Լեւոն ԺԴ. աւարտելով Անկոլայի հանգրուանը կը մեկնի Հասարակածային Կուինէա

Մալապոյի այս հանգրուանը մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ ճամբորդութեան մը, որուն նպատակն է զօրացնել Սուրբ Աթոռի եւ ափրիկեան երկիրներու միջեւ կապերը՝ փոխանցելով երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի պատգամ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը աւարտեց իր Քահանայապետութեան միջազգային առաքելական երրորդ ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան հանդիսացող Երկիր Անկոլայի այցը եւ մեկնեցաւ դէպի ճամբորդութեան վերջին հանգրուան` Հասարակածային Կուինէա։

Նորին Սրբութիւնը` օրը սկսաւ կանուխ՝ Լուանտայի Պապական Նուիրակութեան մէջ, առաւօտեան ժամը 7:00-ին մատուցուած Սուրբ Պատարագով որմէ ետքը Ան հրաժեշտ առաւ Նուիրակութենէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Անկոլայի մայրաքաղաքի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, Երկրի նախագահ Ժոաօ Լորենսոյի ներկայութեամբ, օդանաւ բարձրացաւ ուղղուելով դէպի Հասարակածային Կուինէայի նախկին մայրաքաղաք Մալապօ։

Ժամանում Հասարակածային Կուինէա

Երկու ու կէս ժամ տեւած թռիչքի ընթացքին Քահանայապետական օդանաւը սաւառնելէ ետք Անկոլայի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան, Կապոնի եւ Քամերունի օդային տարածքներուն վրայէն կը հասնի Հասարակածային Կուինէայի Մալապօ Քաղաք` որ է նաեւ երկրի հիմնական տնտեսական ու ֆինանսական կենտրոնը։

Մալապօ

Քաղաքը հիմնուած է անգլիացիներու կողմէ 1827-ին՝ եւ սկզբնապէս կոչուած է Փորթ Քլարենս` ծառայելով որպէս ռազմածովային կայան՝ ստրկավաճառութիւնը ճնշելու համար։ Հետագային, երբ կղզին վերադարձաւ սպանական վերահսկողութեան տակ, քաղաքը վերանուանեցաւ Սանթա Իզապել։

1969-ին ան դարձաւ երկրի մայրաքաղաք եւ 1973-ին ստացաւ Մալապօ անունը։

2026 թուականի Յունուար 2-ին Մալապոն կորսնցուց մայրաքաղաքի իր կարգավիճակը՝ ի շահ նոր կառուցուած «Չուտատ տէ լա Փաս» քաղաքին։ Հակառակ ասոր, կառավարական գրասենեակները դեռ ժամանակաւորապէս կը գտնուին Մալապոյի մէջ։ Նշենք որ Հասարակածային Կունէայի մէջ արգիլուած է լուսանկարել նախագահական պալատը և պետական շէնքերը։

Դիմաւորում

Մալապոյի օդակայանին մէջ Սրբազան Պապը կը դիմաւորէ Հասարակածային Կուինէայի նախագահ` Թէոտորօ Օպիանկ Նկուեմա Մպասոկոէն՝ տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Բարի գալուստի արարողութիւնը կը յատկանշուի աւանդական եւ պաշտօնակարգային տարրերով՝ քայլերգեր, 21 հրանօթի արձակում, պատուոյ պահակախումբ եւ աւանդական տարազներով երկու մանուկներու կողմէ մատուցուած ծաղկեփունջ։

Թէոտորօ Օպիանկ Նկուեմա Մպասոկոն իշխանութեան գլուխ է 1979 թուականէն ի վեր, երբ պետական յեղաշրջումով տապալեց իր հօրեղբօր՝ Ֆրանսիսքօ Մասիաս Նկուեմայի վարչակարգը։ Ան Ափրիկէի ամենաերկարակեաց ղեկավարն է եւ աշխարհի ամենահին պաշտօնավարող ոչ-միապետ պետութեան գլուխներէն մէկը, որուն հասցէին յաճախակի մեղադրանքներ կ'ուղղուին մարդկային իրաւանց խախտումներու վերաբերեալ։

Սն Սահմանադրական բարեփոխումներու միջոցաւ նախագահ վերընտրուած է բազմաթիւ անգամներ 1989-էն 2022 թուականներու միջեւ եւ ինք եղած է որ տարիներ առաջ հիւրընկալած է երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Անոր Երկրին տուած այցելութեան առիթով։

Օդակայանի VIP սրահին մէջ տեղի ունեցած կարճատեւ առանձնազրոյցէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Նախագահական Պալատ՝ քաղաքավարական այցելութեան մը համար, որուն կը յաջորդէ Նորին Սրբութեան Հասարակածային Կունէայի մէջ հրապարակային առաջին ելոյթը ուղղուած` քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։

Կաթողիկէ Եկեղեցին

Յայտնենք` որ Հասարակածային Կուինէայի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմակերպուած է մէկ եկեղեցական նահանգի շուրջ, որուն կեդրոնն է Մալապոյի Արքեպիսկոպոսութիւնը։ Անոր կը յարին չորս թեմեր՝ Պաթա, Էպեպիյին, Մոնկոմօ եւ Էվինայոնկ, որոնք տարածուած են թէ՛ կղզիներուն եւ թէ՛ ցամաքամասին վրայ։

Եկեղեցւոյ արմատները կը հասնին մինչեւ 1855 թուական՝ Անոպոնի, Քորիսքոյի եւ Ֆեռնանտօ Փոյի Առաքելական Փոխանորդութեան հիմնադրումով, որ նշանաւորեց քրիստոնէական քարոզչութեան սկիզբը։ Մայր Տաճարը նուիրուած է Սրբուհի Եղիսաբէթին։

1971-էն 1980 թուականներու միջեւ, կառավարութիւնը հալածեց Եկեղեցին՝ արտաքսելով միսիոնարները, ձերբակալելով քահանաները եւ փակելով եկեղեցիներն ու դպրոցները։

Այց Նախագահական Պալատ

Նախագահական պալատին տուած իր այցելութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. կ'ուղղուի դէպի Մալապոյի Առաջնորդարան պահ մը կանգ առնելով նաեւ Հունգարիոյ Սրբուհի Եղիսաբեթին նուիրուած Մայր Տաճարի մէջ, լռելեայն աղօթքի համար՝ Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ։ Տաճարին կառուցումը սկիզբ առած է 1897-ին շնորհիւ Սպանական Կայսրութեան նուիրատուութիւններուն։ Անոր բացումը կատարուեցաւ 1916-ին։ 16 Յունուար 2020-ին տաճարը մեծ վնասներ կրեց բռնկած հրդեհի մը պատճառաւ։

Առաջնորդարանի մէջ Քահանայապետին ի պատիւ մատուցուած մասնաւոր ճաշէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապին հասարակածային Կունէայի մէջ այցելութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ ակադեմիական աշխարհին վրայ։

Արդարեւ Անոր օրակարգը կը նախատեսէ այցելութիւն Հասարակածային Կուինէայի Ազգային Համալսարան ուր Ան կը հանդիպի ուսանողներու, դասախօսներու եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներու հետ։

Լեւոն ԺԴ. Պապ Համալսարանական Մասնաշէնքը

Լեւոն ԺԴ. Պապ համալսարանական մասնաշէնքը (Campus), կը գտնուի Պիոքօ կղզիի Պասուփու շրջանին մէջ, Հասարակածային Կուինէայի ամենամեծ ակադեմական կառոյցն է եւ մաս կը կազմէ Ազգային Համալսարանին (UNGE)։ 2026 թուականի փետրուարին, կառավարութեան կողմէ ան պաշտօնապէս անուանակոչուեցաւ ի պատիւ Քահանայապետին։

Հասարակածային Կուինէայի Ազգային Համալսարանը հիմնադրուած է 1995-ին՝ նպատակ ունենալով պատրաստել ազգային առաջնորդներ եւ սատարել երկրի զարգացման։ Ժամանակի ընթացքին ան ընդլայնուած է նոր կառոյցներով. 1998-ին հիմնուած է Արուեստից եւ Ընկերային Գիտութեանց բաժանմունքը, իսկ 2001-ին՝ Բժշկական Գիտութեանց բաժանմունքը եւ Ճարտարագիտութեան ու Արհեստագիտութեան վարժարանը։

Համալսարանի ներքոյ նախատեսուած հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ վկայութիւններու, երգերու եւ պաշտօնական խօսքերու ներկայացումներով, որոնք կը պսակուին Սրբազան Պապին պատգամով եւ համալսարանի նոր մասնաշէնքի օրհնութեամբ։

Ուշ յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը կ'այցելէ Ժան-Փիէռ Օլիէ հոգեբուժական հիւանդանոցը, որ երկրի հոգեբուժական խնամքի վերանորոգման խորհրդանշական վայրն է։ Հոն ան կը հանդիպի հիւանդներու եւ առողջապահական մշակներու հետ, կը լսէ վկայութիւններ եւ կը հետեւի հիւանդներու կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական պահերուն ապա ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։

Այս հանդիպումով Սրբազան Պապը կ՛աւարտէ Հասարակածային Կունէա կատարած այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրը ու կը վերադառնայ Առաջնորդարան, ուր կը մասնակցի մասնաւոր հանդիպման եւ ընթրիքի՝ տեղական եպիսկոպոսներուն հետ։

Մալապոյի այս հանգրուանը մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ ճամբորդութեան մը, որուն նպատակն է զօրացնել Սուրբ Աթոռի եւ ափրիկեան երկիրներու միջեւ կապերը՝ փոխանցելով երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի պատգամ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 08:25