Կառավարել կը նշանակէ սիրել սեփական Երկիրը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետին Ափրիկէ ճամբորդութիւնը կը շարունակուի։ Ալճերիայէն ետքը երկրորդ հանգրուանը Քամերունն է ուր մայրաքաղաք Եաունտէի մէջ Ան հանդիպեցաւ ու ճառ մը ուղղեց Երկրի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն․ «Կառավարել կը նշանակէ սիրել սեփական Երկիրը եւ նաեւ հարեւան Երկիրները․ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս պատգամը կը վերաբերի նաեւ միջազգային յարաբերութիւններուն։ Կառավարել կը նշանակէ իրապէս լսել քաղաքացիները եւ արժեւորել անոնց բանականութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 15 Ապրիլին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ափրիկէ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, ժամանեց Քամերուն։ Նախագահ Փոլ Պիային հետ հանդիպումէն ետք, ուղեկցութեամբ վարչապետ Joseph Dion Ngutի նոյն նախագահական պալատին մէջ հանդիպեց քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 1400 անձերու։

«Ձեզի կու գամ իբրեւ հովիւ, իբրեւ երկխօսութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան սպասաւոր։ (․․․) Արդարութեան որքան սով ու ծարաւ կայ։ Մասնակցութեան, տեսլականներու, խիզախ ընտրութիւններու որքան ծարաւ կայ։ Իմ ամենամեծ երազանքս է հասնիլ բոլորի սրտերուն, յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք կոչուած են աւելի արդար աշխարհ մը ձեւաւորելու, նաեւ քաղաքականապէս»։

Այս սրտաբուխ բառերով է որ Լեւոն Պապը դիմեց ներկաներուն՝ իր ճառին սկիզբը յատուկէն իր ուրախութիւնը յայտնելով Քամերուն այցելութեան համար եւ գովերգելով այդ Երկիրը․

«Մեծ ուրախութիւն է գտնուիլ Քամերունի մէջ, յաճախ կը բնութագրուի «Ափրիկէն՝ մանրանկարի մէջ» արտայայտութեամբ, հարուստ բնաշխարհի, մշակոյթի, լեզուներու ու աւանդոյթներու համար, (․․․) որ եղբայրութեան խոստում եւ հաստատուն հիմք է տեւական խաղաղութիւն կառուցելու համար»։

Սուրբ Աթոռի եւ Քամերունի միջեւ կապերը

Սրբազան Պապը այնուհետեւ Սուրբ Աթոռի ու Քամերունի միջեւ կապերը ամրապնդելու իր կամքն արտայայտեց եւ յիշեց իր նախորդներու՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ եւ Պենետիկտոս ԺԶ․ Պապերու ճամփորդութիւնները։

«Այս պահերը յատկանշած են ձեր ազգային պատմութիւնը՝ իբրեւ ծառայութեան ոգիի, միասնութեան եւ արդարութեան ուղղուած պարտաւորեցնող յորդորներ», յարեց Ան՝ մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը, որ, 1600 տարի առաջ կը գրէր մեծ արդիականութիւն ունեցող բառեր.

«Անոնք որ կը հրամայեն, կը ծառայեն անոնց՝ որոնց վրայ առերեւոյթ կը տիրեն։ Արդարեւ, անոնք կը հրամայեն ոչ թէ տիրապետելու տենչով, այլ հոգալու պարտականութեամբ. ոչ թէ պարտադրելու հպարտութեամբ, այլ նախախնամելու գթասիրութեամբ»։

Ասկէ մեկնելով, Սրբազան Պապին յորդորը եղաւ, թէ «ծառայել սեփական երկրին», «կը նշանակէ յստակ մտքով եւ անբասիր խղճով նուիրուիլ ամբողջ ժողովուրդի ընդհանուր բարիքին»։

Քամերունի մէջ ներկայ իրավիճակը

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Քամերունի այսօրեայ բարդ իրավիճակին եւ ժողովուրդի տառապանքներուն, որ հետեւանք են «Հիւսիս-Արեւմտեան, Հարաւ-Արեւմտեան եւ Ծայրագոյն Հիւսիսի որոշ շրջաններու մէջ լարուածութիւններուն ու բռնութիւններուն»։

«Վիճակագրութիւններու ետին կան դէմքեր, պատմութիւններ եւ վիրաւոր յոյսեր», շեշտեց Պապը՝ յիշեցնելով մարդկութեան ուղղած իր կոչերը՝ «հրաժարելու բռնութիւններու ու պատերազմներու տրամաբանութենէ՝ գրկելու համար սիրոյ եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն մը»։

Աշխարհը խաղաղութեան պէտք ունի

Աշխարհը խաղաղութեան պէտք ունի․ (․․․) Բաւակա՛ն են պատերազմները՝ մեռելներու, աւերածութիւններու եւ տարագիրներու իրենց ցաւալի կուտակումներով», ըսաւ Լեւոն Պապը՝ մէջբերում կատարելով 2025թ․ 28 Հոկտեմբերին կրօնական Առաջնորդներու մասնակցութաեմբ Խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հանդիպումի պատգամէն։

Խաղաղութիւնը քաղաքացիական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնն է

«Խաղաղութիւնը», սակայն, ըստ Քահանայապետին, «հրամանագրով չ'ըլլար, այլ կ'ընդունուի եւ կ'ապրուի, Աստուծոյ պարգեւն է, բոլորի եւ առաջին հերթին քաղաքացիական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնն է»։

«Կառավարել կը նշանակէ սիրել սեփական Երկիրը եւ նաեւ հարեւան Երկիրները․ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս պատգամը կը վերաբերի նաեւ միջազգային յարաբերութիւններուն։ Կառավարել կը նշանակէ իրապէս լսել քաղաքացիները, արժեւորել անոնց բանականութիւնը եւ խնդիրներուն տեւական լուծումներ գտնելու իրենց կարողութիւնը», եղան Սրբազան Հօր յաջորդ շեշտադրումները։

Քաղաքացիական հասարակութիւնը՝ համախմբուածութեան կենսական ուժ

Ան իբրեւ ազգային համախմբուածութեան կենսական ուժ նկատեց քաղաքացիական հասարակութիւնը՝ իր բոլոր կառոյցներով, ընկերութիւններով, կիներով ու երիտասարդներով, որ «կը նպաստէ խիղճերու կերտման, երկխօսութեան մշակոյթի խրախուսման եւ տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքին»։

«Ճշմարիտ խաղաղութիւնը կը ծնի, երբ իւրաքանչիւր անձ կը զգայ պաշտպանուած, լսուած եւ յարգուած. երբ օրէնքը ապահով պատուար մըն է ընդդէմ հարուստին ու հզօրին կամայականութեան», յարեց հուսկ Քահանայապետը եւ մատնանշեց խաղաղութեան ու արդարութեան հասնելու ուղիին․

«Հարկ է փշրել կաշառակերութեան շղթաները, որոնք կ'աղաւաղեն իշխանութիւնը՝ զայն պարպելով հեղինակութենէ։ Հարկ է սիրտը ազատագրել շահամոլութեան այդ ծարաւէն, որ կռապաշտութիւնն է. իսկական շահը մարդկային ամբողջական զարգացումն է, այսինքն՝ բոլոր կողմերու հաւասարակշռուած աճը, որոնք այս երկրի վրայ կեանքը կը վերածեն օրհնութեան»։

Երիտասարդները անգնահատելի հարստութիւն եւ յոյս

«Քամերունը ունի մարդկային, մշակութային եւ հոգեւոր անհրաժեշտ կենսամիջոցները՝ յաղթահարելու համար փորձութիւններն ու հակամարտութիւնները եւ յառաջանալու դէպի կայունութեան ու հաւաքական բարգաւաճման ապագայ մը», հաստատեց Լեւոն ԺԴ․ եւ անգամ մը եւս շեշտեց երիտասարդներու կարեւորութիւնը Երկիրի եւ Եկեղեցւոյ համար․ «Անոնց եռանդն ու ստեղծագործութիւնը անգնահատելի հարստութիւններ են»։

Առ այդ, Պապը առանձնայատուկ կերպով կարեւորեց կրթութիւնը․

«Ներդրումներ կատարել երիտասարդներու կրթութեան, վերապատրաստման եւ ձեռներէցութեան մէջ՝ ռազմավարական ընտրութիւն մըն է խաղաղութեան համար», «տաղանդներու արտահոսքը կասեցնելու համար», ինչպէս նաեւ «թմրամոլութեան, մարմնավաճառութեան եւ անտարբերութեան չարիքներուն հակադրուելու համար»։

Ներգրաւել կրօնական առաջնորդները հաշտեցման նախաձեռնութիւններուն մէջ

Քահանայապետը, ի վերջոյ, կոչ ըրաւ խորացնել միջկրօնական երկխօսութիւնը եւ խորհուրդ տուաւ քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան՝ ներգրաւելու կրօնական առաջնորդները միջնորդութեան ու հաշտեցման նախաձեռնութիւններուն մէջ՝ լարուածութիւնները հանդարտեցնելու, ծայրայեղականութիւնը կանխելու եւ փոխադարձ յարգանքի ու մեծարանքի մշակոյթ խրախուսելու նպատակով։

Քամերունի Եկեղեցին կը գործէ ի սպաս բոլոր քաղաքացիներուն եւ գործակցելով քաղաքացիական իշխանութիւններուն

«Քամերունի Եկեղեցին կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական գործունէութեան միջոցաւ», հաւաստիացուց Լեւոն Պապը, «կը փափաքի շարունակել ծառայել բոլոր քաղաքացիներուն՝ առանց խտրութեան, անկեղծօրէն գործակցիլ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ՝ մարդկային արժանապատուութիւնն ու հաշտութիւնը խրախուսելու համար»։

Ան, ի վերջոյ, աւարտեց իր պատգամը մաղթելով․

«Աստուած օրհնէ Քամերունը, սատարէ անոր ղեկավարներուն, ոգեշնչէ քաղաքացիական հասարակութիւնը, լուսաւորէ դիւանագիտական մարմնի աշխատանքը եւ ողջ Քամերունի ժողովուրդին պարգեւէ շնորհքը՝ ընդունելու Աստուծոյ Արքայութիւնը՝ միասին կառուցելով արդար ու խաղաղ ապագայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2026, 18:56