Զոհողութեան գնով իսկ պաշտպանել ու պահպանել ընտանիքը եւ այն արժէքները, որոնք այնտեղ կը սովինք․ Լեւոն ԺԴ․

Այսօր՝ 22 Ապրիլին, կէսօրէն ետքը, Պաթայի մարզադաշտին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։ Իր 35 հազար նստատեղիով, մարզադաշտը Հասարակածային Կուինէային մէջ ամենէ մեծն ու արդիականն է, որ 2012-ին հիւրընկալած է Ափրիկէի ազգերու գաւաթը։ Այդ հսկայական բեմի վրայ նոր սերունդը Պապին առջեւ վկայեց իր կենսունակութեան եւ հաւատքի մասին
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապը Հասարակածային Կուինէա ճամբորդութեան նախավերջին օրը այցելեց Պաթա քաղաք եւ Երկրի ամենէ մեծ ու արդիական մարզադաշտին մէջ հանդիպեցաւ երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։

Հարուստ պատմութեամբ ու աւանդոյթներով Երկիր

«Հասարակածային Կուինէան հարուստ պատմութիւն ու աւանդոյթներ ունեցող Երկիր մըն է։ Ականատեսը եղանք պարերու, տարազներու եւ խորհրդանիշներու, որոնց միջոցաւ իւրաքանչիւր խումբ արտայայտեց իր ինքնութիւնը՝ մեր համախմբումը դարձնելով աւելի ակնյայտ եւ յուզիչ», նշեց Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Յիրաւի, Անոր խօսքէն առաջ, Երկիրի տարբեր շրջաններէն եկած հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ՝ աւանդական պարերով եւ վառ գոյներով ազգային տարազներով գունագեղ տողանցքի միջոցաւ ցուցադրեցին Հասարակածային Կուինէայի մշակութային հարստութիւնները։ Իսկ տարբեր իրականութիւններ ներկայացնող երիտասարդներու վկայութիւնները պատմեցին իրենց ամենօրեայ ապրած կեանքի ու հաւատքի մասին։

Եղէ՛ք համերաշխութեան, փոխադարձ սիրոյ, հաշտութեան ունակութեան օրինակ

Լեւոն Պապը շարունակեց իր պատգամը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի՝ տարիներ առաջ ճիշտ Ափրիկէի մէջ արտասանած խօսքերով․ «Միշտ օրինակ եղէք ձեր միջեւ տիրող համերաշխութեան, փոխադարձ սիրոյ, հաշտութեան ունակութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի, ընտանիքի եւ ընկերային խմբաւորման իրաւունքներու փաստացի յարգանքին։ Յարգեցէ՛ք եւ յառաջ մղեցէ՛ք ձեր երկրի բոլոր անձերուն արժանապատուութիւնը՝ թէ՛ որպէս մարդ էակներ եւ թէ՛ որպէս Աստուծոյ զաւակներ» (Մալապօ, 18 Փետրուար 1982)։

Երիտասարդներու վկայութիւնները

Այս խօսքերը «մինչեւ այսօր կ'առաջնորդեն մեր սրտերը եւ պէտք է լուսաւորեն ձեր ուղին»՝ ապագայի պատասխանատուութիւններուն ընդառաջ, նշեց առ այդ Պապը եւ մէկիկ մէկիկ անդրադարձաւ հանդիպման սկիզբը երիտասարդներու պատմած վկայութիւններուն՝ «սեփական պարտականութիւններուն հաւատարիմ մնալու եւ ամէնօրեայ աշխատանքով ընտանիքի ու հասարակութեան բարիքին նպաստելու կարեւորութեան մասին», «դիւրին յաջողութեան» փոխարէն «ջանքը, կարգապահութեան եւ լաւ կատարուած աշխատանքի մշակոյթը» ընտրելու» եւ այդ մէկը արժեւորուած տեսնելու մասին, ընտանիք կազմելու ու ամուսնութեան խորհուրդի մասին, զոր վտանգուած է դատողութիւններու, նախապաշարումներու եւ կարծրատիպներու պատճառաւ, աշխատանքէն ներս կանանց դերի, իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութիւնը յառաջ մղելու մասին, քահանայական կոչումի մասին։

Ընտանիքները՝ մարդկային եւ քրիստոնէական աճումի պարարտ հող։ Ամուսնութեան խորհուրդը՝ խանդավառ առաքելութիւն

Ասկէ մեկնելով` Քահանայապետը նախ ընդգծեց, որ ընտանիքներն են այն «պարարտ հողը», ուր «մարդկային եւ քրիստոնէական աճումի թարմ ու նուրբ ծառը կ'արձակէ իր արմատները», ուստի հրաւիրեց «միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ»՝ «հարազատներուն պարգեւին համար»։

Ապա՝ անդրադարձաւ ամուսնութեան խորհուրդին՝ զայն բնութագրելով որպէս «խանդավառ առաքելութիւն» եւ «օրը օրին ապրուող դաշինք», ուր զոյգերը, «Աստուծոյ հետ միասին, կեանքի հրաշքին հեղինակներն են եւ իրենց ու իրենց զաւակներու երջանկութեան կերտողները»։

«Պատրաստուեցէ՛ք ապրելու այս կանչը, որպէս ճշմարիտ սիրոյ ճամբայ, զոր կ’աճի ազատութեան մէջ, որպէս յոյսի ճամբայ, կը ծնի այն գիտակցութենէն, թէ Աստուած ձեզ չի լքեր. սրբութեան ուղի մը, որ միշտ կը փնտռէ դիմացինին բարիքն ու երջանկութիւնը», եղաւ հետեւաբար Անոր յորդորը։

Կարեւոր է, ըստ Լեւոն Պապի, նոյնիսկ զոհողութեան գնով, «պաշտպանել ու պահպանել ընտանիքը եւ այն արժէքները, որոնք հոն կ'ուսանինք»։

Մի՛ վախնաք հետեւելու Աստուծոյ քայլերուն

Քահանայութեան կոչումին վերաբերեալ Քահանայապետը նշեց, որ Աստուծոյ նուիրած կեանքը երջանիկ կեանք է, որ կը նորանայ ամէն օր աղօթքով, Խորհուրդներով եւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ հանդիպումով, որոնց Աստուած կը դնէ ճամբուն վրայ, ուստի, շարունակեց Ան «եթէ կը զգաք, որ Քրիստոս ձեզ կը կանչէ իրեն հետեւելու յատուկ նուիրումի ճամբով մը՝ որպէս քահանաներ, կրօնաւորուհիներ կամ կրօնաւորներ, մի՛ վախնաք անոր քայլերուն հետեւելու» եւ «պիտի ստանաք «հարիւրապատիկը եւ [...] յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 19,29)»։»

Ամէն օր վկայենք, որ սիրելը գեղեցիկ է

«Սիրելի երիտասարդներ, ծնողներ, եւ բոլոր ներկաներ, եկէ՛ք թոյլ տանք, որ մեզ ոգեւորէ սիրոյ գեղեցկութիւնը, մեզ դարձնենք Յիսուսի՝ մեզի տուած ու սորվեցուցած սիրոյ վկաները։ Ամէն օր վկայենք, որ սիրելը գեղեցիկ է, որ ամենամեծ ուրախութիւնները (…) կը բխին նուիրելու ու նուիրուելու կարողութենէն, յատկապէս, երբ կը խոնարհինք առաւել կարիքաւորի առջեւ»

«Սիրոյ լոյսը, որ կը մշակուի տուներուն մէջ եւ կ'ապրուի հաւատքով, կրնայ իրապէս վերափոխել աշխարհը՝ նաեւ անոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ հոն յարգանք գտնէ եւ ոչ մէկը մոռացութեան մատնուի» (հմմտ. Ֆրանչիսկոս, Պատգամ Պարէնի Համաշխարհային Օրուան առթիւ, 14 Հոկտեմբեր 2022)»։

«Եկէ՛ք միասնաբար այս մէկը դարձնենք հաստատակամ որոշում մը, ուրախալի յանձնառութիւն մը, որպէսզի Քրիստոս՝ Խաչեալ ու Յարուցեալ, Հասարակածային Կուինէայի, Ափրիկէի ու ամբողջ աշխարհի լոյսը, մեզ բոլորս առաջնորդէ դէպի յոյսի ապագայ», եղան Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին վերջին յորդորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2026, 20:20