Որոնել

Վիճէթ Վիճէթ 

Վատիկան Նիուզը նոր «video-widget» կը ներկայացնէ՝ Կաթողիկէ կայքերուն համար Պապին մասին վերջին լուրերով եւ պատկերներով։

Vatican News-ը ներկայացուց նոր «video-widget» մը, որ կարելի է տեղադրել կաթողիկէ թեմերու, ծուխերու եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններու կայքերուն մէջ՝ Պապին եւ Սուրբ Աթոռին մասին վերջին լուրերն ու տեսանիւթերը ինքնաբերաբար ստանալու համար։ Լեւոն ԺԴ. այս նախաձեռնութիւնը բնութագրեց որպէս աւետարանչական գործիք, որ կը նպաստէ աշխարհի տարբեր երկիրներու եկեղեցիներուն եւ Հռոմի միջեւ կապի ամրապնդման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Vatican News-ը կը ներկայացնէ նոր «video-widget» մը, որ կարելի է դիւրութեամբ տեղադրել կաթողիկէ թեմերու, ծուխերու եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններու կայքերուն մէջ։ Այս գործիքը ինքնաբերաբար կը թարմացուի՝ առաջարկելով Պապին եւ Սուրբ Աթոռին վերաբերող վերջին լուրերն ու տեսանիւթերը։

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը նախաձեռնութիւնը բնութագրեց որպէս «աւետարանչական գործիք», որ կը նպաստէ Հռոմի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու եկեղեցիներուն միջեւ կապի եւ համագործակցութեան ամրապնդման։ Նոր համակարգը նաեւ կը թոյլատրէ կայքերու այցելուներուն անմիջապէս ստանալ վստահելի տեղեկութիւններ՝ ուղղակի սկզբնաղբիւրէն։

Վատիկանի հաղորդակցութեան բաժանմունքի նախագահ, Փաուլօ Ռուֆինի նշեց, թէ «video-widget» լայն տարածումը պիտի ամրապնդէ կապը Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ եւ պիտի ծառայէ որպէս օգտակար միջոց՝ եկեղեցական հաղորդակցութեան համար։ Իսկ վատիկանեան լրատուամիջոցներու խմբագրական տնօրէն, Անտրէա Թորնիելլի ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նաեւ կը նպաստէ կեղծ լուրերու դէմ պայքարին՝ ընձեռելով մուտք ուղղակի սկզբնաղբիւրին։

Վիժէթը կարելի է տեղադրել պարզապէս համապատասխան ծածկագիրը կայքին մէջ ներմուծելով։ Անիկա կը թարմացուի ինքնաբերաբար եւ կը տրամադրէ կարճ տեսանիւթեր, վերջին լուրերու հոսք եւ ուղղակի յղումներ Vatican.va, L’Osservatore Romano եւ Radio Vaticana կայքերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2026, 11:16