կը հրաւիրէ Եկեղեցին՝

Չպաշտպանուիլ տառապողներու ցաւէն, այլ լսել զանոնք։

Չնուազեցնել չարիքի ծանրութիւնը։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը քաջալերած է բոլոր պատասխանատուները՝ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը վստահութեամբ, որպէսզի իտալական թեմերուն մէջ ամենատկարներն ու խոցելիները զգան իրենք զիրենք ընդունուած, պաշտպանուած եւ սիրուած։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2026, 16:30