Սուրբ Մարիամ Ընծայման ժողովրդապետութիւնը Սուրբ Մարիամ Ընծայման ժողովրդապետութիւնը  

Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Սուրբ Մարիամ Ընծայման ժողովրդապետութիւնը

Յառաջիկայ կիրակի՝ 8 մարտին, Լեւոն ԺԴ Պապը պիտի այցելէ Թորրեվեքիայի Սուրբ Մարիամ Ընծայման ծխական համայնքը, ուր ժամը 17:00-ին Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ: Սրբազան Հայրը մտերիմ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն հիւանդներուն, կարիքաւորներուն եւ երիտասարդներուն հետ՝ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը բերելով այս համայնքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ կիրակի, 8 մարտին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի այցելէ Թորրեվեքիայի (via di Torrevecchia 1104) Սուրբ Մարիամ Ընծայման (Santa Maria della Presentatione) ժողովրդապետութիւնը։ Այս այցելութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին չորրորդ հովուական այցն է Հռոմի թեմի ծխական համայնքներէն ներս։

Յայտագիրը եւ դիմաւորումը

Պապը ծխական համայնք պիտի ժամանէ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին: Զինք պիտի դիմաւորեն Հռոմի թեմի Փոխանորդ, Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան եւ ժողովրդապետ Հայր Պաուլօ Սթաքիոթթին: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զինք պիտի ողջունեն քրիստոնէական դասընթացքներու հետեւող մանուկները, երիտասարդներն ու ընտանիքները՝ երգերով եւ ձեռագործ պաստառներով։

Քահանայապետը մտերիմ զրոյց պիտի ունենայ ներկաներուն հետ, որմէ ետք պիտի հանդիպի հաշմանդամներու, հիւանդներու եւ ընկերային դժուարութիւններ դիմագրաւող շուրջ վաթսուն անձերու։

Օրուան գլխաւոր պահերը

Ժամը 17:00-ին. Սուրբ Պատարագի մատուցում։ Պատարագէն ետք. Հանդիպում հովուական խորհուրդի եւ քահանաներու հետ։ Աւարտին. Վերադարձ Վատիկան։

Յոյսի պատգամ մը դժուար թաղամասի մը համար

Ժողովրդապետ Հայր Պաուլօ Սթաքիոթթին, որ անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր կը վարէ այս պաշտօնը, նշեց. «Սրբազան Հօր ներկայութիւնը մեզի կը զգացնէ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։ Այս թաղամասը, որ կը գտնուի Պասթոժիի եւ Թորրեվեքիայի ժողովրդային բնակարաններու միջեւ, դիւրին շրջան մը չէ, սակայն այստեղ կայ մեծ բարութիւն եւ միութինւ»։ Վերջին անգամ քահանայապետ մը այս համայնքը այցելած էր 1982-ին (Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ):

Որպէս յիշատակ, համայնքը Պապին պիտի նուիրէ սրբապատկեր մը, որ պատրաստուած է Պասթոժիի մէջ ապրող նուիրեալ կիներու կողմէ։ Այն կը ներկայացնէ «Ուխտաւոր Տիրամայրը», որ ամէն տարի Մայիս ամսուն կը շրջի թաղամասի փողոցներուն մէջ՝ խորհրդանշելով համայնքի հաւատքն ու յարատեւութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 13:49