Լեւոն Պապի պատգամը Պամենտայի մէջ. խաղաղութեան եւ եղբայրութեան յորդոր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Ապրիլ 16-ին կատարեց կարճատեւ, բայց իմաստալից այցելութիւն մը Պամենտա` որուն առաջին կարեւոր հանգրուանը հանդիսացաւ Սուրբ Յովսէփ Մայր Եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ խաղաղութեան հանդիպումը Պամենտայի հասարակութեան մասնակցութեամբ։
Աստուծոյ խաղաղութեան մէջ միշտ կարելի է վերսկսիլ
Հանդիպման վայր ժամանելու Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Պամենտայի Արքեպիսկոպոս` Անտրիու Նքէա Ֆուանիայի կողմէ որ զինք առաջնորդեց Սուրբ Հաղորդութեան Մատուռ, ոը կը գտնուի Պազիլիքայէն դուրս, ուր Նորին Սրբութիւնը պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ապա մուտք գործեց Սուրբ Յովսէփ անուամբ Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպումը եւ ներկայացուած տարբեր վկայութիւններէն ետք Լեւոն ԺԴ. իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնեց տառապանքներէն վիրաւոր շրջանին՝ շեշտելով յոյսի կեդրոնական պատգամը. «Աստուած երբեք չի լքեր Իր ժողովուրդը, եւ Անոր խաղաղութեան մէջ միշտ կարելի է վերսկսիլ»։
Ան ապա վերյիշեց խաղաղութեան պատգամաւորի աստուածաշնչական պատկերը՝ ընդգծելով, որ Պամենտայի ժողովուրդը եւս խաղաղութեան վկայ է՝ հակառակ պատերազմի վէրքերուն։ Անոնց «փոշոտ ոտքերը» դարձան խորհրդանիշը տոկունութեան, հաւատքի եւ բարիք գործելու յանձնառութեան։
Դուք խաղաղութիւն կը հռչակէք աշխարհին
«Շնորհակալանամ ձեզի, որովհետեւ — ճիշդ է՛ — ես հոս եմ խաղաղութիւնը հռչակելու համար, բայց իսկոյն նշմարեցի, թէ դուք էք, որ զայն կը հռչակէք ինծի եւ ամբողջ աշխարհին։ Իրապէս, ինչպէս քիչ առաջ ձեզմէ մէկը յիշեցուց, Քամերունի այս շրջանները ցնցած ճգնաժամերը աւելի քան երբեք մօտեցուցած են քրիստոնէական եւ մահմետական համայնքները, այնքան որ ձեր կրօնական առաջնորդները միացած են եւ հիմնած են Խաղաղութեան համար Շարժում մը, կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը քաջալերելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը դրուատելով եւ քաջալերելով խաղաղութեան մշակները՝ շեշտելով, որ ճշմարիտ հաւատքը երբեք չի կրնար օգտագործուիլ քաղաքական, տնտեսական կամ զինուորական շահեր արդարացնելու համար։
Վայ անոնց որոնք կը շահագործեն Աստուծոյ անունը
«Վա՜յ անոնց, որոնք կրօնքները ու Աստուծոյ նոյնիսկ անունը կը ծառայեցնեն իրենց զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական նպատակներուն՝ սուրբը քաշկռտելով դէպի այն, ինչ որ ամէնէն աղտոտն ու խաւարն է» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա յղում կատարելով Աւետարանի Երանութիւններուն՝ տառապող բնակչութեան՝ աղքատներուն, հեզերուն, ողորմածներուն եւ սգաւորներուն մէջ տեսաւ աշխարհի լոյսը եւ Պամենտան նկարագրուեց իբրեւ «լերան վրայ գտնուող քաղաքը»՝ յոյսի եւ վկայութեան տեսանելի օրինակ։
Երկրի աղ` որ համ կու տայ եւ իւղ որ կը դարմանէ վէրքերը
Ան ապա քաջալերեց համայնքը ըլլալ «երկրի աղը», որ համ կու տայ, եւ «իւղը», որ կը դարմանէ մարդկային վէրքերը։ Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը խորին երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, յատկապէս կիներուն, աշխարհականներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, որոնք կ’օգնեն բռնութեան զոհերուն՝ կատարելով լռելեայն, վտանգաւոր, բայց կենսական աշխատանք մը հուսկ խստօրէն դատապարտեց աշխարհի հակասութիւնները. «մինչ ահռելի միջոցներ կը վատնուին կործանելու եւ հակամարտութիւնները հրահրելու համար, կը պակսին դարմանելու, կրթելու եւ վերակառուցելու միջոցները»։
«Խաղաղութիւնը հնարելիք բան մը չէ. զայն պէտք է ընդունիլ՝ ընդունելով մեր նմանը իբրեւ եղբայր եւ իբրեւ քոյր»
«Անոնք, որոնք ձեր երկրին հարստութիւնները կը յափշտակեն, ընդհանրապէս իրենց շահոյթներուն մեծ մասը կը ներդնեն զէնքերու մէջ՝ ապակայունացման եւ անվերջ մահուան ոլորապտոյտի մը մէջ», նշեց Քահանայապետը եւ աւելցուց «Աշխարհը կը քանդուի քանի մը տիրակալներու կողմէ, բայց կանգուն կը մնայ համերաշխ եղբայրներու եւ քոյրերու անթիւ բազմութեան շնորհիւ։ Անոնք Աբրահամի սերունդն են՝ անհամար, ինչպէս երկնքի աստղերը եւ ծովափի աւազահատիկները։ Նայինք իրարու աչքերուն մեջ. մենք արդէն իսկ այդ ահաւոր բազմամարդ ժողովուրդն ենք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ հաստատեց. «Խաղաղութիւնը հնարելիք բան մը չէ. զայն պէտք է ընդունիլ՝ ընդունելով մեր նմանը իբրեւ եղբայր եւ իբրեւ քոյր», որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ, որոնք կը բաժնեկցին նոյն տունը՝ Երկիր մոլորակը։
Իր վերջին կոչին մէջ Պամենտայի համայնքին, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բոլորը միասնաբար ծառայելու խաղաղութեան՝ ընդունելով այս առաքելութիւնը իբրեւ անձնական եւ հաւաքական կոչում։ Ապա յիշելով իրեն նախորդ` Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումները՝ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անհատ կոչուած է հոգ տանելու միւսներուն՝ ըլլայ ան հիւանդապահ, ուսուցիչ թէ հասարակութիւն կառուցող՝ սկսելով սեփական առօրեայէն դէպի տիեզերական սէր։
Լեւոն ԺԴ. սոյն յանձնառութիւնը սահմանեց իբրեւ «լուռ յեղափոխութիւն» մը, որ արդէն տեսանելի է Պամենտայի մէջ, եւ քաջալերեց շարունակել միասնութեան ուղին։ Ակնարկելով ապա Իմամի խօսքերուն ինք եւս գոհունակութիւն յայտնեց որ տագնապը չվերածուեցաւ կրօնական պատերազմի եւ յորդորեց բոլորին շարունակել ապրիլ եղբայրութեան մէջ խրախուեսլով յառաջ ընթանալ առանց յոգնելու քաջութեամբ բայց եւ ամէնէն առաջ միասին. «Միշտ միասին» շեշտեց Սրբազան հայրը եզրափակելով իր խօսքը։
Աղաւնիները` խորհրդանիշ խաղաղութեան
Հանդիպումը կնքուեցաւ Եկեղեցւոյ ուտքին եօթը աղաւնիներու արձակման խորհրդանշական արարքով` մարմնաւորելու համար առանց բռնութեան ապագայի մը յոյսը։
Նախ քան աղաւնիները արձակելը Լեւոն ԺԴ. արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր Տէրը մեզ բոլորս ընտրեց ըլլալու այն մշակները, որոնք խաղաղութիւն պիտի բերեն այս երկրին։ Եկէ՛ք բոլորս միասին աղօթք բարձրացնենք առ Տէրը, որպէսզի խաղաղութիւնը իսկապէս տիրէ մեր մէջ։ Մինչ կ'արձակենք այս սպիտակ աղաւնիները՝ որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ, թող Աստուծոյ խաղաղութիւնը հանգչի մեզ բոլորիս եւ այս երկրին վրայ, ու մեզ բոլորս միասնական պահէ Իր խաղաղութեան մէջ։ Փա՜ռք Տիրոջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
