Սիրտը՝ մարդկային էակի կեդրոն ու համադրութիւն․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 27 Ապրիլին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ճեմելլի հիւանդանոցային համալիրէն ներս «Սրտի կեդրոն-Ֆրանչիսկոս Պապ» անունով նոր շէնքի հիմնաքարի օրհնութեան առթիւ, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց հաստատութեան ներկայացուցիչները։
Ճիշտ սիրտ բառը առանցքը կազմեցաւ Լեւոն Պապի՝ ներկաներուն ուղղած խորհրդածութիւններուն։ Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ, որ սիրտ՝ իտալերէնով CUORE բառը տուեալ պարագային գործառնական առումով նաեւ յապաւումն է Cardiovascular Unique Offer ReEngineered - Սիրտ-անօթային վերանախագծուած եզակի առաջարկ»ին, որ նպատակ ունի սրտանօթային խնամքը դարձնել որպէս նոր մարդակեդրոն կազմակերպչական ձեւաչափ, ուր պիտի կեդրոնանան Ճեմելլիի սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու բուժումները։ «Պահանջկոտ մարտահրաւէր», ըստ Քահանայապետի»՝ զոր պէտք ունի՝ ոգեւորութեան, համագործակցութեան եւ աղօթքի։
Սուրբ Սրտի համալսարան անուանման ընտրութիւնը
«Սիրտ» բառը՝ նաեւ Ճեմելլի բազմաբուժարանին պատկանող համալսարանի անուան մէջ է՝ «Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ համալսարան», նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը եւ այս առթիւ յիշեցուց պատմական կարեւոր իրադարձութիւն մը, երբ իտալական իշխանութիւններու կողմէ պետական ճանաչում ստանալու համար շատեր համալսարանի հիմնադիր Հայր Ճեմելլիին խորհուրդ տուած էին զայն չ’անուանել «Սուրբ Սրտի» համալսարան՝ որպէս չափազանց բարեպաշտական անուն։ Անոր կասկածները փարատեց, սակայն, տիկին Արմիտա Պարելլին՝ իր հաւատարիմ համագործակիցը եւ Եկեղեցւոյ կողմէ այսօր Երանելի ճանչցուած։
Սիրտը մարդկային էակի կեդրոն ու համադրութիւն
Այդ ընտրութիւնը «մարգարէական» բնութագրելով, Լեւոն ԺԴ․ ըստ այդմ շեշտեց, որ «Ֆրանչիսկոս Պապը ցանկացաւ «Dilexit nos - Ան մեզ սիրեց» իր վերջին Շրջաբերականը, որ գրեթէ կտակ մըն է, նուիրել «Յիսուս Քրիստոսի Սրտի մարդկային եւ աստուածային սիրոյն», ապա՝ մէջբերեց առաջին գլուխէն հատուած մը․
«Իւրաքանչիւր մարդ էակի կորիզը՝ անոր ամենաներքին կեդրոնը, ոչ թէ լոկ հոգիին կորիզն է, այլ համակ անձին՝ իր եզակի ինքնութեամբ, որ բաղկացած է հոգիէ եւ մարմնէ։ Ամէն ինչ միաձուլուած է սրտին մէջ, որ կրնայ հանդիսանալ սիրոյ գահը՝ իր բոլոր հոգեւոր, հոգեկան եւ նոյնիսկ մարմնական բաղադրիչներով։ Ի վերջոյ, եթէ հոն սէրը թագաւորէ, անձը կը հասնի իր լիակատար ու լուսաւոր ինքնութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ էակ նախ եւ առաջ սիրոյ համար ստեղծուած է. ան իր ամենախորունկ թելերով կերտուած է սիրելու եւ սիրուելու համար» (թիւ 21)։
Մարդկային եւ քրիստոնէական կազմաւորման կարեւորութիւնը
Այս հատուածի մէջ Սրբազան Պապի խօսքերով հնարաւոր է վերագտնել սկզբունքներու ու արժէքներու պատկերը, որոնք Բազմաբուժարանի կազմաւորման հիմքը կը հանդիսանան։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները՝ յորդորելով, որ որքան Ճեմելլին աճի, այնքան աւելի պէտք է խնամուի այնտեղ գործողներուն մարդկային եւ քրիստոնէական կազմաւորումը։
Սակայն «Dilexit nos»ի հիմնական պատգամը Քրիստոսի Սրտի աստուածաբանական եւ հոգեւոր սէրն է, որ մեր կեանքի ու գործի գլխաւոր ներշնչումն է։ Որպէս անմար կրակ այս սէրը Եկեղեցւոյ մէջ ծնունդ տուած է բարեգործութեան ու կրթական-ընկերային ծառայութեան բազմաթիւ վկաներու՝ անոնց շարքին հայր Ճեմելլին ու Արմիտա Պարելլին, հաստատեց հուսկ Սրբազան Հայրը եւ օրհնեց բոլորը եւ կառոյցի առաջին քարը՝ հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
