Աստուած կը բնակի այնտեղ, ուր որ սէր եւ ծառայութիւն կայ Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը այցելեց «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերու Տուն»․ Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքայի հարեւանութեամբ գտնուող այդ կառոյցը կը հիւրընկալէ եւ կը խնամէ կարիքաւոր տարեցներ, որոնց շարքին նաեւ՝ մահմետականներ։ Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ կրօնական համայնքի Մեծաւորուհի` Քոյր Ֆիլոմենա Փիթըրի եւ անոր բարի գալուստի արտասանուած եւ Ալժէի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսին ու Իսլամ մէկ հիւրի մը վկայութիւններէն ետքը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Շնորհակալ եմ ինծի այս տան մէջ հիւրընկալելու համար։ Ուրախ եմ, որովհետեւ Աստուած այստեղ կը բնակի, քանզի ուր որ սէր եւ ծառայութիւն կայ, այնտեղ է Աստուած», այս բառերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը՝ սկսաւ իր խօսքը` «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերու» «Իմ տունը» անունը կրող հիւրընկալութեան կեդրոն այցելութեան ծիրէն ներս, ուր Անոր կը սպասէին շուրջ 40 տարեցներ։

Գովաբանել եւ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ

Դիմելով նախ Ալժէի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Փոլ Տեֆարժին՝ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց «յուզիչ բառերուն» համար։ Գերապայծառը, որ ներկայիս կը բնակի Փոքրիկ Քոյրերու Տան մէջ, իր վկայութեան մէջ շեշտած էր․ «Ամէն օր ականատես ենք ժպիտի փոքր հրաշքին եւ ձեռքի ջերմ սեղմումին, որոնք կը սնանեն աստուածային սէրը՝ սրտի այն թռիչքը, զոր իւրաքանչիւրը կ’ունենայ միւսին հանդէպ եւ մէկը միւսին համար։»

Արքեպիսկոպոս Փոլ Տեֆարժին տարեց եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ տեսնելով՝ ինքնաբերաբար ցանկութիւն կ՚առաջանայ Աստուած գովաբանելու եւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու, այնպէս, ինչպէս Յիսուս ցնծաց Սուրբ Հոգիով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ շարունակելով․

«Կը փառաբանեմ քեզ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որովհետեւ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ զանոնք յայտնեցիր փոքրերուն։ Այո՛, ով Հայր, որովհետեւ այսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ»։

Հօր սիրտը չարերու, բռնակալներու, գոռոզներու հետ չէ, այլ փոքրերու ու խոնարհներու հետ է

Լեւոն Պապը շնորհակալական խօսքեր ուղղեց այնուհետեւ ալճերացի մահմետական Սալահ Պուշեմելին՝ գեղեցիկ ու ամոքիչ մխիթարական վկայութեան համար։

«Այստեղ, իւրաքանչիւրը ազատ է իր կրօնը դաւանելու, ըլլայ իսլամութիւն կամ քրիստոնէութիւն։ Այս տարբերութիւնը մեզ չի բաժներ, այլ կ'օգնէ մեզի միասին ապրելու՝ յարգանքի եւ խաղաղութեան մէջ», նշած էր Սալահը իր վկայութեան մէջ։

Անորմով ներշնչուած Սրբազան Հայրը ըսաւ․

«Կը կարծեմ, որ Տէրը, երկինքէն, տեսնելով այս տան պէս տուն մը, ուր փորձ կը կատարուի ապրիլ միասին եղբայրութեան մէջ, կրնայ մտածել, որ յոյս կայ ուրեմն։ Այո, քանի, որ Աստուծոյ սիրտը՝ տանջուած է պատերազմներէն, բռնութիւններէն, անարդարութիւններէն ու սուտերէն։ Սակայն մեր Հօր սիրտը չարերու, բռնակալներու, գոռոզներու հետ չէ, այլ փոքրերու ու խոնարհներու հետ է, որոնց հետ առաջ կը մղէ սիրոյ ու խաղաղութեան արքայութիւնը օր օրին», շեշտեց Սրբազան Պապը՝ իր շնորհակալութիւնը տարածելով բոլորի վրայ եւ օրհնելով զանոնք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2026, 13:51