Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը TG2-ի 50-ամեակին. «Լրագրութիւնը պէտք չէ դառնայ իշխանութեան բարձրախօսը»

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, TG2 լրատուականի 50-ամեակին առթիւ, յորդորեց լրագրողները հեռու մնալ քաղաքական քարոզչութենէն եւ լուրերը չվերածել անհոգի «վիտէօ-խաղի»՝ յատկապէս պատերազմական իրավիճակներու մէջ։ Ան շեշտեց, որ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին էական է պահպանել մարդկային դիմագիծը, քննադատական միտքը եւ աղբիւրներու բազմակարծութիւնը՝ յանուն ճշմարիտ տեղեկատուութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 Մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց իտալական պետական պատկերասփիւռի «TG2» լրատուական բաժանմունքի պատուիրակութիւնը՝ կայանի հիմնադրման 50-ամեակին առթիւ։ Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը շեշտեց լրագրութեան մարդկային դիմագիծը պահպանելու հրամայականը՝ արհեստական բանականութեան եւ քաղաքական բեւեռացումներու դարաշրջանին։

Արհեստագիտութիւն եւ մարդկային գօրծօն

Շնորհաւորելով կայանի տնօրէնութիւնն ու լրագրողները, Քահանայապետը անդրադարձաւ անցած յիսուն տարիներու արհեստագիտական թռիչքին՝ «անալոկայ»ին համակարգէն մինչեւ թուայնացում։ Ան սակայն զգուշացուց, որ ոչ մէկ նորարարութիւն կրնայ փոխարինել քննադատական դատողութիւնը, ստեղծագործ միտքը եւ խորհելու ազատութիւնը։

«Եթէ մեր ժամանակներու մարտահրաւէրը արհեստական բանականութիւնն է, ապա անհրաժեշտ է հաղորդակցութիւնը կարգաւորել ըստ մարդկային չափանիշներուն եւ ոչ թէ լոկ արհեստագիտականին», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Աշխարհիկութիւն եւ բազմակարծութիւն

Քահանայապետը բարձր գնահատեց TG2-ի հիմնական սկզբունքները՝ աշխարհիկութիւնն ու աղբիւրներու բազմազանութիւնը։ Ան սահմանեց աշխարհիկութիւնը ոչ թէ որպէս հեռացում հաւատքէն, այլ որպէս կանխակալ գաղափարախօսութիւններու մերժում եւ բաց միտքով իրականութեան նայիլը։

Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս տիրող բեեւռացումներն ու յուզումները յաճախ կը խոչընոտեն իրականութեան բարդութիւնը հասկնալու, մինչդեռ մշակութային տարբերութիւններուն երկխօսութիւնը միշտ ալ եղած է հարսատութեան աղբիւր։

Պատերազմը չվերածել «Վիտէօ-Խաղի»

Լեւոն ԺԴ. յորդորեց լրագրողները չդառնալ «քարոզչութեան գործիք» կամ «իշխանութեան բարձրախօս»։

«Միշտ, բայց յատկապէս պատերազմի ողբերգական հանգամանքներուն մէջ, ինչպիսին են անոնք՝ զորս այսօր կ'ապրինք, լրատուութիւնը պէտք է զգուշանայ քարոզչութեան (propaganda) վերածուելու վտանգէն։ Եւ լրագրողներուն պարտականութիւնը՝ լուրերը ստուգելու հարցին մէջ, որպէսզի չդառնան իշխանութեան բարձրախօսը, կը դառնայ առ աւելի հրատապ ու նուրբ, կրնամ ըսել՝ էական։» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ 

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր աշխատակիցներուն՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակեն իրենց սրբազան գործը յանուն ճշմարտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 11:25