Լեւոն ԺԴ Պապ. «Անհաւասարութիւնը ճակատագիր չէ, այլ արդար բաշխման պակաս»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 10 ապրիլ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ընկերային Ապահովագրութեան Ազգային Հիմնարկի (INPS) ղեկավարութիւնն ու պաշտօնէութիւնը։ Իր արտասանած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հասարակական արդարութեան եւ հարստութեան հաւասար բաշխման հրամայականը՝ արդի տնտեսական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։
Տնտեսական անդունդը եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը
Քահանայապետը մտահոգութիւն յայտնեց աշխարհի վրայ տիրող հակասական պատկերին շուրջ. մինչ հարստութիւնը կը դիզուի քիչերու ձեռքը, միլիոնաւոր մարդիկ կը զրկուին նոյնիսկ տարրական կարիքներէն՝ սնունդէն, ջուրէն եւ բժշկական խնամքէն։
«Չկայ բնազանցական վճիռ մը, որ մեզ կը դատապարտէ անհաւասարութեան», յայտարարեց Պապը։ «Անհաւասարութեան հիմքը ոչ թէ պաշարներու պակասն է, այլ զանոնք բարոյականութեամբ եւ ազնուութեամբ բաշխելու կամքի բացակայութիւնը»։
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը
Լեւոն ԺԴ յիշեցուց իր նախորդներուն աւանդը՝ Լեւոն ԺԳ-ի Rerum Novarum-էն մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապի Fratelli tutti շրջաբերականները, հաստատելով, որ ընկերային ապահովութիւնը ոչ թէ պարզ աջակցութիւն է, այլ մարդկային համընդհանուր իրաւունք։ Ան ընդգծեց, որ պետական նպաստները պէտք է միտին իւրաքանչիւր անհատի արժանապատիւ կեանքի ապահովման՝ աշխատանքի միջոցով։
Նոր մարտահրաւէրներ. Արհեստական բանականութիւն եւ անստոյգ աշխատաշուկայ
Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Քահանայապետը մատնանշեց աշխատանքի աշխարհի արմատական փոփոխութիւնները, նշելով որ, Արհեստական Բանականութեան (AI) ներխուժումը եւ աշխատանքային պայմաններու անկայունութիւնը՝ լրացուցիչ ժամեր, ժամանակաւոր պայմանագրեր կը ստեղծեն նոր կարիքներ, որոնք կը պահանջեն պետական հաստատութիւններու աւելի զգօն հսկողութիւն։
Կոչ՝ ուղղուած INPS-ի անձնակազմին
Լեւոն ԺԴ քաջալերեց ներկաները չմոռնալ մարդը, ծառայել խոցելի խաւերուն, Ներդրում կատարել երիտասարդութեան ապագային մէջ, պաշտպանել համերաշխութեան ոգին՝ երաշխաւորելով արդար թոշակներ եւ նպաստներ։
«Աշխատիլ անոնց համար, որոնք կ’աշխատին, եւ յատկապէս անոնց համար, որոնք կ’ուզեն աշխատիլ, բայց չեն կրնար», եզրափակեց Պապը՝ իր օրհնութիւնը փոխանցելով բոլոր աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
