ITALY-VATICAN-DIPLOMACY-ALGERIA

Սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը

Երկուշաբթի` 13 ապրիլի առաւօտեան սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Քահանայապետութեան միջազգային երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը, որ զինք հերթաբար պիտի առաջնորդէ նախ Ալճերիա, ապա Քամերուն, հուսկ Անկոլա եւ ի վերջոյ հասարակածային Կուինէա։ Ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 23 ապրիլ երբ Սրբազան Պապը վերադարձ պիտի կատարէ Վատիկան։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Խաղաղութիւնը ձեր հետ», «Անոր մէջ մենք մէկ ենք», «Յոյսի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուխտաւոր», ապա «Քրիստոս լոյս Հասարակածային Կուինէային, դէպի յոյսի ապագայ» կարգախօսներով է` որ Լեւոն ԺԴ. երկուշաբթի 13 ապրիլի առաւօտեան մեկնեցաւ Վատիկանէն ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայան ուր հրաժեշտի հակիրճ արարողութենէն մը ետք բարձրացաւ «ԻԹԱ» ընկերութեան օդանաւ եւ իր հետ ճամբորդող շքախումբի անդամներուն եւ լրագրողներուն հետ մեկնեցաւ ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Ալճերիայի մայրաքաղաք Ալժէ, սկիզբ տալով իր Քահանայապետութեան միջազգային երրորդ առաքելական ճամբորդութեան, որ զինք հերթաբար պիտի առաջնորդէ նախ Ալճերիա, ապա Քամերուն, հուսկ Անկոլա եւ ի վերջոյ հասարակածային Կուինէա։ Ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 23 ապրիլ երբ Սրբազան Պապը վերադարձ պիտի կատարէ Վատիկան։

Նշենք` որ Քահանայապետը ճամբորդութեան առաջին նպատակակէտն է` Ալճերիայի մայրաքաղաք Ալժէյի միջազգային օդակայանը, ուր Ան կը ժամանէ երկու ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք։

«Ալժէյը Ալճերիայի մայրաքաղաքն է եւ երկրի հիմնական նաւահանգիստը։ Անունը կը բխի հին կղզեակներէ, որոնք այսօր ներառուած են նաւահանգստի կառոյցներուն մէջ։ Քաղաքը բաժնուած է երեք մասի՝ ստորին շրջանը՝ ֆրանսական գաղութատիրական ժամանակաշրջանէն, վերին մասը կամ հին քաղաքը՝ Քազպան (օսմանեան ծագում ունեցող եւ UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան վայր), եւ անկախութենէն ետք զարգացած ծայրամասային թաղամասերը։

Ալժէն ունի երկար պատմութիւն՝ փիւնիկեան բնակավայր ըլլալէ մինչեւ հռոմէական գաղութ, ապա օսմանեան կեդրոն, եւ վերջապէս ֆրանսական տիրապետութիւն 1830-էն մինչեւ 1962-ի անկախութիւնը։ Ան կը կոչուի «սպիտակ քաղաք», քանի որ ծովէն կ՛ երեւի որպէս սպիտակ շինութիւններու լայն տարածք։ Միջազգային օդակայանը անուանակոչուած է Houari Boumédiène-ի անունով, որ եղած է Ալժերիոյ քաղաքական պատմութեան կարեւոր դէմք»։

Նորին Սրբութիւնը Իտալիոյ օդային տարածքին վրայէն սաւառնելու ընթացքին աւանդութեան համաձայն հեռագիր մը ուղղեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին որուն մէջ նշեց` թէ իր այս ճամբորդութեան դրդապատճառն է «հանդիպիլ հաւատքի մէջ եղբայրներուն ու այդ Պետութիւններու բնակիչներուն», ապա Նախագահին ուղղեց իր ողջոյնները իր աղօթքները ապահովեցնելով իտալացի ժողովուրդի բարօրութեան համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 09:07