Սէրն է, որ պէտք է յաղթէ, այլ ոչ թէ՝ պատերազմը։ Այս Սրբավայրէն եկէ՛ք մեկնինք, որպէս կեանքի «աւետաբեր-հրեշտակներ»․ Լեւոն ԺԴ․

19 Ապրիլի յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը՝ Անկոլա ճամբորդութեան ծիրէն ներս, ուղղաթիռով Լուանտայէն փոխադրուեցաւ Մուշիմա՝ «Մամա Մուշիմա» (Սրտի Մայր) Սրբավայր, ուր նախագահեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը․Մայր մը կը սիրէ իր բոլոր զաւակները նոյն ձեւով եւ ամբողջ սրտով։ Սրտի Մօր Սրբավայրը, մեզի մտածել կու տայ Մարիամի մաքուր եւ իմաստուն սրտի մասին, մեզի յանձնառու կը դարձնէ մայրական սիրով սիրելու ամէն մէկ անձը՝ յատկապէս աղքատները, առարկայական եւ առատաձեռն կերպով

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 19 Ապրիլին կէսօրէն ետք ուղղաթիռով Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտայէն փոխադրուեցաւ Քուիսամա (Quiçama) շրջանի Մուշիմա քաղաք ուր՝ Անարատ Յղութեան Տիրամօր նուիրուած «Mama Muxima - Մամա Մուշիմա» Սրբավայրին մէջ, նախագահեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։

Մամա Մուշիմա Սրբավայրը

Հաւատացեալներու կողմէ «Մամա Մուշիմա» վերանուանուած այս Սրբավայրը, որ տեղական՝ kimbundu լեզուով կը նշանակէ «Սրտի Մայր», անկոլական ժողովրդական բարեպաշտութեան ամենասիրելի Սրբատեղին է, ուր կը պահպանուի Անարատ Յղութեան Տիրամօր շատ հին պատկեր մը․ Երկրի բոլոր կողմերէն ուխտաւորներ կը ժամանեն Մարիամէն խնդրելու բժշկութիւն, ընտանեկան հաշտութիւն, պատերազմի մէջ կորսուած զաւակի մը վերադարձը, ներքին խաղաղութիւն կամ պաշտպանութիւն։

Ամենէ տպաւորիչ ուխտագնացութիւնը կը կայանայ ամէն տարուայ Սեպտեմբեր ամսուայ առաջին շաբթուան ընթացքին, որուն կը մասնակցին՝ 200 հազարէ աւելի ուխտաւորներ, որոնք, փոշոտ եւ քարուքանդ ճամբաներու դժուարութիւնները դիմագրաւելէն ետքը, իրենց հաւատքի յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Տիրամօր՝ ծունկի վրայ քալելով Սրբավայրի մէջ եւ մասնակցելով վառած մոմերով գիշերային թափօրին։

Անկոլայի Եկեղեցին՝ կենդանի ու երիտասարդ

Լեւոն ԺԴ․ Պապը իր ուխտագնացութիւնը նոյնպէս սկսաւ Մուշիմայի Տիրամօր յարգանքի տուրք մատուցելով՝ ծաղիկներու նուիրաբերումով։ Ապա՝ Վիանայի թեմի Եպիսկոպոսին ուղեկցութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Վարդարանի աղօթքի համար նախատեսուած բեմ։

Բազմահազար ուխտաւորներու հետ Աստուածամօր նուիրուած ջերմեռանդական աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղեց իր պատգամը։

«Ուրախութեամբ կը կիսեմ ձեզի հետ Մարեմեան աղօթքի այս պահը»՝ հինաւուրց եւ պարզ ջերմեռանդութիւն մը, որ ծնունդ առած է Եկեղեցւոյ մէջ՝ իբրեւ աղօթք բոլորին համար եւ, որ ակունքներէն սկսեալ պահպանած է իր «թարմութիւնը «վերստին ըսելու, աւելի՛ն՝ «գոռալու» աշխարհին, թէ Քրիստոս Տէրն ու Փրկիչն է» (Սուրբ Յովհաննէս Պօղօս Բ․, Առաքելական նամակ՝ Rosarium Virginis Mariae, 1), յայտարարեց Պապը իր խօսքին սկիզբը՝ նկատել տալով, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի այս բառերը յատուկ կերպով կը վերաբերին Անկոլայի կենդանի ու երիտասարդ Եկեղեցւոյ այս մեծ համայնքին։

Մամա Մուշիման կենդանի եւ բաբախող պահած է Եկեղեցւոյ սիրտը

«Մամա Մուշիման շատ երկար ժամանակ ծածուկ կերպով գործած է Եկեղեցւոյ սիրտը կենդանի եւ բաբախող պահելու համար։ Սիրտ մը՝ կազմուած սրտերէ. ձեր սրտերէն եւ այն բազմաթիւ մարդոց սրտերէն, որոնք կը սիրեն, կ'աղօթեն, կը տօնախմբեն, կու լան եւ երբեմն նոյնիսկ, մարմնապէս ներկայ գտնուելու անկարելիութեան պատճառով, նամակներուն կը վստահին իրենց խնդրանքներն ու ուխտերը», շարունակեց Քահանայապետը։

Մարիամի օրինակով կոչուած ենք Քրիստոսի լոյսը տարածելու աշխարհի մէջ

Յիսուսի կեանքի Փառաւոր Խորհուրդներու խորհրդածութիւնները, որոնք ներկայացուեցան ջերմեռանդական աղօթքի ընթացքին, Լեւոն Պապի խօսքերով, «մեզի ցոյց կու տան Հօր տանող ճամբան», «Քրիստոսի մահուան հանդէպ յաղթանակով կը տեսնենք մեր ճակատագիրը», Սուրբ Հոգիին շնորհքով մենք ալ կարող ենք «քալել այս լուսաւոր ու պահանջկոտ ուղիով՝ ամբողջ աշխարհը հաղորդակից դարձնելով անոր գեղեցկութեան,», «Մարիամի նման, մենք ալ երկնքի համար ստեղծուած ենք» եւ Անոր օրինակով, «կոչուած ենք Քրիստոսի լոյսը տարածելու» աշխարհի մէջ, նշեց Ան։

Սրտի Մօր Սրբավայրը յանձնառու կը դարձնէ մայրական սիրով սիրելու բոլորը՝ յատկապէս աղքատները

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Սրտի Մօր Սրբավայրը, մեզի մտածել կու տայ Մարիամի «մաքուր եւ իմաստուն» սրտի մասին, մեզի «յանձնառու կը դարձնէ մայրական սիրով սիրելու ամէն մէկ անձը՝ յատկապէս աղքատները, առարկայական եւ առատաձեռն կերպով»։

«Մայր մը կը սիրէ իր բոլոր զաւակները նոյն ձեւով եւ ամբողջ սրտով» եւ մենք ալ Սրտի Մօր դիմաց կ’ուզենք խոստանալ նոյնը ընելու»՝ «անսահման ջանք թափելու», որպէսզի բոլորը վայելեն սէրն ու արժանապատիւ կեանքի պայմանները՝ սնունդ, բժշկական խնամք, կրթութիւն եւ հանդարտ ծերութիւն, շարունակեց Պապը։

Կերտել առանց պատերազմներու հիւրընկալ աշխարհ մը

Ան անդրադարձաւ հուսկ նոր ու աւելի մեծ Եկեղեցի կառուցելու նախագիծին եւ, դիմեց յատկապէս երիտասարդներուն, կոչ ընելով անոնց այդ նախագիծն ընդունիլ որպէս Երկնային մօր կողմէ իրենց վստահուած մեծ նախագիծ՝ «կերտելու աւելի լաւ եւ հիւրընկալ աշխարհ մը, ուր այլեւս չկան պատերազմներ, անարդարութիւն, թշուառութիւն կամ անազնուութիւն. ուր Աւետարանի սկզբունքները միշտ աւելիով կը ներշնչեն ու կը կերպաւորեն սրտերը, կառոյցներն ու ծրագիրները՝ ի շահ բոլորին»։

«Սէրն է, որ պէտք է յաղթէ, ոչ թէ՝ պատերազմը։ Ասիկա այն է, ինչ մեզի կը սորվեցնէ Մարիամին սիրտը, բոլորի Մօր Սիրտը» եւ այս Սրբավայրէն եկէ՛ք հեռանանք, որպէս կեանքի «աւետաբեր-հրեշտակներ», յորդորեց ի վերջոյ Լեւոն Պապը եւ ճառը աւարտեց Մուշիմայի Տիրամօր նուիրուած օրհներգի բառերով՝ արտասանելով նաեւ kimbundu լեզուով՝ «Mama Muxima, tueza kokué, Mama Muxima, tutambululé - Սրտի Տիրամայր Քեզի կու գանք՝ ամէն ինչ Քեզի ընծայելու համար» եւ աւելցուց «Կու գանք խնդրելով Քո օրհնութիւնդ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 19:26