Քահանայապետը Անկոլայի մէջ. Երկրորդ օրը` պատարագ եւ Սուրբ Վարդարանի աղօթք

Լեւոն ԺԴ. Պապը առաւօտեան Լուանտայի մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագ եւ կէսօրէն ետքը այցելեց Մուքսիմայի Մամա Մուշիմա սրբավայրը` ուր գլխաւորեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 19 Ապրիլը հանդիսացաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին դէպի Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան նշանակալից պահերէն մին՝ Լուանտայի և Մուշիմայի (Muxima) միջև տեղի ունեցած հանդիպումներով, արարողութիւններով և խորհրդանշական ժեստերով։

Սրբազան Պապին Անկոլայի մէջ երկրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ Անոր դէպի Քիլամպայ (Kilamba Centrality) փոխադրութեամբ, որ Լուանտայի արդիական թաղամասերէն մին է եւ կառուցուած է միջազգային քաղաքաշինական կարևոր ծրագրի մը շնորհիւ։

Ժամանակին, բնակարաններու բարձր գիներուն պատճառաւ, այս վայրը կը կոչուէր «ուրուական քաղաք», սակայն այսօր Քիլամպան կը հանդիսանայ զարգացման և քաղաքային վերափոխման խորհրդանիշ։

Այստեղ, ընդարձակ հրապարակի մը վրայ, Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ շուրջ 100,000 հաւատացեալներու։

Արարողութեան վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական բացօթեայ կառքով շրջանը կատարեց եւ ողջունեց բազմահազար հաւատացեալները, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընկալեցին անոր ժամանումը։

Արարողութիւնը, որ հարուստ էր տեղական և միջազգային տարբեր լեզուներով մատուցուած ծիսական պահերով, շեշտեց Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա Լուանտայի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Ֆիլոմենօ տօ Նաշիմենթօ Վիէյրա Տիասին երախտագիտութեան խօսք մը ուղղեց Անոր։

Յետմիջօրէին, Առաքելական Նուիրակութեան մէջ մտերիմ ճաշէ մը ետք, Սրբազան Հայրը շարունակեց իր օրակարգը այս անգամ ուղղաթիռով ուղղուելով` դէպի Մուշիմա։

Պատմական և հոգևոր մեծ նշանակութիւն ունեցող այս վայրը կը հիւրընկալէ հանրայայտ   «Մամա Մուշիմա» սրբավայրը, որ երկրի ուխտագնացութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է։

17-րդ դարուն կառուցուած և Քուանզա (Kwanza) գետին եզերքը գտնուող այս տաճարը Անկոլայի պատմութեան կենդանի յիշողութիւնն է. դարեր շարունակ ան եղած է դէպի Ամերիկա աքսորուող ստրուկներու անցման կէտը, ժամանակի ընթացքին վերածուելով յոյսի և Տիրամօր հանդէպ տածած ջերմեռանդութեան խորհրդանիշի։

Հոս կը մեծարուի Անարատ Յղութեան շատ հին պատկեր մը, որուն հանդէպ հաւատացեալները մեծ ջերմեռանդութիւն ունին։ Ամէն տարի, Օգոստոսէն Սեպտեմբեր, կը կազմակերպուին ազգային ուխտագնացութիւններ, որոնց կը մասնակցին հազարաւոր մարդիկ որոնք իրենց  հաւատքի  յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Մարիամի՝ ծնկաչոք քալելով եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնակցելով վառած մոմերով գիշերային տպաւորիչ թափօրի մը։

Սրբավայրի հրապարակին վրայ Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Սուրբ Վարդարանի (Rosario) աղօթքը, տարբեր լեզուներով և մշակոյթներով հնչող ձայներու ընկերակցութեամբ որուն աւարտին Ան Սուրբ Կոյսին մատուցեց ծաղկեփունջ մը։

Յայտագիրը աւարտեցաւ Քահանայապետին դէպի Լուանտա վերադարձով փակելով հոգևորականութեամբ, պատմական յիշողութեամբ և անկոլացի ժողովուրդին հետ հանդիպումով յատկանշուած օր մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 07:52