Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Քրիստոնեայ-Իսլամ յարաբերութեանց ծրագիրի պատուիրակութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Քրիստոնեայ-Իսլամ յարաբերութեանց ծրագիրի պատուիրակութիւնը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Կրօնական առաջնորդները կոչուած են ըլլալու խաղաղութեան արուեստագէտներ»

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, ընդունելով Ափրիկէի քրիստոնեայ-իսլամական յարաբերութեանց պատուիրակութիւնը, շեշտեց կրօնական կանխակալութիւններէն ձերբազատուելու եւ հասարակաց բարիքին համար համագործակցելու կարեւորութիւնը: Ան յորդորեց ներկաները ըլլալ խաղաղութեան արուեստագէտներ եւ յոյսի վկաներ՝ դիմագրաւելու համար արդի աշխարհի արմատականութեան եւ պառակտումներու մարտահրաւէրները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 25 մարտին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Ափրիկէի Քրիստոնեայ-Իսլամական Յարաբերութեանց ծրագիրի պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը շեշտեց կրօնական համայնքներուն միջեւ եղբայրութեան եւ համագործակցութեան հրամայականը՝ յատկապէս ներկայիս համաշխարհային մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։

Յարգանք եւ երկխօսութիւն

Ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը բարձր գնահատեց Քենիայի մէջ կեդրոնացած այս կազմակերպութեան ջանքերը, որոնք կը միտին քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ կամուրջներ հաստատել։ Յղում կատարելով Nostra Aetate հռչակագիրին՝ վերհաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը.

Եկեղեցին չի մերժեր այն ինչ որ ճշմարիտ եւ սուրբ է այլ՝ կրօններու մէջ, քանի որ անոնք յաճախ կ՝արտացոլեն այն ճշմարտութեան շողը, որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը»։

Պայքար արմատականութեան դէմ

Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր աշխարհը կը տառապի կրօնական արմատականութենէ եւ պառակտումներէ, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ներկաները դառնալ «Խաղաղութեան արուեստագէտներ», նշելով որ կրօնական առաջնորդները մեծ պատասխանատուութիւն ունին օգնելու ժողովուրդին՝ ձերբազատուելու կանխակալութեան, ատելութեան եւ եսասիրութեան շղթաներէն։

Համագործակցութեան պտուղներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց, որ քրիստոնեայ-իսլամական համագործակցութիւնը պէտք է ծառայէ հասարակաց բարիքին, որպէսզի արդարութիւնն ու յոյսը ծաղկին ափրիկեան հասարակութիւններէն ներս եւ անկէ անդին։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ նման հանդիպումները պիտի նպաստեն ընկերային բարեկամութեան ամրապնդման եւ բռնութեան դէմ միասնական պայքարին։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց ըսելով «Այս մտածումներով, եւ վստահելով ձեր նախաձեռնութիւնները Աստուածային նախախնամութեան, ձեր վրայ կը հայցեմ առատ օրհնութիւններ, որպէսզի ըլլաք խաղաղութեան արուեստագէտներ, յոյսի վկաներ եւ եղբայրութեան կերտիչներ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 10:22