Քամերունը կը սպասէ Լեւոն ԺԴ. Պապին. Միութեան եւ խաղաղութեան նոր յոյսեր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի այս պետութիւնը մեծ յոյսերով կը պատրաստուի հիւրընկալել Լեւոն ԺԴ. Պապը, որուն այցելութիւնը կը դիտուի իբրեւ վճռական խթան՝ երկրին մէջ խաղաղութեան, ազգային հաշտութեան եւ վերջնական փոփոխութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու համար։
Բարդ մարտահրաւէրնե եւ երիտասարդութեան սպասումները
Քամերունը, հակառակ իր մշակութային հարստութեան եւ երիտասարդ բնակչութեան, այսօր կը գտնուի տնտեսական խոր տագնապի եւ քաղաքական անկայունութեան մէջ։ Երկիրը տարիներէ ի վեր կը տառապի զինեալ ընդհարումներէ. Անգլիախօս շրջաններուն մէջ բանակին եւ անջատողական խմաւորումներուն միջեւ բախումները, ինչպէս նաեւ հիւսիսը՝ «Պոքօ Հարամ»-ի յարձակաումները, ծանր հետք ձգած են ժողովուրդին համար։
Հայր Լուքա Կալիմպերթի կը հաստատէ, որ Պապը պիտի հանդիպի «կեանքի ծաղիկին»՝ երիտարդութեան, որ այսօր կը տատամսի գործազրկութեան եւ երկիրը լքելու անիրականալի երազանքին միջեւ։ Ասոր կողքին կայ նաեւ շուրջ 500 հազար գաղթականներու ներկայութիւնը, ինչ որ ընկերային կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ։
Եկեղեցին՝ իբրեւ յոյսի եւ միասնութեան սիւն
Քամերունի Կաթողիկէ եկեղեցին, որուն հիմերը դրուած են 1890-ին, այսօր կը նկատուի հասարակութեան գլխաւոր հիմնասիւներէն մէկը։ Անիկա ոչ միայն հոգեւոր կեդրոն է, այլեւ՝ կարեւոր միջնորդ տարբեր ցեղախումբերու եւ լեզուական խումբերու միջեւ։
Հայր Շարլ Մարի Հունկպօ՝ Տուալայի փոխանորդը, կը շեշտէ, որ Պապին այցելութիւնը որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ յստակ պատգամ մըն է իշխանութիւններուն՝ առաջնահերթութիւն տալու տառապող մարդոց բարօրութեան: «Սուրբ Հօր ներկայութիւնը պիտի ստիպէ բոլորիս հասկնալ, որ ժամանակն է փոխուելու եւ միասնաբար ապրելու», կը նշէ ան:
Պատմական կանգառ. Պամենտա
Այցելութեան ամենասպասուած պահերէն մէկը պիտի ըլլայ Պամենտա քաղաքի կանգառը, որ անգլիախօս շրջանի տագնապի կեդրոնն է: Սպասումը մեծ է, որ Պապին խօսքը պիտի արձագանգէ իբրեւ օրհնութիւն եւ երկխօսութեան վերսկսման հրաւէր՝ զէնքերը վար դնելու եւ ընդհանուր ինքնութիւնը վերագտնելու համար:
Քաղաքական եւ միջազգային համապատկերը
Քամերունի վիճակը անբաժանելի է միջազգային զարգացումներէն: Մինչ աշխարհի մէջ սպառազինութեան ծախսերը կ'աւելնան, զարգացող երկիրներու յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնները կը նուազին, ինչ որ կը յանգեցնէ բազմաթիւ ծրագիրներու փակման:
Այս ծանր պայմաններուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը կը հանդիսանայ վկայութիւն մը՝ ուղղուած համայն աշխարհին, թէ Քամերունի մէջ հաւատքը կենդանի է եւ ներկայ, իսկ եկեղեցին կը շարունակէ մնալ ժողովուրդին կողքին՝ իբրեւ եղբայրութեան եւ արդարութեան ջահակիր:
Քամերունը, որը յայտնի է որպէս «Մանրակերտ Ափրիկէ», կը ներկայացնէ բնական եւ մշակութային մեծ բազմազանութեամբ օժտուած երկիր, որն այսօր կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։
Պատմա-աշխարհագրական ակնարկ
Աշխարհագրութիւն. Ունի բնական տարբեր գօտիներ՝ հարաւի խիտ անտառներէն մինչեւ հիւսիսի չոր սաւանաները։
Պատմութիւն. Նախկին գերմանական գաղութ, որը հետագային բաժնուեցաւ Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ։ Ներկայիս պետութիւնը ձեւաւորուեցաւ 1961-ին՝ երկու հատուածներու վերամիաւորումով։
Տնտեսական իրավիճակ
Քամերունը Կեդրոնական Ափրիկէի տնտեսական շարժիչն է, որուն տնտեսութիւնը հիմնուած է նաւթի, փայտանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան վրայ։
Առկայ է մեծ անհաւասարութիւն. հարաւային շրջանները զարգացած են, իսկ հիւսիսը կը մնայ խոցելի եւ աղքատ։
Անվտանգութեան սպառնալիքներ
Չնայած սահմանադրական երաշխիքներուն, երկիրը կը տառապի երկու հիմնական հակամարտութիւններէ.
Հիւսիս. Ծայրայեղական խմբաւորումներու «Պոքօ Հարամ» ներթափանցումը եւ ահաբեկչական գործողութիւնները։
Անգլիախօս շրջաններուn մէջ. Անջատողական բախումներ, որոնց թիրախ կը դառնան նաեւ կրօնական առաջնորդները։
Քամերունի գլխաւոր խնդիրը բնական հարստութեան եւ տնտեսական ներուժի պահպանումն է՝ ահաբեկչութեան եւ ներքին անջատողականութեան դէմ պայքարի պայմաններուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
