Որոնել

Papa Leone partito per Algeri, prima tappa del viaggio Africa

Լեւոն ԺԴ. «Ես քաղաքական գործիչ չեմ, կը խօսիմ Աւետարանի մասին։ Աշխարհի առաջնորդներուն կ՜ըսեմ. Բաւ են պատերազմները»

Ալճերիա ուղղուող թռիչքի ընթացքին, Ափրիկէ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. ողջունեց իրեն հետ ճամբորդող շուրջ 70 լրագրողները. «Ասիկա յատուկ ճամբորդութիւնն մըն է, առաջինը, որ կը ցանկանայի կատարել։ Շատ կարևոր հնարաւորութիւն է հաշտեցման և ժողովուրդներու նկատմամբ յարգանքի խթանման համար»։ Պատասխանելով ապա իրեն ուղղուած մէկ հարցումին Տոնալտ Թարմփի կողմէ իր հասցէին հնչեցուած քննադատութիւններուն մասին ըսաւ «Ես չեմ ուզեր բանավէճի մէջ մտնել։ Իմ պատգամս Աւետարանն է
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Դէպի Ալճերիա ուղղուող թռիչքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուզեց հանդիպիլ եւ ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները անոնց ուղղելով բարի գալուստի խօսք մը որուն մէջ նշեց թէ իրեն համար այս ճամբորդութիւնը, որ տարբեր պատճառներով շատ առանձնայատուկ է, պէտք էր ըլլալ իր Քահանայապետական ծառայութեան առաջինը ու թէ անցեալ տարուայ մայիսին իսկ ինք իղձ յայտնած էր որ առաջին ճամբորդութիւնը կատարէ Ափրիկէ։

Սուրբ Օգոստինոսը  կարևոր կամուրջ  միջկրօնական երկխօսութեան համար

«Ոմանք անմիջապէս առաջարկեցին Ալճերիան՝ Սուրբ Օգոստինոսի համար, ինչպէս գիտէք, և իսկապէս ես շատ ուրախ եմ դարձեալ այցելելու Սուրբ Օգոստինոսի երկիրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց «Սուրբ Օգոստինոսը նաև շատ կարևոր կամուրջ է միջկրօնական երկխօսութեան մէջ։ Ան շատ սիրուած է իր հայրենիքին մէջ, ինչպէս պիտի տեսնէք»։

Խթանել խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, յարգանքը 

«Սուրբ Օգոստինոսի կեանքի վայրերը այցելելու հնարաւորութիւնը, ուր ան ծառայած է որպէս եպիսկոպոս Իփփոն քաղաքի՝ այսօրեայ Անապան, իսկապէս օրհնութիւն է նաև ինծի համար անձամբ, բայց կարծեմ նաև Եկեղեցւոյ և աշխարհի համար, որովհետև մենք միշտ պէտք է փորձենք կամուրջներ կառուցել խաղաղութեան և հաշտութեան համար» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ այս ճամբորդութիւնը իրապէս «թանկ» առիթ է, «շարունակելու նոյն ձայնով, նոյն պատգամով, որով կը ցանկանք փոխանցել՝ խթանել խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, յարգանքը և բոլոր ժողովուրդներու նկատմամբ ուշադրութիւնը»։

«Ուրեմն՝ բոլորիդ բարի գալուստ կը մաղթեմ, ուրախ եմ ձեզ ողջունելուս համար։ Բարի ճանապարհ և շնորհակալութիւն այն ծառայութեան համար, որ պիտի մատուցէք ամբողջ ժողովրդին։ Շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց լրագրողները պատասխանելով նաեւ իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն որոնց ծիրէն ներս նաեւ հարցում մը` ուղղուած ԱՄՆ-ի Տոնալտ Թարմփի կողմէ իր հասցէին հնչեցուած քննադատութիւններուն մասին։

Ես քաղաքական գործիչ չեմ` իմ պատգամս Աւետարանն է

«Ես իմ դերը չեմ դիտարկեր որպէս քաղաքական գործիչի դեր, ես քաղաքական գործիչ չեմ, ես չեմ ուզեր անոր հետ բանավէճի մէջ մտնել», — ըսաւ քահանայապետը աւելցնելով` որ «չեմ կարծեր, որ Աւետարանի պատգամը պէտք է չարաշահուի այնպէս, ինչպէս ոմանք կ՜ընեն։ Ես կը շարունակեմ բարձրաձայն խօսիլ պատերազմի դէմ՝ փորձելով խթանել խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնը և բազմակողմանիութիւնը պետութիւններու միջև՝ խնդիրներու լուծումներ գտնելու համար։ Շատ մարդիկ այսօր կը տառապին, չափազանց շատ անմեղներ կը սպաննուին, և կը կարծեմ՝ թէ պէտք է ըլլայ մէկ մը` որ կանգ առնէ եւ ըսէ` թէ կայ աւելի լաւ ճանապարհ»։

Ամերիկացի լրագրողի մը, որը նոյն հարցը ուղղեց Քահանայապետին` Ան կրկնեց «Ես չեմ վախնար Թրամփի վարչակազմէն։ Ես պիտի շարունակեմ բարձրաձայն խօսիլ Աւետարանի պատգամի մասին... Մենք քաղաքական գործիչներ չենք, մենք արտաքին քաղաքականութեան չենք նայիր նոյն տեսանկիւնէն։ Բայց մենք կը հաւատանք Աւետարանի պատգամին՝ որպէս խաղաղութիւն կառուցողներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 10:39