Լեւոն ԺԴ. Միջերկրականն ու սահարան՝ կեանքի եւ Համերաշխութեան բնօրրան

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ալճերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց երկրի դերը որպէս մշակոյթներու կամուրջ՝ կոչ ուղղելով Միջերկրականն ու Սահարան վերածել խաղաղութեան եւ համերաշխութեան վայրերու։ Քահանայապետը նաեւ զգուշացուց ծայրայեղականութեան վտանգներէն՝ յորդորելով հաշտութեան եւ յիշողութեան բուժման միջոցով պահպանել մարդկային կեանքի ու կրօնական զգացումի վեհ արժանապատուութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 13 ապրիլին, Ալճերի կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Ալճերիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքանաշարժով փոխադրուեցաւ «Տճամայ էլ Ժազայէր» անուան քոնկրէսի կեդրոն, ուր դիմաւորուցաւ հանրապետութեան նախագահ Ապէտլմատճիտ Թէպունէի կողմէ ապա հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիաւնագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 1400 անձերու ։

Պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Քահանայապետը շեշտեց Ալճերիոյ դերը՝ որպէս կամուրջ մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ, անդրադառնալով ապա Իր հոգեւոր արմատներուն, որպէս Սուրբ Օգոստինոսի հոգեւոր զաւակ, յիշեց իր նախորդ այցելութիւնները Աննապա (2001-ին եւ 2013-ին)՝ ներկայ այցը որակելով որպէս «աստուածային նախախնամութեան խորհրդաւոր ծրագիր»։

«Կու գամ ձեր մէջ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր՝ ծարաւի հանդիպելու ազնիւ ալճերիացի ժողովուրդին», յայտարարեց ան՝ ընդգծելով, որ մարդկութիւնը մէկ ընտանիք է, որ ունի նոյն Երկնաւոր Հայրը։

Արդարութիւն եւ Հիւրասիրութիւն. Ալճերիոյ ուժը

Քահանայապետը խօսեցաւ ալճերիացի ժողովուրդին մասին, զոր նկարագրեց որպէս «փորձութիւններէն չընկճուած» եւ զօրաւոր՝ շնորհիւ իրենց համերաշխութեան ոգիին։ Ան առանձնայատուկ կերպով անդրադարձաւ Սատաքա-ի (ողորմութեան) աւանդոյթին, զայն կապելով արդարութեան գաղափարին հետ։

«Իրական անարդարութիւնը հարստութիւն կուտակելն է՝ անտարբեր մնալով ուրիշին հանդէպ», ըսաւ Ան՝ քննադատելով այն զարգացած հասարակութիւնները, որոնք կը տառապին անհաւասարութենէ եւ մեկուսացումէ։

Միջերկրականն ու Սահարան. Կեանքի՛, ոչ թէ մահուան վայրեր

Քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական հարթակի վրայ, Պապը կոչ ուղղեց Ալճերիոյ իշխանութիւններուն՝ դառնալու նոր պատմութեան դերակատարներ։ Ան զգուշացուց Միջերկրական ծովն ու Սահարան «գերեզմանոցներու» վերածելու վտանգէն։

«Մէկ կողմէն Միջերկրականը, իսկ միւս կողմէն Սահարան, աշխարհագրական եւ հոգեւոր հսկայածաւալ խաչմերուկներ կը հանդիսանան։ Եթէ խորանանք անոնց պատմութեան մէջ՝ առանց պարզեցումներու եւ գաղափարախօսութիւններու, հոն պիտի գտնենք մարդկայնութեան պահուըտած անհամար գանձեր, որովհետեւ ծովն ու անապատը հազարամեակներէ ի վեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու փոխադարձ հարստացման վայրեր են», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով. «Վա՜յ մեզի, եթէ զանոնք վերածենք գերեզմանատուներու, ուր կը մեռնի նաեւ յոյսը։ Չարիքէն ազատագրե՛նք պատմութեան եւ ապագայի այս հսկայ աւազանները։ Բազմապատկե՛նք խաղաղութեան օազիսները, դատապարտե՛նք ու վերցնե՛նք յուսահատութեան պատճառները, պայքարի՛նք անոնց դէմ, որոնք կը շահագործեն ուրիշին դժբախտութիւնը։ Անօրինական շահեր են անոնք, որոնք կը գոյանան մարդկային կեանքի հաշւոյն, որուն արժանապատուութիւնը անբռնաբարելի է»։

Նորին Սրբութիւնը ընդծեց որ Միջերկրականը, Սահարան եւ զանոնք հովանիող անհուն երկինքը մեզի կը շշնջան, թէ իրականութիւնը ամէն կողմէ մեզ կը գերազանցէ, թէ Աստուած իրապէս մեծ է եւ թէ մենք բոլորս կ’ապրինք Իր խորհրդաւոր ներկայութեան մէջ։

Կրօնական Իմաստութիւնը ընդդէմ Ծայրայեղականութեան

Անդրադառնալով կրօնական զգացումի եւ արդիականութեան միջեւ առկայ լարուածութեան, Քահանայապետը զգուշացուց երկու բեւեռներէն՝ հիմնապաշտութենէն եւ աշխարհիկացումէն։ Ան յորդորեց կրթել սերունդները քննադատական մտածողութեան, երկխօսութեան եւ վստահութեան ոգիով, որպէսզի դիմացինը տեսնուի ոչ թէ որպէս սպառնալիք, այլ՝ «ճամբորդակից»։

«Իրականութեան մէջ, ալճերիական ընկերութիւնն ալ անմասն չէ կրօնական զգացումի եւ արդի կեանքի միջեւ եղած լարուածութենէն։ Հոս, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, հակադիր ուժեր՝ ծայրայեղականութիւնն ու աշխարհիկացումը (secolarizzazione), կը միտին դրսեւորուիլ, որոնց պատճառով շատեր կը կորսնցնեն Աստուծոյ եւ իր բոլոր արարածներու արժանապատուութեան հարազատ իմաստը։ Այդ պարագային, կրօնական խորհրդանիշերն ու բառերը կրնան դառնալ՝ մէկ կողմէ բռնութեան ու հարստահարման հայհոյալից լեզուներ, իսկ միւս կողմէ՝ իմաստազուրկ նշաններ՝ սպառողական այն հսկայ շուկային մէջ, որ երբեք չի յագեցներ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը Ալճերիոյ ու նշելով «Պէտք է աշխատինք յիշողութեան բուժման եւ հին հակառակորդներու միջեւ հաշտութեան ուղղութեամբ։ Այս է այն պարգեւը, որ կը խնդրեմ ձեզի համար, Ալճերիոյ եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին համար, որուն վրայ կը հայցեմ Բարձրեալին առատ օրհնութիւնները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 14:21