Լեւոն ԺԴ. այցելեց Մալապոյի Հոգեբուժական հիւանդանոցը

Սրբազան Քահանայապետը՝ Ափրիկէ իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս այսօր՝ 21 Ապրիլին կը գտնուի Հասարակածային Կուինէայի մէջ, ուր յետմիջօրէին հանդիպեց «Jean-Pierre Olie» Հոգեբուժական հիւանդանոցի հիւանդներուն ու անձնակազմին հետ․ միայն Աստուած մեզի կը սիրէ, ինչպէս որ ենք, սակայն ոչ թէ որպէսզի մնանք այնպէս, ինչպէս որ ենք

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մէկ կողմէ՝ հիւանդներու եւ անոնց հարազատներուն ցաւը, միւս կողմէ՝ հիացմունք եւ մխիթարութիւն՝ յանուն ամէն օր մարդկային կեանքի ծառայութեան. Իր այս «երկակի» զգացմունքները նկարագրեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը՝ 21 Ապրիլին այցելելով  Հասարակածային Կուինէայի Մալապօ քաղաքի «Jean-Pierre Olie» հոգեբուժական հիւանդանոց եւ ներկաներուն ուղղելով իր ողջոյնին խօսքը։ Զգացմունքներ, ուր, սակայն գերակշռողը այսօր, ուրախութիւնն է, նշեց Ան, «Տիրոջ անունով  իրարու հանդիպելու ուրախութիւնը՝ ի խնամք տկարութեան մէջ գտնուող անձանց»։

Քրիստոս չի կարող փրկել մեզ՝ առանց մեր համագործակցութեան

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը շարունակեց ՝ հիմնուելով հանդիպման ընթացքին տարբեր անձերու կողմէ արտասանած վկայութիւններու վրայ։ Ան յղում կատարեց նախ Հիւանդանոցի Տնօրէնի վկայութեան առ այն, որ․ «մեծ հասարակութիւնը այն չէ, որ կը թաքցնէ իր տկարութիւնները, այլ այն՝ որ զանոնք սիրով կը շրջապատէ»։

Այդ մէկը «քրիստոնէական արմատներ ունեցող քաղաքակրթական սկզբունք նկատելով՝ Պապն ընդգծեց, որ «Քրիստոս ֆիզիքական անկարողութիւնը անէծքէն փրկեց եւ անոր վերադարձուց իր լիարժէք արժանապատուութիւնը»։ Սակայն «Փրկիչը չ’ուզէր եւ չի կարող փրկել մեզ՝ առանց մեր անձնական ու ընկերային համագործակցութեան», «Ան մեզմէ կը խնդրէ սիրել եղբայրները առարկայական գործողութիւններով», այդպիսով «հոգեբուժական հիւանդանոցը կրնայ դառնալ սիրոյ քաղաքակրթութեան նշան», յարեց հուսկ Սրբազան Հայրը ։

Աստուած չ’ուզէ, որ հիւանդ ըլլանք, Ան կ’ուզէ մեզ բուժել

Լեւոն ԺԴ․, ապա,  իր յուզմունքն արտայայտեց՝ Հիւանդանոցի հիւանդի մը՝ «շնորհակալութիւն մեզի սիրելու համար այնպէս, ինչպէս որ ենք» վկայութեան առնչութեամբ։ «Այո՛», հաստատեց Պապը, «միայն Աստուած մեզի կը սիրէ, ինչպէս որ ենք, սակայն ոչ թէ որպէսզի մնանք այնպէս, ինչպէս որ ենք»։ Աստուած չ’ուզէ, որ հիւանդ ըլլանք, Ան կ’ուզէ մեզ բուժել» եւ «հիւանդանոց մը, յատկապէս եթէ այն քրիստոնէական ոգեշնչումով է՝ վայր մըն է՝ ուր անհատը կ’ընդունուի այնպէս, ինչպէս որ է, կը յարգուի իր տկարութեան մէջ՝ զինք օգնելու, որպէսզի լաւանայ ամբողջական տեսլականով»։

Բառերէն աւելի կարեւոր են ժեսթէերը, զգացմունքները, ուշադրութիւնները

Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հիւանդանոց այցի ծիրէն ներս իրեն նուիրած մէկ բանաստեղծութեան՝ նկատել տալով, որ այսպիսի միջավայրերը կազմուած են բազմաթիւ թաքնուած բանաստեղծութիւններէ, ուր բառերէն աւելի կարեւոր են ժեսթէերը, զգացմունքները ու ուշադրութիւնները՝ «քերթուած մը, զոր միայն Աստուած կրնայ լիովին կարդալ»։

 

Սրբազան Հայրը աւարտեց խօսքը՝ իր օրհնութիւնը ի սրտէ բաշխելով բոլոր ներկաներուն վրայ։

«Jean-Pierre Olie Հոգեբուժական հիւանդանոցը

Աւելցնենք, որ Սամփաքա շրջանին մէջ գտնուող «Jean-Pierre Olie - Ժան-Փիէր Օլիէ» հոգեբուժական հիւանդանոցը, իր վեց տաղաւարներով, կը հանդիսանայ շրջադարձային կէտ մը երկրի մէջ հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման բնագաւառին մէջ։ Պատմականօրէն, հասարակութիւնը հակում ունէր թաքցնելու հոգեկան խանգարումներ ունեցող անձերը՝ զանոնք մատնելով մոռացութեան կամ խարանի։ Այս կառոյցը, որ սկսաւ գործել 2014-ին որպէս երկրի առաջին արդիական կեդրոնը, նպատակ ունի ըլլալ ազգային յանձնառութեան խորհրդանիշը՝ հիւանդները հասարակութեան մէջ վերահաստատելու համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 19:19