Լեւոն ԺԴ. Պապին նամակը կարդինալներուն` Յունիսին նախատեսուած ժողովին ընդառաջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Զատկուան տօներուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը 12 ապրիլ 2026 թուակիր նամակ մը յղած է Կարդինալական դասի անդամներուն` յոյս յայտնելով, թէ տառապած աշխարհի մէջ Քրիստոսի յարութեան խաղաղութիւնը զօրացնէ բոլորին։
Սրբազան Պապը երախտագիտութիւն յայտնած է վերջերս տեղի ունեցած Կարդինալական Ժողովին համար՝ ընդգծելով քննարկումներուն որակը եւ հոն ներկայացուած ներդրումներուն արժէքը։
Ան յատկապէս շեշտած է ժողովին ընթացքին քննարկուած «Evangelii gaudium» յորդորագիրին հայող նիւթերը, յորդորագիրը նկատելով վճռական ուղեցոյց մը՝ որ կեդրոնացած «քէրիկմայի» վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի հիմնական աւետիսը, որ կը խթանէ հովուական ու միսիոնարական դարձ մը՝ աւելի քան զուտ կառուցուածքային բարեփոխումներ։
Նամակին մէջ Քահանայապետը նշած է` որ այս տեսլականը կը վերաբերի բոլորին։ Անհատական մակարդակի վրայ՝ ան կը հրաւիրէ ապրելու իսկական եւ մարմնաւորուած հաւատք։ Համայնքային մակարդակի վրայ՝ կը պահանջէ անցում մը դէպի միսիոներական հովուական ծառայութիւն, որ հիմնուած է ընդունելութեան եւ յարաբերութիւններու վրայ, հուսկ Թեմական մակարդակի վրայ՝ կը յորդորէ Հովիւներուն քաջութեամբ աջակցիլ առաքելութեան՝ խուսափելով չափազանց կազմակերպչական մօտեցումներէ։
Սրբազան Պապը կը շեշտէ Քրիստոսի վրայ կեդրոնացած միասնական առաքելութիւն մը կարեւորութիւնը, որ կը տարածուի ներգրաւումով եւ ոչ թէ դիմագրաւմամբ, միացնելով աւետիսը, վկայութիւնը եւ երկխօսութիւնը։
Նոյնիսկ որպէս «փոքր հօտ», Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու յոյսի նշան՝ առանց մտահոգուելու իր գոյատեւումով, այլ՝ միայն Աստուծոյ սիրով աշխարհի հանդէպ։
Սրբազան Պապը ապա կը հրաւիրէ վերահաստատել «Evangelii gaudium»-ը, նորոգել քրիստոնէական նախնական ուսուցումը, արժեւորել հովուական այցելութիւնները եւ բարելաւել եկեղեցական հաղորդակցութիւնը՝ միսիոներական ոգիով։
«Երախտագիտութեամբ լի հոգով կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի Ձեր ծառայութեան և Եկեղեցւոյ կյանգի մատուցած ներդրման համար։ Նախատեսուող յաջորդ Կարդինալական Ժողովի առնչութեամբ, որը տեղի պիտի ունենայ յունիսի 26–27-ին, պիտի ուղարկուի աւելի մանրամասն հաղորդագրութիւն՝ անոր պատշաճ նախապատրաստումը ապահովելու համար» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակի աւատին նորոգելով իր Զատկական մաղթանքները՝ յարութեան յոյսով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
