«Առանց քաղաքական պատասխանատուութեան եւ միջազգային կանոններու յարգանքին՝ մարդկութեան ապագան վտանգուած է» Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի «երկու քաղաքներ»ու ընդմէջէն պատմութիւնը կարդալու տեսութեան ` Աստուծոյ քաղաքը որ, յաւիտենական է ու յատկանշուած Անոր անսահման ու անվերապահ սիրով, միացած մերձաւորի եւ աղքատներուն նկատմամբ սիրոյն, եւ եւ երկրային քաղաքը՝ ժամանակաւոր բնակավայր մը, ուր այր եւ կին կ’ապրին մինչեւ մահ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս համար՝ այցելելու Հասարակածային Կուինէայի սիրելի ժողովուրդը»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկսաւ իր ելոյթը` Հասարակածային Կուինէայի Նախագահական Պալատին մէջ Երկրին նախագահին, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ապա յղում կատարեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. խօսքերուն զոր երջանկայիշատակ Քահանայապետը արտասանած էր տարիներ առաջ` 1982-ին Երկրին կատարած այցելութեան առիթով, ճիշտ նոյն նախագահին ուղղած իր ճառին մէջ, որով Նախագահը ներկայացուցած էր որպէս յղման կէտ մը։

Հանրային պատասխանատուութիւն

«Այցելելով այս երկիրը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը ձեզ՝ Պարոն Նախագահ, սահմանեց որպէս «այն խորհրդանշական կեդրոնը, ուր կը միախառնուին ժողովուրդի մը վառ ձգտումները՝ հաստատելու համար ընկերային այնպիսի մթնոլորտ մը, որուն հիմքը իսկական ազատութիւնն է, արդարութիւնը, իւրաքանչիւր անհատի կամ խումբի իրաւունքներու յարգանքն ու խթանումը, ինչպէս նաև կեանքի աւելի լաւ պայմանները, որոնք բոլորին թոյլ կու տան իրագործուելու որպէս մարդիկ և որպէս Աստուծոյ զաւակներ»։ Ասոնք այնպիսի բառեր են, որոնք կը մնան այժմէական և կը մտահոգեն բոլոր անոնք, որոնք հանրային պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ ակնարկեց Վատիկանեան Բ. Ժողովի Gaudium et spes սահմանադրութեան պարզաբանելու համար պատճառներն ու զգացումները, որոնք զինք առաջնորդեցին Հասարակածային Կուինէա` «զօրացնելու հաւատքը և մխիթարելու արագ փոփոխութիւններու մէջ գտնուող այս երկրին ժողովուրդը»։

Սուրբ Օգոստինոսի երկու քաղաքները

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Սուրբ Օգոստինոսի «երկու քաղաքներ»ու ընդմէջէն պատմութիւնը կարդալու սովորութեան ` Աստուծոյ քաղաքը որ, յաւիտենական է ու յատկանշուած Անոր անսահման ու անվերապահ սիրով, միացած մերձաւորի եւ աղքատներուն նկատմամբ սիրոյն, եւ եւ երկրային քաղաքը՝ ժամանակաւոր բնակավայր մը, ուր այր եւ կին կ’ապրին մինչեւ մահ։

Ո՞ր քաղաքին ծառայել

«Այս տեսանկիւնէն, երկու քաղաքները գոյակից են մինչեւ ժամանակներու աւարտը (հմմտ. De civitate Dei, 19,14) եւ իւրաքանչիւր մարդ արարած իր որոշումներով օրը օրին կը յայտնէ, թէ անոնցմէ որո՞ւն կ’ուզէ պատկանիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց նոր կառուցուած Երկրի մայրաքաղաք Ciudad de la Paz (Խաղաղութեան Քաղաք)-ին «որուն մէջ, ըսաւ Ան, կը թուի թէ կ’արձագանգէ աստուածաշնչական Երուսաղէմի անունը» ու մաղթեց որ «նման որոշում մը իւրաքանչիւր խիղճ մղէ մտածելու, թէ ո՞ր քաղաքին կ’ուզէ ծառայել» ապա յիշեցուց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնին ուղղած իր խօսքերը` որուն մէջ նշած էր թէ «Սուրբ Օգոստինոսին համար երկրային քաղաքը հիմնուած է ինքնասիրահարուած հպարտութեան (amor sui) վրայ, իշխանութեան տենչին եւ աշխարհիկ փառքին վրայ, որոնք կ’առաջնորդեն դէպի կործանում»։

Քրիստոնեաներու իսկական հայրենիքը երկնային քաղաքն է

«Օգոստինոսը կը պնդէ, թէ քրիստոնեաները կ'ապրին երկրաւոր քաղաքին մէջ, սակայն իրենց հայեացքը ուղղուած է դէպի երկնային քաղաքը, որ իրենց իսկական հայրենիքն է», ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, թէ անոնք Աբրահամի նման, պանդուխտներ են երկրի վրայ՝ գիտակցելով յաւիտենականին եւ անցաւորին միջեւ եղած տարբերութեան, եւ կը խուսափին հարստութեան ու իշխանութեան կառչելէ։ Թէեւ անոնք օտար չեն քաղաքական կեանքին, քրիստոնեաները կը ջանան Սուրբ Գրոց բարոյագիտութիւնը կիրարկել քաղաքացիական կառավարման մէջ։

Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը

«Աստուծոյ Քաղաքը» աշխատութիւնը քաղաքական համակարգ մը չ’առաջարկեր, այլ կը մատուցէ հիմնարար սկզբունքներ՝ ընկերային եւ քաղաքական կեանքը կողմնորոշելու համար», նշեց միշտ Սրբազան Պապը մատնանշելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան որուն նպատակն է` դաստիարակել դիմագրաւելու համար հարցերը` որ միշտ ալ տարբեր են, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր է, նոր մարտահրաւէրներով, նոր երազներով եւ նոր հարկադրանքներով»։

Սոցիալական անարդարութիւն եւ Քաղաքական պատասխանատուութիւն

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը դատապարտեց ներկայի սոցիալական խոր անարդարութիւնները՝ շեշտելով, որ այսօրուան անհաւասարութեան գլխաւոր ձեւերէն մէկը մեկուսացումն է. փոքր վերնախաւ մը կը կուտակէ հարստութիւնը, մինչդեռ մեծամասնութիւնը ետին կը մնայ։

«Երբ կը խօսինք մեկուսացման (բացառման) մասին, միաժամանակ կը գտնուինք հակասութեան մը առջեւ։ Հողի, սնունդի, կացարանի եւ արժանապատիւ աշխատանքի պակասը գոյակից է նոր արհեստագիտութիւններու հասանելիութեան հետ, որոնք համաշխարհայնացած շուկաներու միջոցաւ կը տարածուին ամէնուր։ Բջջային հեռախօսները, ընկերային ցանցերը եւ նոյնիսկ արհեստական բանականութիւնը հասանելի են միլիոնաւոր մարդոց, ներառեալ՝ աղքատներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շեշտը դնելով քաղաքական հաստատութիւններու պարտականութեան վրայ` խթանելու համապարփակ մարդկային զարգացումը, որ հիմնուած ըլլայ զօրակցութեան եւ պաշարներու արդար բաշխումին վրայ։

Շրջակայ միջավայրի անտեսումը

Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն արտայայտեց նաեւ` ի տես հում նիւթերու ձեռքբերման մրցավազքին, որ կ'անտեսէ շրջակայ միջավայրը, համայնքներու իրաւունքները եւ աշխատանքի արժանապատուութիւնը։

«Այս առնչութեամբ, ես իմս կը դարձնեմ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը, որ ճիշդ տարի մը առաջ կը հեռանար այս աշխարհէն. «Այսօր պէտք է «ոչ» ըսենք բացառման եւ անհաւասարութեան տնտեսութեան մը: Այս տնտեսութիւնը կը սպաննէ» (Ֆրանչիսկոս, Evangelii gaudium առաքելական յորդորակ, 53): Արդարեւ, այսօր՝ քանի մը տարի առաջուան հետ բաղդատմամբ, աւելի քան ակնյայտ է, որ զինեալ հակամարտութիւններու բազմացման հիմնական դրդապատճառներէն մէկը քարիւղի եւ հանքավայրերու գաղութացումն է՝ առանց յարգելու միջազգային օրէնքն ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Այդ նոյն նոր արհեստագիտութիւնները կը թուին ծրագրուած եւ գործադրուած ըլլալ նախեւառաջ պատերազմական նպատակներու համար եւ իմաստային այնպիսի շրջանակներու մէջ, որոնք բոլորին համար պատեհութիւններու աճ չեն ենթադրեր։ Ընդհակառակն, առանց քաղաքական պատասխանատուութեան ստանձնման ընթացքի փոփոխութեան եւ առանց միջազգային հաստատութիւններու ու համաձայնագիրներու նկատմամբ յարգանքի, մարդկութեան ճակատագիրը կրնայ ողբերգականօրէն վտանգուիլ»։

Չպղծել Աստուծոյ Սուրբ անունը

«Աստուած այս մէկը չ'ուզեր։ Անոր սուրբ Անունը չի կրնար պղծուիլ տիրապետելու կամքով, բռնակալութեամբ եւ խտրականութեամբ. մանաւանդ՝ անիկա բնաւ պէտք չէ վկայակոչուի մահուան որոշումներն ու գործողութիւնները արդարացնելու համար։ Թող ձեր երկիրը չվարանի վերատեսութեան ենթարկելու իր զարգացման ուղիները եւ միջազգային բեմին վրայ իրեն ընձեռուած դրական առիթները՝ ի սպաս դնելու իրաւունքին ու արդարութեան» եղաւ Քահանայապետին ուժեղ կոչը այս ուղղութեամբ հաւաստիացնելով Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը կազմելու ազատ եւ հասուն խիղճեր։

Անարդարութիւններով դրոշմուած աշխարհի մը մէջ, անհրաժեշտ է խթանել խաղաղութիւնը

«Անարդարութիւններով դրոշմուած աշխարհի մը մէջ, անհրաժեշտ է խթանել խաղաղութիւնը, ընդհանուր բարիքը, ինչպէս նաեւ քաջարի ու նորարար քաղաքականութիւններ։ Հիմնական է ներդրում կատարել երիտասարդութեան վրայ՝ կրթական նոր ուխտի մը միջոցաւ, որ անոնց վստահութիւն եւ ասպարէզ կու տայ։ «Աստուծոյ Քաղաքը», որպէս խաղաղութեան եւ արդարութեան խորհրդանիշ, միաժամանակ թէ՛ խոստում է եւ թէ՛ յանձնառութիւն. ապագայ մը, ուր կը դադրին հակամարտութիւնները եւ բարիքները կը բաժնուին բոլորին միջեւ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապի ճառին վերջին խօսքերը, որոնց աւելցուց հրաւէր մը` այն է քալել միասին, «յոյսով եւ իմաստութեամբ, դէպի Աստուծոյ քաղաքը` որ խաղաղութեան քաղաք է» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 15:12