Ալճերիոյ Եկեղեցին՝ շնորհիւ աղօթքին, ի շուրջ կը սերմանէ մարդկայնութիւն, միութիւն եւ մաքրութիւն. Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետին՝ Ալճերիա առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուայ վերջին կայանը մայրաքաղաք Ալժէի՝ Ափրիկէի Տիրամօր Պազիլիքան եղաւ, որմէ ներս Ան հանդիպեցաւ կաթողիկէ հասարակութեան հետ․ Տիրամօր սէրը կը համախմբէ բոլոր իր որդիները, այնպիսի հաւատքի մը մէջ, որ չի մեկուսացներ, այլ կը բանայ, կը միացնէ, բայց չի շփոթեցներ, կը մօտեցնէ առանց նոյնացնելու եւ կ'աճեցնէ ճշմարիտ եղբայրութիւն
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող այս եւ այլ լուրեր

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 13 Ապրիլին, կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին՝ Ալճերիա առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուայ վերջին կայանը եղաւ մայրաքաղաք Ալժէի Ափրիկէի Տիրամայր Պազիլիքան, որմէ ներս Ան հանդիպեցաւ կաթողիկէ հասարակութեան հետ։

Նշենք թէ՝ Պազիլիքան ունի նոր-բիւզանդական ոճ, կառուցուած է 1872ին։ Գլխաւոր խորանին վրայ զետեղուած է Մարիամ Աստուածածնայ բրոնզէ փոքր արձանը, որ տակաւին 1840ին, Փարիզի Սուրբ Սիրտ (Sacré-Cœur) միաբանութեան քոյրերը նուիրած էին Ալժէի առաջին եպիսկոպոսին։ Ժամանակի ընթացքին բրոնզին մութ գոյն ստանալուն պատճառաւ, զայն յաճախ կ’անուանեն «Սեւ Տիրամայր»: Պազիլիքան կ’այցելեն ոչ միայն քրիստոնեաները, այլ նաեւ բազմաթիւ մահմետականներ՝ աղօթելու Սուրբ Մարիամին, որ խորապէս յարգուած է նաեւ վերջիններուս կողմէ: Այս մէկը տաճարը կը դարձնէ երկու կրօններու կողմէ ընդունուած սրբավայրի հազուագիւտ օրինակ մը:

Նորին Սրբութիւնը Պազիլիքայի մուտքին մօտ դիմաւորուեցաւ Ալժէի Կարդինալ Արքեպիսկոպոսին կողմէ։ Բարի գալստեան ողջոյնէն, տարբեր անձերու վկայութիւններէն եւ յատուկ այս առիթով քրիստոնեայ եւ իսլամ հաւատացեալներուն կողմէ միասնաբար յօրինուած «Խաղաղութեան օրհներգ»էն ետք, Լեւոն Պապը կաթողիկէ հասարակութեան հոծ բազմութեան ուղղեց իր ճառը։

Ալճերիոյ նահատակները

Իր խօսքին սկիզբը Ան յիշեց 90-ականներուն Ալճերիոյ քաղաքացիական պատերազմի 19 նահատակները՝ կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ որոնք «ընտրեցին այս ժողովուրդին կողքին ըլլալ իր ուրախութիւններուն եւ ցաւերուն մէջ»։

«Դուք նաեւ ժառանգորդներն էք աւելի հին աւանդութեան մը, որ կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դարերը», շարունակեց, Նորին Սրբութիւնը յիշելով նաեւ Սուրբ Օգոստինոսը՝ իր մօր Սուրբ Մոնիքայի եւ նախորդած այլ սուրբերու հետ, որոնք հաղորդութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան «լուսաւոր հրաւէր» են այսօր։

Ասկէ մեկնելով Ան քրիստոնէական եկեղեցական կեանքին մէջ կարեւորեց աղօթքը, ողորմութիւնը եւ միութիւնը խթանելու յանձնառութիւնը․ երեք բնոյթներ, որոնց շուրջ Քահանայապետը կառուցեց իր պատգամը։

Բոլորս ունինք աղօթելու կարիք

«Բոլորս ունինք աղօթելու կարիք», հաստատեց Սրբազան Պապը առաջին բնոյթի առնչութեամբ: «Աղօթքը կը միաւորէ եւ կը դարձնէ մարդկային, կը զօրացնէ ու կը մաքրագործէ սիրտը, եւ Ալճերիոյ Եկեղեցին՝ շնորհիւ աղօթքի, մարդկայնութիւն, միութիւն, զօրութիւն եւ մաքրութիւն կը սերմանէ իր շուրջը», շարունակեց Ան եւ յորդորեց աղօթել ուրիշներուն համար, նուիրուիլ մերձաւորին փրկութեան՝ բոլոր հնարաւոր միջոցներով. աղօթքով, բարութեամբ, օրինակով (հմմտ․ Սուրբ Օգոստինոս, Նամակ Լուի Մասինիոնին, 01․08․1916):

Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ ատելութեան ու բռնութեան դիմաց իրենց կեանքը զոհաբերեցին

Եկեղեցական կեանքի երկրորդ բնոյթին՝ ողորմութեան անդրադառնալով, Քահանայապետը յղում կատարեց Քոյր Պերնատեթի վկայութեան, որ իր կեանքը նուիրած է հիւանդներուն, անոր պարզ մօտիկութեան նշանը ընդարձակուելով դարձած է բազմատարր կազմակերպութիւն, «իսկական համայնք, ուր բազմաթիւ անձեր կը մասնակցին թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ ցաւի պահերուն՝ միացած վստահութեան, բարեկամութեան եւ մտերմութեան կապերով», նկատել տուաւ Լեւոն Պապը։

Պապի խօսքերով, ողորմութեան հաւատարիմ մնացին նաեւ վերոնշեալ 19 նահատակները՝ բազմաթիւ այլ այրերու եւ կիներու՝ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու հետ միասին, որոնք ատելութեան ու բռնութեան դիմաց իրենց կեանքը զոհաբերեցին «առանց յաւակնութեան եւ առանց աղմուկի», առանց հպարտանալու եւ առանց յուսահատելու, «որովհետեւ գիտեն, թէ Որո՛ւն վստահած են» (հմմտ. Բ. Տիմոթէոս 1,12)։

Խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը քրիստոնէական համայնքին հիմնական յատկանիշները

«Խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը քրիստոնէական համայնքին հիմնական յատկանիշները եղած են սկիզբէն ի վեր (հմմտ. Գործք 2,42-47):

«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան, թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու հանդէպ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13,35)

«Եկեղեցին ժողովուրդներ կը ծնանի, բայց անոնք բոլորը մէկ մարմնի անդամներն են» (Սուրբ Օգոստինոսին՝ Սաղմոս 192, 2)։

«Աստուծոյ համար ամենամեծ զոհաբերութիւնը մեր միջեւ տիրող խաղաղութիւնն է, մեր եղբայրական զօրակցութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ մենք ժողովուրդ ենք՝ միացած Հօր, Որդոյն եւ Սուրբ Հոգիին միութեան մէջ» (Սուրբ Չիփրիանօ, «Տիրոջ Աղօթքը», 23)։

Սուրբ գիրերէն եւ Սուրբ Օգոստինոսէն ու Սուրբ Չիփրիանոյէն այս մէջբերումները հիմք ծառայեցին Լեւոն ԺԴ․ Պապին համար՝ անդրադառնալու եկեղեցական կեանքի երրորդ բնոյթին՝ խաղաղութիւնը ու միութիւնը խթանելու յանձնառութեան։

Տիրամօր սէրը կ'աճեցնէ ճշմարիտ եղբայրութիւն

Ափրիկէի Տիրամօր Պազիլիքան ըսուածի «նշան է», որուն «ծածկոյթին ներքեւ կը կառուցուի քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ հաղորդութիւնը», ըստ այդմ հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։ Տիրամօր սէրը «կը համախմբէ բոլոր իր որդիները, (…) այնպիսի հաւատքի մը մէջ, որ չի մեկուսացներ, այլ կը բանայ, կը միացնէ, բայց չի շփոթեցներ, կը մօտեցնէ առանց նոյնացնելու եւ կ'աճեցնէ ճշմարիտ եղբայրութիւն», ընդգծեց ի միջի այլոց Ան։

Իրարու պէտք ունինք,  Աստուծոյ պէտք ունինք

Այս անապատային Երկիրին «բնութեան դժուարութիւնները կը սահմանափակեն ինքնաբաւութեան ամէն տեսակի յաւակնութիւն եւ կը յիշեցնեն բոլորին, որ իրարու պէտք ունինք, որ Աստուծոյ պէտք ունինք», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ․ եւ ի վերջոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց աղօթքի, ողորմութեան եւ միութեան վկայութեան համար եւ իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 19:21