Որոնել

Papa Leone riceve in udienza il presidente dell'Austria, Van der Bellen

Քահանայապետը ընդունեց Աւստրիայի Հանրապետութեան Նախագահը

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռին եւ Աւստրիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւններուն համար։ Նշուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական նպաստը հասարակութեան հասարակաց բարիքի խթանման մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այժմէական որոշ նիւթերու, ինչպիսիք են գաղթականութիւնը եւ կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր` հինգշաբթի 5 Մարտի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Աւստրիայի Հանրապետութեան Նախագահը՝ Տիար Ալեքսանտր Վան տըր Պելլէնը։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապ, Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերը՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռին եւ Աւստրիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւններուն համար։ Նշուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական նպաստը հասարակութեան հասարակաց բարիքի խթանման մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այժմէական որոշ նիւթերու, ինչպիսիք են գաղթականութիւնը եւ կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները։

Զրոյցի շարունակութեան մէջ խօսուեցաւ միջազգային այժմէական հարցերու մասին, մասնաւորաբար հակամարտութիւններու իրավիճակներուն մասին, յոյս յայտնելով, որ միջազգային համայնքը աւելի մեծ դեր ունենայ խաղաղ լուծումներու որոնման մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 11:49