«Թոնիոլօ» համալսարանը «Թոնիոլօ» համալսարանը  (pagina facebook dell'istituto toniolo )

Լեւոն ԺԴ. «Եղէք կամուրջ կառուցողներ եւ ոչ թէ պատեր բարձրացնողներ»

Լեւոն ԺԴ. կոչ ուղղեց երիտասարդներուն իրենց ձեռքբերումները վերածելու ծառայութեան եւ կամուրջներ կառուցելու միջազգային դիւանագիտութեան ոլորտէն ներս՝ հեռու մնալով անհատական փառասիրութենէն։ Ան շեշտեց եկեղեցական եւ ակադեմական համայնքներուն մէջ ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը, յորդորելով ըլլալ պատասխանատու եւ վստահելի ներկայացուցիչներ միջազգային ատեաններու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց «Toniolo Young Professional Association»-ի անդամներուն եւ կրթաթոշակառուներուն՝ շեշտելով անոնց դերակատարութիւնը միջազգային դիւանագիտութեան եւ եկեղեցական առաքելութեան մէջ։

«Պահպանեցէ՛ք այն ժառանգութիւնը, որ ձեզի վստահուած է Կաթողիկէ Համալսարանին կողմէ։ Դո՛ւք, որ այդ համալսարանական համայնքին կենդանի մասնիկն էք, օժանդակեցէ՛ք համալսարանին, որպէսզի ան բարգաւաճի հաղորդութեան մէջ եւ շարունակէ իրագործել իրեն վստահուած կրթական առաքելութիւնը, որ ձեր մէջ առատ պտուղներ տուաւ՝ ի նպաստ նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական յանձնառութեան»։

Պապը իր պատգամին մէջ յատուկ շեշտ դրաւ այն գաղափարին վրայ, որ ակադեմական եւ մասնագիտական յաջողութիւնը չի կրնար սոսկ անհատական վերելք ըլլալ։ «Ձեզմէ չի պահանջուիր պարզապէս փայլիլ, այլ՝ ծառայել։ Ոչ թէ ձեր անձը հաստատել, այլ պտղաբեր դարձնել այն, ինչ որ ստացած էք», նշեց Սրբազան Քահանայապետը։

Միութիւնը՝ որպէս յաջողութեան գրաւական

Անդրադառնալով համալսարանական համայնքի ներքին կեանքին՝ Լեւոն ԺԴ. զգուշացուց ներքին մրցակցութենէն՝ նշելով, որ եկեղեցական տարբեր զգայնութիւնները պէտք չէ վերածուին հակամարտութեան, այլ պէտք է կազմեն ներդաշնակութիւն մը։ «Բաժնուած համայնքը կը տկարանայ, իսկ միացեալ համայնքը պատմութիւն կը կերտէ», ըսաւ ան՝ մէջբերելով «In Illo uno unum» սկզբունքը։

Երախտագիտութիւն եւ միջազգային առաքելութիւն

Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս կը սատարեն այս գործին, յատկապէս նշելով «Arvedi-Buschini» հիմնադրամի կարեւոր ներդրումը Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ։

Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. ուղղակի կոչ ուղղեց երիտասարդ դիւանագէտներուն եւ մասնագէտներուն․

Կառուցել կամուրջներ, հոն ուր ուրիշներ պատեր կը բարձրացնեն։

Ըլլալ վստահելի, նախքան տեսանելի ըլլալը։

Ստացած կրթաթոշակը վերածել պատասխանատուութեան, եւ ոչ թէ զայն նկատել պարզ արտօնութիւն մը։

Յորդորելով ըլլալ «Եկեղեցւոյ կենդանի ներկայութիւնը» միջազգային ատեաններու մէջ՝ Սրբազան Քահանայապետը իր Առաքելական Օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր ներկաներուն՝ վստահեցնելով իր աղօթքները այս յամառ ու կարեւոր ճանապարհին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 16:32