Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Անկոլայի մէջ Եկեղեցին կ’աճի եւ կրնայ սատարել բոլորին իրաւունքներու պաշտպանութեան»
Երեքշաբթի, 21 ապրիլին, Լուանտայէն դէպի Հասարակածային Հասարակածային ԿուինէաՄալապօ քաղաքը փոխադրող օդանաւին մէջ, Լեւոն ԺԴ.Քահանայապետը պատասխանեց իրեն ընկերակցող լրագրողներու հարցումներուն, անդրադառնալով Անկոլայի մէջ Եկեղեցի-Պետութիւն գործակցութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ նոր կարդինալներու նշանակման հաւանականութեան։
Գործակցութիւն՝ յանուն ժողովուրդի բարօրութեան
Անկոլայի հանրային հեռուստատեսութեան թղթակից Ատրիանա Տոմինկոսի հարցումին ի պատասխան, թէ ինչպէ՞ս Եկեղեցին կրնայ օգնել պետութեան՝ կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ նախագահին հետ արդէն իսկ քննարկած է համատեղ ծրագիրներու կարելիութիւնը։
«Մենք արդէն իսկ կը գործակցինք տարբեր հարթակներու վրայ՝ ի նպաստ ժողովուրդին։ Քննարկեցինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բարելաւել պետական ծառայութիւնները, նոր հիւանդանոցներու եւ կառոյցներու հիմնումով», ըսաւ Պապը։
Ան շեշտեց նաեւ, որ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է վկայութեամբ եւ Աւետարանի քարոզչութեամբ պաշտպանել համամարդկային իրաւունքները։
Անկոլացի լրագրող Մաուրօ Ռոմոթոյի հարցումը՝ անկոլացի հաւանական կարդինալի մը նշանակման մասին, Քահանայապետը ժպիտով պատասխանեց որ նոր կարդինալներու ստեղծման թուականը դեռ որոշուած չէ։
«Հարցը պէտք է դիտել համաշխարհային մակարդակով։ Յուսանք, որ մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային, Ափրիկէն եւ մասնաւորաբար Անկոլան կ’ունենան իրենց նոր կարդինալը», նշեց Ան։
Rádio Ecclésia-ի թղթակից Քորնելիօ Պենթոյի հարցումին պատասխանելով, Պապը ուրախութիւն յայտնեց Անկոլայի մէջ Եկեղեցւոյ աճին համար։ Ան յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը՝ շեշտելով, որ քրիստոնէական քարոզչութիւնը պէտք չէ ըլլայ «մարդորսորդութեան քարոզչութիւն» (proselytism), այլ՝ հաւատքի գեղեցկութեամբ ու հաւատացեալներու ուրախութեամբ կատարուած հրաւէր։
Աւելի շատ հովիւներ՝ ի նպաստ ժողովուրդի բարօրութեան
Անկոլայի մէջ ճշմարիտ է՝ «Եկեղեցին կ’աճի»։ Եւ ասիկա շնորհիւ նաեւ եպիսկոպոսներու աշխատանքին ու առաքելական նուիրակի գործակցութեան, ընդգծեց Լեւոն ԺԴ.։ «Կրնանք գործնականապէս տեսնել, թէ ո՛ւր կարեւոր պիտի ըլլայ նոր թեմեր հաստատել՝ ի նպաստ ժողովուրդին, որպէսզի կարելիութիւնը ստեղծուի ունենալու աւելի մեծ թիւով եպիսկոպոսներ, որոնք իբրեւ հովիւներ աւելի մօտիկ կ’ըլլան ժողովուրդին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
