Լեւոն ԺԴ. հասաւ Սուրբ Օգոստինոսի ծննդավայր Ալճերիա

Քահանայապետին այսօրուան օրակարգը կը նախատեսէ այց նահատակներուն նուիրուած յուշարձան, հանդիպում նախագահի ու քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ ապա այց Ալժէյի Մեծ մզկիթ, հուսկ այց Օգոստինեան միաբանութեան քոյրերու բարեկամութեան եւ հիւրընկալութեան կեդրոն, ապա Ափրիկէի Տիրամայր պազիլիքային մէջ հանդիպում Ալճերիոյ կաթողիկէ համայնքին հետ
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրերը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը Երկուշաբթի` 13 ապրիլ 2026-ի տեղական ժամով ժամը 10-ին վայրէչք կատարեց Ալժէի միջազգային օդակայան, ուր Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Ալճերիոյ Հանրապետութեան նախագահ Abdelmadjid Tebboune-ի կողմէ, ապա տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութիւն եւ պատուիրակութիւններու անդամներու ներկայացում, որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը` օդակայանի Պատուոյ դահլիճին մէջ առանձնական հակիրճ հանդիպում մը ունենալէն ետքը նախագահին հետ ուղղուեցաւ «Maqam Echahid» անուամբ նահատակներու նուիրուած նշանաւոր յուշարձան, որ բացուած է 1982 թուականի փետրուարին՝ նախագահ Chadli Bendjedid-ի կողմէ, երկրի անկախութեան 20-ամեակին առիթով եւ նուիրուած է ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ պայքարին մէջ նահատակուածներուն։

Սուրբ Օգոստինոսը այցելութեան գլխաւոր թեման

Յայտնենք` որ Լեւոն ԺԴ. իր կատարած առաջին Առաքելական օրհնութեան՝ Urbi et Orbi-ին առիթով, Վատիկանի Պազիլիքայի պատշգամէն, ինքզինք բնորոշորեց «Սուրբ Օգոստինոսի որդի»՝ եւ ահա այսօր հանդիսացաւ առաջին Քահանայապետը, որ կ՛ այցելէ այս երկիրը, ուր ծնած է Հիփփոնի Սուրբ Օգոստինոսը։

Ալժէի մէջ` ապրիլի 13-էն 15-ը, Սուրբ Օգոստինոսը պիտի ըլլայ այցելութեան գլխաւոր թեման, որ կենտրոնացած է հանդիպման և եղբայրութեան գաղափարի վրայ` երկրի մը մէջ ուր քրիստոնէական ներկայութիւնը իրապէս փոքր թիւերու մէջ սահմանափակուած է, շուրջ 48 միլիոն մահմետական բնակչութեան համեմատ։

Ռոպերթ Փրեվոսթը Երկիրը այցելած էր արդեն երկու անգամ որպէս Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան գերագոյն առաջնորդ՝ 2004 թուականի սեպտեմբերի 20-էն 26-ը և 2009 թուականի ապրիլի 15-էն 18-ն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 10:52