Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Կարդինալ Սիմոնի Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Կարդինալ Սիմոնի  (@Vatican Media)

Կարդինալ Սիմոնիի հանդիպումը Քահանայապետին հետ. Ալպանացի մարտիրոսներու մասունք մը՝ նուէր Լեւոն ԺԴ. Պապին

«97-ամեայ ալպանացի կարդինալը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն պատմեց Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպման մասին, որուն ներկայ էին նաեւ իր հարազատներէն ոմանք. «Միասնաբար աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն կը քարոզենք այն խաղաղութիւնը, որ երկինքէն կու գայ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, ապրիլ 27-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց 97-ամեայ ալպանացի կարդինալ Էռնեսթ Սիմոնին։ Հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Կարդինալին շուրջ քառասուն հարազատները, անցաւ «լիակատար ուրախութեան եւ յոյսի» մթնոլորտի մէջ։

«Կենդանի Մարտիրոսը»

Կարդինալ Սիմոնի, որ վերջերս նշեց իր քահանայական ձեռնադրութեան 70-ամեակը, ծանօթ է իբրեւ քրիստոնէական հաւատքի աննկուն վկայ։ Ան Ալպանիոյ համայնավար վարչակարգի տարիներուն ենթարկուած է դաժան հալածանքներու. 1963-ին ձերբակալուելով՝ նախ դատապարտուած է մահուան, ապա՝ տասնամեակներ շարունակ տաժանակիր աշխատանքի լծուած է Շքոտրայի կոյուղիներուն մէջ։ Հակառակ այս բոլորին, ան գաղտնիօրէն շարունակած է իր հոգեւոր սպասաւորութիւնը մինչեւ վարչակարգի փլուզումը։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը 2014-ին զինք կոչած էր «կենդանի մարտիրոս»՝ արցունքն աչքերուն լսելով անոր վկայութիւնը, իսկ 2016-ին զինք բարձրացուցած էր Կարդինալական աստիճանի։

Խաղաղութեան պատգամ եւ նուիրաբերում

Հանդիպումէն ետք, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, կարդինալ Սիմոնի յայտնեց. «Սուրբ Հոգիին կողմէ տրուած յատուկ շնորհ մըն էր այս հանդիպումը՝ Սրբազան Հօր հետ միասին աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն քարոզելու երկնային խաղաղութիւնը, հոգեւոր ուրախութիւնն ու Յարութեան աւետիսը»։

Որպէս յատուկ յարգանքի տուրք, ծիրանաւորը Քահանայապետին ընծայեց խաչ մը եւ ալպանացի մարտիրոսներու մասունք մը։ «Ալպանիայէն Իտալիա գալով՝ միտքս միշտ մարտիրոսներուն հետ է», նշեց ան՝ շեշտելով, որ այդ վկաները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն Յիսուսի հանդէպ հաւատարմութեան եւ Ալպանիոյ ժողովուրդի փրկութեան։

Ներկայիս Ֆլորանս (Firenze) բնակող տարեց կարդինալը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կը շարունակէ շրջիլ աշխարհով մէկ՝ տարածելով հաւատքի եւ տոկունութեան իր պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2026, 11:28