Որոնել

Պօղոս Գ. Պաղտատի Քաղդէացիներու պատրիարքը Պօղոս Գ. Պաղտատի Քաղդէացիներու պատրիարքը 

Քահանայապետը Եկեղեցական Հաղորդութիւն շնորհեց Պաղտատի Քաղդէացիներու Պատրիարքին

Լեւոն ԺԴ Պապը պաշտօնապէս շնորհեց «Եկեղեցական Հաղորդակութիւն» Քաղդէացւոց նորընտիր Պատրիարք Պօղոս Գ. Նոնային՝ վերահաստատելով Պաղտատի Աթոռին լիակատար միութիւնը Հռոմի Սուրբ Աթոռին հետ: Սրբազան Քահանայապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց հաւատքի համար փորձութիւններու մատնուած քաղդէացի ժողովուրդին՝ մաղթելով, որ նոր հովուապետը զանոնք առաջնորդէ աւետարանական նուիրումով եւ առաքելական աւանդութեան հաւատարմութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը պաշտօնական նամակով ընդառաջեց Պաղտատի Քաղդէացւոց նորընտիր Պատրիարք, Ամենապատիւ Պօղոս Գ. Նոնայի խնդրանքին՝ շնորհելով անոր «Ecclesiastica Communio-Եկեղեցական Հաղորդութիւն)։ Այս մասին ապրիլ 28-ին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը։

Միութեան եւ ծառայութեան կապը

Պապը իր նամակին մէջ նշած է, որ այս շնորհումը «Առաքելական Աթոռին հետ լիակատար հաղորդութեան արտայայտութիւնն ու կապն է», որուն նպատակն է ծառայել եկեղեցական միութեան եւ Քրիստոսի Մարմնոյ շինութեան։

«Յոյժ խնդութեամբ կը շնորհեմ Ձեզի Եկեղեցական Հաղորդութիւն», գրած է Սրբազան Քահանայապետը՝ պատասխանելով Պատրիարքի դիմումին, որ ներկայացուած էր համաձայն Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքի (CCEO) 76-րդ կանոնին։

Պատմական ընտրութիւն եւ առաքելութիւն

Պօղոս Գ. Նոնա Պատրիարքը ընտրուած էր 12 Ապրիլ 2026-ին, Հռոմի մէջ գումարուած Քաղդէական Եկեղեցւոց Սիւնհոդոսին կողմէ, յաջորդելով Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Սրբազան Հօր։ Յատկանշական է, որ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ այն օրը, երբ Քաղդէական ծիսակարգը կը յիշատակէ Յարուցեալ Քրիստոսի հանդիպումը Սուրբ Թովմաս առաքեալին հետ։

Լեւոն ԺԴ Պապը իր բարեմաղթութիւններուն մէջ յորդորած է նորընտիր Պատրիարքը՝ առաջնորդել Աստուծոյ ժողովուրդը ըստ Քրիստոսի Սրտին ու մաղթած է, որ Քաղդէական Եկեղեցին, իր հնագոյն առաքելական աւանդութեամբ եւ մարտիրոսներու վկայութեամբ, շարունակէ Աւետարանի քարոզչութիւնը։ Նամակին մէջ Քահանայապետը շեշտած է եկեղեցական հաղորդութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը թէ՛ պատրիարքական տարածքներէն ներս եւ թէ՛ հետզհետէ ընդլայնուող սփիւռքի մէջ։

Քաջութեան եւ հաւատքի վկայութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր աղօթքն ու օրհնութիւնը փոխանցած է նաեւ եպիսկոպոսներուն, կղերական դասուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։ Ան յատուկ յիշատակում կատարած է այն դժուարութիւններուն մասին, որոնց կը բախին քաղդէացի հաւատացեալները՝ զանոնք անուանելով «Եկեղեցւոյ պարծանքը», որոնք աննկուն հաւատքով կը դիմագրաւեն դժուարին փորձութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2026, 10:02