Առանց կրթութեան՝ ազատութեան կորուստը պիտի շփոթուի յառաջդիմութեան հետ․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը Եաունտէի մէջ հանդիպեցաւ Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանի դասախօսական եւ ուսանողական անձնակազմին հետ․ «Ափրիկէն կրնայ հիմնարար ներդրում ունենալ յոյսի համար պայքարող մարդկութեան չափազանց նեղ հորիզոններու ընդլայնման գործին մէջ»։ «Սիրելի՛ ուսանողներ, դուք կը սորվիք դառնալ ձեր Երկիրներու ապագայի եւ աւելի արդար ու մարդկային աշխարհի կառուցողները»։ «Սիրելի՛ ուսուցիչներ կը քաջալերեմ ձեզի՝ մարմնաւորելու այն արժէքները, որոնք կ’ուզէք փոխանցել»
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուրաբթ` 17 Ապրիլ 2026ին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, Քամերունի մայրաքաղաք Եաունտէի մէջ տեղական ժամով ժամը 17:30ին, այցելեց Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանը՝ հանդիպում ունենալով դասախօսական եւ ուսանողական անձնակազմին հետ։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ իր ուրախութիւնը դրսեւորելով եւ ջերմ ընդունելութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելով ակադեմիական իշխանութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր ճառն սկսաւ ըսելով․

«Այսօր, առաւել քան երբեւէ, անհրաժեշտ է որ համալսարանները, եւ առաւել եւս կաթողիկէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները, վերածուին կեանքի եւ հետազօտութեան իրական համայնքներու, որոնք ուսանողներն ու դասախօսները կ՚առաջնորդեն դէպի գիտութեան եղբայրութիւնը՝ «ճշմարտութեան բերկրանքի փորձառութիւնը համայնականօրէն ապրելու եւ անոր իմաստն ու գործնական հետեւանքները խորացնելու համար»։

Համալսարանը՝ մշակոյթներու միջեւ հանդիպումի վայր, ճշմարտութեան որոնումը՝ համալսարանի նպատակ

Քահանայապետը այս միտքը բացատրեց Ֆրանչիսկոս Պապի «Veritatis gaudium» առաքելական սահմանադրութենէն քաղուած հատուածի օգնութեամբ՝ նշելով, որ ճշմարտութեան բերկրանքը համայնականօրէն ապրելու համար՝ Եկեղեցին պէտք է խթան դառնայ՝ ստեղծելու հանդիպման իրական մշակոյթ մը, որ տարբեր մշակոյթներու միջեւ ձիրքերու փոխանակման շնորհիւ կը վերածուի մշակոյթներու միջեւ հանդիպումի՝ առաջնորդելով մեզ դէպի հաղորդակցութիւն եւ միութիւն։

Արդարեւ, շարունակեց Սրբազան Հայրը, «մինչ աշխարհի մէջ շատեր կը թուին կորսնցնել իրենց հոգեւոր ու բարոյական յենակէտերը», «Համալսարանը գերազանցապէս բարեկամութեան, գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ներաշխարհի ու խորհրդածութեան վայր մըն է»։

Հաւատքը կ՚ընդլայնէ բանականութեան հորիզոնները

Ճշմարտութիւնը եղած է Համալսարան կառոյցին հիմնադիրներու նպատակը՝ միջնադարեան ժամանակաշրջանին անոր ստեղծման պահէն սկսեալ, եւ «այսօր ալ դասախօսներն ու ուսանողները կոչուած են որդեգրելու ճշմարտութեան միասնաբար որոնումը՝ որպէս իրենց կեանքի նպատակն ու ոճը»։

Ասկէ մեկնելով՝ Լեւոն Պապը դիտել տուաւ, որ հաւատքի լոյսը՝ միացած սիրոյ ճշմարտութեան, խորթ չէ նիւթական աշխարհին ու գիտութեան։ Ընդհակառակը՝ անիկա մարմնացեալ է, քանզի կը հարստացնէ գիտնականին միտքը, մղելով զայն բացուելու իրականութեան անսպառ խորհուրդին առջեւ։ Հաւատքը կ՚ընդլայնէ բանականութեան հորիզոնները եւ կ՚արթնցնէ քննադատական ոգին՝ թոյլ չտալով, որ մարդը սահմանափակուի միայն իր գտած բանաձեւերով, այլ միշտ սքանչանայ արարչագործութեան վեհութեամբ (հմմտ․ Ֆրանչիսկոս Պապ «Lumen fidei - Հաւատքի Լոյսը» շրջաբերական)։

Ազգի մեծութիւնը չի կրայ չափուիլ միայն անոր բնական պաշարներու առատութեամբ

«Ժամանակակից աշխարհին մէջ հրատապ է հաւատքի մասին մտածել՝ բացայայտելու համար անոր գեղեցկութիւնն ու վստահելիութիւնը տարբեր ծիրերէն ներս», շարունակեց, ուստի, Նորին Սրբութիւնը։

Ապա՝ յիշեցնելով «Ի սպաս ճշմարտութեան եւ արդարութեան» Համալսարանի նշանաբանը, Քահանայապետը շեշտեց, որ «ոչ մէկ հասարակութիւն կրնայ բարգաւաճիլ, եթէ չի հիմնուի ուղիղ եւ դէպի ճշմարտութիւնը դաստիարակուած խիղճերու վրայ»։ Ազգի մեծութիւնը, ըստ Անոր, չի կրնար չափուիլ միայն անոր բնական պաշարներու առատութեամբ, ոչ ալ նոյնիսկ անոր հաստատութիւններու նիւթական հարստութեամբ։

«Ափրիկէն կրնայ հիմնարար ներդրում ունենալ յոյսի համար պայքարող մարդկութեան չափազանց նեղ հորիզոններու ընդլայնման գործին մէջ», յարեց ըստ այդմ Լեւոն Պապը։

Բարոյական յենակէտերու քայքայումը ժամանակակից աշխարհի մէջ

Ան անդրադարձաւ, ապա, բարոյական յենակէտերու քայքայման՝ թուային եւ արհեստական բանականութեան ժամանակակից աշխարհին մէջ․ «Մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներու դիմաց Կաթողիկէ համալսարանը կը զբաղեցնէ եզակի եւ անփոխարինելի տեղ», ըսաւ Լեւոն Պապը եւ յատուկէն դիտել տուաւ, որ «Համալսարանը կարող է կերտել նոր մարդկայնութեան ռահվիրաներ՝ թուային յեղափոխութեան շրջանակին մէջ», չնայած, որ «նորը», ըստ Անոր,ունի նաեւ իր ստուերային կողմերը․ Ափրիկեան ցամաքամասը քաջատեղեակ է անոր՝ ըլլայ հրապուրիչ կողմերուն, ըլլայ բնապահպանական ու ընկերային աւերներուն՝ հում նիւթերու եւ հազուագիւտ հողերու տենդագին որոնումներու պատճառաւ։

Կրթութիւնը կարեւոր՝ չշփոթելու համար ազատութեան կորուստը յառաջդիմութեան հետ

Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց, հետեւաբար, «կրթական ջանքերը»՝ առանց որոնց, նշեց Ան, «տիրապետող տրամաբանութիւններուն կրաւորական յարմարումը պիտի շփոթուի կարողութեան հետ, իսկ ազատութեան կորուստը՝ յառաջդիմութեան հետ»։ Կրթութիւնը, ըստ Քահանայապետին, առաւել եւս անհրաժեշտ է արհեստական բանականութեան ծիրէն ներս, որ կը պահանջէ ոչ միայն թեքնիքական հմտութիւններ, այլեւ՝ մարդկայնական կրթութիւն մը, որ կարող ըլլայ տեսանելի դարձնել տնտեսական տրամաբանութիւնները եւ իշխանութեան ձեւերը, որոնք կը ձեւաւորեն մեր իրականութեան ընկալումը:

Կաթողիկէ Համալսարանը կը պատրաստէ զատորոշման ունակ մտքեր եւ ծառայութեան ու սիրոյ ունակ սրտեր

«Երբ նմանակումը կը դառնայ կանոն՝ մարդկային զատորոշման ունակութիւնը կը տկարանայ, եւ մեր ընկերային կապերը կը փակուին ինքնակեդրոն շրջանակներու մէջ, որոնք մեզ այլեւս չեն հաղորդակցեցնէր իրականութեան հետ»՝ վտանգելով «փոխակերպել ճշմարտութեան հետ ունեցած յարաբերութիւնը»։

«Դուք իրական մարդիկ էք», շեշտեց Լեւոն ԺԴ․՝ պնդելով, որ Կաթողիկէ Համալսարանը «չի սահմանափակուիր մասնագիտացուած գիտելիքներ փոխանցելով, այլեւ կը պատրաստէ զատորոշման ունակ միտքեր եւ ծառայութեան ու սիրոյ ունակ սրտեր։ Կը պատրաստէ ապագայ ղեկավարներ, պետական պաշտօնեաներ, ընկերային այլ դերակատարներ, որոնք կը գործադրեն իրենց պատասխանատուութիւնը պարկեշտութեամբ եւ կը հիմնեն իրենց գործունէութիւնը հաւաքական բարիքին ծառայող բարոյագիտութեան վրայ»։ Կաթողիկէ Համալսարանը «կը նպաստէ մարդկային անհատի ամբողջական ձեւաւորման»։

Սորվեցէ՛ք դառնալ ձեր Երկիրներու ապագայի կառուցողները

«Քամերունի սիրելի՛ որդիներ ու դուստրեր, գաղթելու հասկնալի հակումին դիմաց, որ կրնայ մղել հաւատալու, թէ այլուր աւելի դիւրին է գտնել լաւագոյն ապագայ մը, նախ եւ առաջ կը հրաւիրեմ ձեզի պատասխանելու սեփական հայրենիքին ծառայելու ջերմ փափաքով»։

«Սիրելի՛ ուսանողներ, դուք կը սորվէք դառնալ ձեր Երկիրներու ապագայի եւ աւելի արդար ու մարդկային աշխարհի կառուցողները»։

«Սիրելի՛ ուսուցիչներ կը քաջալերեմ ձեզի՝ մարմնաւորելու այն արժէքները, որոնք կ’ուզէք փոխանցել, ու առաջին հերթին՝ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն, ուղղամտութիւն, ծառայութեան ոգի եւ պատասխանատուութեան զգացում։ Չդաւաճանէ՛ք այս վեհ իտէալը»:

«Ափրիկէն պէտք ունի ձերբազատուելու փտածութեան չարիքէն, երիտասարդի մը մօտ այս գիտակցութիւնը պէտք է ամրապնդուի կազմաւորման տարիներէն իսկ»: Եղան Սրբազան Պապի եզրափակիչ կոչերը։

Աւելցնենք նաեւ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանը տարածաշրջանի մակարդակով ակադեմիական կարեւոր հաստատութիւն է, որ ունի ի միջի այլոց Աստուածաբանութեան, Փիլիսոփայութեան, Քաղաքական եւ իրաւաբանական գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ Ընկերային գիտութիւններու եւ կառավարման բաժանմունքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 18:21