Որոնել

Քահանայապետը այցելեց Ալժէի Մեծ Մզկիթը. Անհրաժեշտ է դառնալ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ներումի խթանողներ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Ալժէի մեծ մզկիթը, որը աշխարհի երրորդ ամենամեծ սրբավայրն է եւ ունի աշխարհի ամենաբարձր մինարէն։ Այս հոյակերտ համալիրը ոչ միայն կրօնական կեդրոն է, այլեւ միջազգային համագործակցութեամբ կառուցուած մշակութային ու գիտական հսկայ հաստատութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 13 ապրիլին, տեղական ժամով 13,30ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Պապական նուիրակութեան պալատէն ներս կէսօրուան ճաշը կատարելէն ետքը ինքանաշարժով փոխադրուեցաւ Ալժէի մեծ մզկիթը։

Նշենք թէ, Ալժէ մայրաքաղաքի ամենատպաւորիչ կառոյցներէն մէկը՝ Ալճէրի Մեծ Մզկիթը, կը հանդիսանայ նախկին նախագահ Ապտելազիզ Պութեֆլիքայի քաղաքական եւ կրօնական տեսլականի մարմնաւորումը։ Ինքնաշարժով 14,6 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս համալիրը ոչ միայն պաշտամունքի վայր է, այլեւ իսլամական չափաւորականութեան պատգամ մը՝ ուղղուած աշխարհին։

Աշխարհի Երրորդ Մեծագոյն Մզկիթը

Մեքքայի եւ Մատինայի սրբավայրերէն ետք, Ալճէրի Մեծ Մզկիթը իր մեծութեամբ աշխարհի երրորդն է։ Անիկա ունի հսկայական տարողութիւն՝ միաժամանակ հիւրընկալելով շուրջ 120,000 հաւատացեալ։ Սակայն կառոյցին ամենացայտուն առանձնայատկութիւնը անոր մինարէն է. 267 մեթր բարձրութեամբ այս աշտարակը կը նկատուի ամենաբարձրը աշխարհի տարածքին։

Ճարտարապետական Նրբութիւններ

Համալիրի գլխաւոր աղօթասրահին վրայ կը բարձրանայ 50 մեթր տրամագիծով եւ 70 մեթր բարձրութեամբ հսկայ գմբէթը։ Ճարտարապետական լուծումները ուշագրաւ են իրենց թեթեւութեամբ. ոսկեզօծ ալումինէ թիթեղներու վրայ զետեղուած քարէ զարդանախշերը կառոյցին կու տան նրբագեղ տեսք՝ վերակենդանացնելով արաբական աւանդական արուեստի գեղեցկութիւն։

Այս կառոյցը սոսկ կրօնական կեդրոն չէ։ Մզկիթի շրջափակէն ներս գործող բազմաթիւ շէնքերը կը ներառեն. Հարուստ գրադարան եւ հետազօտական կեդրոն, Թանգարաններ, գրասենեակներ եւ ճաշարաններ, Գեղեցիկ պարտէզներ եւ տեսարժան պատշգամներ, որոնք բացառիկ տեսարան մը կը պարզեն քաղաքին վրայ։

Քահանայապետին գրառումը

Մզկիթի մուտքին  Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Մզկիթի տեսուչ՝ Մոհամետ Մամուն Ալ Քասիմիի կողմէ որոնք ապա մուտք գործեցին Մզկիթ ուր Սրբազան Պապը  մօտէն ծանօթացաւ այս հոգեւոր կառոյցի ճարտարապետութեան եւ նշանակութեան։ 

Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ գրութիւնը արձանագրեց Ոսկեմատեանին մէջ. «Թող Բարձրեալի ողորմութիւնը խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ պահէ ազնիւ ալճերիացի ժողովուրդը եւ ամբողջ մարդկային ընտանիքը»։

Լեւոն ԺԴ. Պապին սրափուխ խօսքը Մեծ Մզկիթի մէջ

Այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ կարճատեւ առանձնազրոյց մը որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքեր, որոնց կարգին էին Կարդինալ Ճորճ Եաքոպ Քուվաքատը՝ Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ  Ժան-Փոլ Վեսքօ Կարդինալը՝ Ալճերի Արքեպիսկոպոսը։ Հանդիպման ընթացքին Մզկիթի տնօրէնը ողջոյնի խօսք ուղղեց Սրբազան Պապին որուն մէջ գնահատեց Սրբազան Պապին ջանքերը ի նպաստ մարդկային եղբայրութեան ու բարեկամութեան, յոյս յայտնելով որ այս հանդիպումը ըլլայ առիթ ամրապնդելու կապերը ընդմէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։ 

Խօսք առաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ. շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած խօսքերուն համար` այսպիսի վայրի մը մէջ` «որ կը ներկայացնէ աստուածային վայր մը, սուրբ, ուր բազմաթիւ մարդիկ կու գան աղօթելու, այստեղ գտնելու համար Բարձրեալին ներկայութիւնը»։

Ան ապա նշեց` թէ ինք ուրախութեամբ եկած է Ալճէր իր Հոգեւոր Հօր Սուրբ Օգոստինոսին երկիրը, որ «ուզեց շատ բան սորվեցնել աշխարհին, մանաւանդ՝ ճշմարտութեան որոնումով, Աստուծոյ փնտռտուքով, ամէն մարդ արարածի արժանապատուութիւնը ճանչնալով եւ խաղաղութիւն կառուցելու կարեւորութիւնը ընդգծելով», յարեց Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Աստուած փնտռելը կը նշանակէ իւրաքանչիւր արարածի մէջ տեսնել Աստուծոյ պատկերը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ այս մէկը կը նշանակէ սորվիլ միասին ապրիլ յարգանքով եւ իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատւութեամբ։

«Ուրիշ արժէք մըն ալ կայ, որ դուք փափաքեցաք ներառել այս գեղեցիկ կեդրոնին մէջ. ճիշդ՝ Մզկիթը, որ աղօթքի վայր ըլլալու կողքին, նաեւ ուսումնական կեդրոն մըն է։ Որքա՛ն կարեւոր է, որ մարդ արարածը զարգացնէ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած մտաւոր կարողութիւնը, որպէսզի կարենանք բացայայտել թէ որքա՛ն մեծ է արարչագործութիւնը, որքա՛ն մեծ է այն, ինչ որ Աստուած մեզի ձգած է ամբողջ արարչագործութեան մէջ, եւ մանաւանդ՝ մարդուն մէջ»։

Հոգիով, այս աղօթքի վայրով, ճշմարտութեան որոնումով՝ նաեւ ուսումնասիրութեան ընդմէջէն, եւ իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատուութիւնը ճանչնալու կարողութեամբ մենք գիտենք – եւ այսօրուան այս հանդիպումը ապացոյց է –, որ կրնանք սորվիլ փոխադարձաբար յարգել զիրար, ապրիլ ներդաշնակութեամբ եւ կառուցել խաղաղութեան աշխարհ մը։

Այս յետմիջօրէին ես կ'աղօթեմ ձեզի համար, Ալճէ ժողովուրդին համար, երկրագունդի բոլոր ժողովուրդներուն համար, որպէսզի Աստուծոյ Արքայութեան խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը ներկայ դառնան նաեւ մեր մէջ, եւ որպէսզի միշտ աւելիով համոզուած ըլլանք` որ անհրաժեշտ է դառնալ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ներումի խթանողներ, ինչ որ իսկապէս Աստուծոյ միտքն է իր ամբողջ արարչագործութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 17:29