Ի նպաստ բոլորի սննդառութեան․ Լեւոն ԺԴ․ Պապի Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի (WFP) կողմէ հրապարակուած «2026 Global Outlook» զեկոյցի տուեալներով, 318 միլիոն մարդ կը դիմագրաւէ սովի ճգնաժամային մակարդակ կամ աւելի ծանր իրավիճակներ։
Նոյն Զեկոյցը կը զգուշացնէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնը առ աւելիով պիտի բարդացնէ իրավիճակը։
Այս իրականութիւնը առ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ զայն կը համեմատենք սննդամթերքի համաշխարհային վատնումին հետ։ Ըստ ՄԱԿ-ի Շրջակայ միջավայրի ծրագրի (UNEP) «Սնունդի վատնման ցուցանիշին»՝ աշխարհը կը վատնէ աւելի քան մէկ միլիառ թոն սննդամթերք, ինչը նաեւ կլիմայական լուրջ խնդիր է, հաշուի առնելով, որ անոնք կը կազմեն ջերմոցային կազերու համաշխարհային արտանետումներու 8-էն 10 առ հարիւրը։
Ճիշտ այս համաշխարհային յարակարծային հակասութիւնն է, որ Լեւոն ԺԴ․ Պապը կը դնէ Մայիս ամսուայ իր աղօթքի դիտաւորութեան կեդրոնը, որ հրատարակուեցաւ այսօր եւ կը տարածուի Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցին միջոցաւ։
Քահանայապետը կը ճանչնայ, որ «միլիոնաւոր եղբայրներ ու քոյրեր տակաւին կը տառապին սովէն, մինչդեռ այդքան շատ սնունդ կը վատնուի մեր սեղաններուն վրայ»։
Ան կ’աղօթէ Տիրոջ, որպէսզի հաւատացեալներու մէջ արթննայ «նոր գիտակցութիւն մը՝ «սորվելու համար շնորհակալութիւն յայտնել ամէն մէկ ուտելիքի համար», որ Տէրը պարգեւած է բոլորին, եւ ոչ թէ լոկ որոշներուն։
Ապա՝ կը խնդրէ Աստուծմէ, որպէսզի համայնքները ունակ ըլլան «վերափոխելու եսասիրական սպառման տրամաբանութիւնը՝ զօրակցութեան մշակոյթի» եւ խթանեն «առարկայական գործողութիւններ՝ իրազեկման արշաւներ, սննդամթերքի շտեմարաններ եւ սթափ ու պատասխանատու ապրելակերպ», որպէսզի «ոչ ոք դուրս մնայ ընդհանուր սեղանէն»։
Սրբազան Պապին «Ի նպաստ բոլորի սննդառութեան» աղօթքը
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։
Տէ՛ր Արարչագործութեան,
Դուն մեզի պարգեւեցիր բերրի երկիրը եւ անոր հետ միասին մեր հանապազօրեայ հացը՝
ի նշան Քու սիրոյդ եւ Քու նախախնամութեանդ։
Այսօր ցաւով կը ճանչնանք,
որ մեր միլիոնաւոր եղբայրներն ու քոյրերը տակաւին կը տառապին սովէն,
մինչդեռ այդքան շատ սնունդ կը վատնուի մեր սեղաններուն վրայ։
Արթնցո՛ւր մեր մէջ նոր գիտակցութիւն մը.
որպէսզի սորվինք շնորհակալութիւն յայտնել ամէն մէկ ուտելիքի համար,
սպառել պարզութեամբ,
բաժնեկցել ուրախութեամբ,
եւ պահպանել երկրի պտուղները՝ որպէս Քու պարգեւդ,
որ նախատեսուած է բոլորի եւ ոչ թէ լոկ քանիի մը համար։
Բարի Հա՛յր,
Օգնէ՛ մեզի վերափոխել եսասիրական սպառման տրամաբանութիւնը
զօրակցութեան մշակոյթի։
Թող, որ մեր համայնքները խթանեն առարկայական գործողութիւններ՝
իրազեկման արշաւներ, սննդամթերքի շտեմարաններ
եւ սթափ ու պատասխանատու ապրելակերպ։
Դու՛ն, որ ուղարկեցիր Քու սիրելի Որդիդ՝ Յիսուսը,
բեկեալ հացը աշխարհի կեանքի համար,
պարգեւէ՛ մեզի նոր սիրտ՝ արդարութեամբ քաղցած եւ եղբայրութեան ծարաւ։
Թող ոչ ոք դուրս մնայ ընդհանուր սեղանէն,
եւ թող Քու Հոգիդ մեզի սորվեցնէ հացը տեսնելու
ոչ թէ որպէս սպառողական ապրանք,
այլ՝ որպէս նշան հաղորդութեան եւ հոգատարութեան։
Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
