Որոնել

Տարեցներուն միայն խնամելը չի բաւէր, նախ եւ առաջ պէտք է լսել զանոնք․ Լեւոն ԺԴ.

Այսօր՝ 20 ապրիլին, Անկոլա ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Սաուրիմօ քաղաք․ օրուան առաջին հանդիպումը Տարեցներու Խնամատան անձնակազմի հետ էր․ Սրտիս մէջ պիտի պահեմ ձեզի հետ այս հանդիպումը՝ լի հաւատքով եւ մեծ մխիթարութիւն իմ առաքելութեանս համար։ Յիսուս ամէն անգամ մեր մէջ է երբ կը ջանանք սիրել զիրար եւ ներել իրարու։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 20 ապրիլին Անկոլա ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Սաուրիմօ քաղաք, ուր օրուան առաջին հանդիպումը եղաւ Տարեցներու Խնամատան անձնակազմին հետ։

Դիմաւորուելով Հաստատութեան Տնօրինուհիին եւ Առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ, Պապը անոնց ուղեկցութեամբ քալեց դէպի կեդրոնի բակը, որտեղ ներկայ էին ծերանոցի խնամարկեալները եւ անձնակազմը։

Տնօրինուհիին բարի գալստեան մաղթանքէն, ինչպէս նաեւ տարբեր վկայութիւններէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնելով ընդունելութեան համար, որ, ընդգծեց Ան, «այնքան լի է հաւատքով, զոր կը դպչի սրտիս, ու մեծ մխիթարութիւն է իմ առաքելութեանս համար»։

Ընտանեկան մթնոլորտ. Յիսուս մեր մէջ է երբ կը ջանանք սիրել զիրար եւ ներել իրարու

Սրբազան Հայրն ապա իր յուզմունքն արտայայտեց տեղեկանալով, որ այդ վայրը տեղացիները «lar», այսինքն ընտանիք, կ’անուանեն․ «Յիսուս կը սիրէր իր բարեկամներուն այցելել», առ այդ դիտել տուաւ Պապը, նշելով, որ, ըստ Աւետարանի, «Ան կ’երթար Պետրոսի տունը՝ Կափառնաում, ուր օր մը բժշկեց անոր զոքանչը», «բարեկամութիւն հաստատած էր Մարիամի, Մարթայի եւ Ղազարոսի հետ եւ Պեթանիայի տան մէջ Ան կ’ընդունուէր որպէս Վարդապետ ու Տէր, եւ միեւնոյն ատեն՝ մտերմութեամբ»։

Ուրեմն, Յիսուս նաեւ այս տան մէջ կ՚ապրի, ձեր մէջ կ՚ապրի ամէն անգամ, երբ կը ջանաք սիրել զիրար, օգնել իրարու, որպէս քոյրեր ու եղբայրներ, գիտէք իրարու ներել եւ հաշտուիլ, եզրակացուց Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկնդիր ըլլալ տարեցներուն

Տարեցներուն միայն խնամելը չի բաւէր, նախ եւ առաջ պէտք է լսել զանոնք, յորդորեց այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը՝ կարեւորելով՝ ի նպաստ տարեցներուն անկոլական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ անոնց համագործակիցներու ու կամաւորներու ջանքերը, որոնց Պապը յատուկէն իր գնահատանքն արտայայտեց։

«Սրտիս մէջ պիտի պահեմ ձեզի հետ այս հանդիպումը», ըսաւ ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․, որ ապա խօսքն աւարտեց՝ իր օրհնութիւնը բաշխելով բոլոր ներկաներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2026, 11:14