Որոնել

Արհեստական բանականութիւն Արհեստական բանականութիւն  (REUTERS)

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը՝ Թուաբանութեան միջազգային օրուան առթիւ

Թուաբանութեան միջազգային օրուան առթիւ Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ յղած է գիտնականներուն՝ շեշտելով գիտութեան մէջ բարոյական չափանիշներու եւ մարդկային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը։ Ան կոչ ըրած է թուային ոլորտը մարդկայնացնել եւ զայն վերածել եղբայրութեան ու ստեղծագործութեան միջոցի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Թուաբանութեան միջազգային օրուան առթիւ, որ կը նշուի այսօր՝ մարտ 13-ին, Լեւոն ԺԴ. իր օրհնութիւնն ու պատգամը յղած է գիտական հանրութեան: Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ յղուած պատգամը հասցէագրուած է թուաբանութեան միջազգային օրուան նախագահ, փրոֆեսէօր Պէթիւլ Թանպային:

Այս տարուան «Թուաբանութիւն եւ յոյս» խորագիրը կրող ձեռնարկին առթիւ, Քահանայապետը շեշտած է գիտութեան դերը մարդկութեան առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ՝ յատկապէս անդրադառնալով արհեստական բանականութեան եւ արագընթաց արհեստագիտական զարգացումներուն:

Իր պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը թուաբանութեան մասնագէտներուն կոչ ըրած է ըլլալու «յոյսի նշաններ» եւ մշտապէս հաշուի առնելու գիտական յայտնագործութիւններու բարոյական չափանիշները: Յիշեցնելով իր ուսուցչական անցեալը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտած է, որ լոկ գիտելիքը բաւարար չէ, եթէ մարդ չի գիտակցիր իր ինքնութիւնը եւ կեանքի իմաստը:

«Աղօթք կը բարձրացնեմ, որպէսզի ձեռնարկին մասնակիցները ուշադիր ըլլան մարդկային սրտի խորքային հոգեւոր կարիքներուն, ձգտին մարդկայնացնելու թուային ոլորտը եւ զայն վերածելու եղբայրութեան ու ստեղծագործութեան առիթի»,– նշուած է պատգամին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտած է մաղթելով Թուաբանութեան միջազգային օրուան ձեռնարկի մասնակիցներուն իմաստութեան, ուրախութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2026, 09:56