Il Papa in Basilica San Pietro per messa in cui ordina 32 preti

Լեւոն ԺԴ. գլխաւորութեամբ Քահանայական ձեռնադրութիւն Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ

Ձեռնադրութեան որպէս նախապատրաստութիւն Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարին մէջ նախատուած է կոչումներու համար աղօթքի հսկում, որուն բնաբանն է. «Աստուծոյ պարգեւին ներքին բացայայտումը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի, 26 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը պիտի նախագահէ Հռոմի թեմի ինը նոր քահանաներու քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը։ Ասիկա մեծապէս սպասուած իրադարձութիւն մըն է Հռոմի Թեմին համար, որ կը պսակէ տարբեր փորձառութիւններէ եւ ուղիներէ եկած երիտասարդներու կոչումնի ընթացքը։

Ապագայ քահանաները՝ Կուլիելմօ Լափեննա, Ճորճօ Լարոզա, Ժոզ Էմանուէլ Նլեմէ Սապաթէ, Ճովաննի Էմանուէլ Նունցիանթէ Սալազար, Անթոնինօ Օրտինէ, Եորտան Քամիլօ Ռամոս Մետինա, Տանիելէ Ռիշիքա եւ Քրիսթիան Սկուացինօ — Հռոմի Թեմը պիտի հարստացնեն զանազան անձնական պատմութիւններով. ոմանք ձգած են արդէն սկսած ասպարէզ մը, ոմանք մանկութենէն զգացած են կոչումը, ոմանք հաւատքի եկած են ոչ կաթողիկէ միջավայրէ, իսկ ուրիշներ իրենց ընտրութիւնը հասունցուցած են առաքելութիւններու, համայնքային կեանքի կամ ծառայութեան փորձառութիւններու ընդմէջէն։

Աղօթքի Հսկում

Ձեռնադրութեան որպէս նախապատրաստութիւն, այսօր` Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարին մէջ նախատուած է կոչումներու համար աղօթքի հսկում մը, որուն բնաբանն է. «Աստուծոյ պարգեւին ներքին բացայայտումը»։

Կղերի Վերատեսչութեան, Հռոմի թեմին եւ եկեղեցական այլ մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած այս արարողութեան ընթացքին նախատեսուած են կեանքի եւ հաւատքի վկայութիւններ, իսկ Հռոմի թեմի երգչախումբը՝ Գերապ. Մարքօ Ֆրիզինայի ղեկավարութեամբ, պիտի կատարէ ծիսական երգեցողութիւնը։

Այս ձեռնարկը կը միտի ըլլալ եկեղեցական հաղորդութեան նշան եւ զօրակցութիւն՝ կոչումի զատորոշման հոլովոյթին, Հռոմի Եկեղեցւոյ համար այս յատկանշական պահուն։

Նորընծաներուն համար այս ձեռնադրութիւնը կը խորհրդանշէ քրիստոնէական համայնքին ծառայելու կեանքի նոր փուլի մը սկիզբը՝ թրծուած հարցումներով, անձնական խոր փորձառութիւններով եւ վճռական հանդիպումներով, որոնք վերջնականապէս ուղղորդած են իրենց ընտրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 09:56