Որոնել

Լեւոն ԺԴ. եւ Կաթողիկէ Հիմնադրամի անդամները Լեւոն ԺԴ. եւ Կաթողիկէ Հիմնադրամի անդամները  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. կոչ կ՛ուղղէ «Կաթողիկէ Հիմնադրամ»-ի անդամներուն՝ շարունակելու հաւատքի եւ ընկերային արդարութեան ծառայութիւնը

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց «Կաթողիկէ հիմնադրամ-Fondazione Cattolica»-ի պատուիրակութիւնը՝ բարձր գնահատելով հիմնադրամի երկարամեայ աշխատանքը ընկերային արդարութեան եւ կարիքաւորներուն օժանդակելու գործին մէջ։ Քահանայապետը քաջալերեց անոնց շարունակել իրենց առաքելութիւնը աւետարանական ոգիով՝ միաժամանակ շեշտելով երիտասարդներու կրթութեան եւ հասարակական համերաշխութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մարտ 13-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Կաթողիկէ հիմնադրամ- Fondazione Cattolica»-ի վարչական խորհուրդի անդամները։ Հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը բարձր գնահատեց հիմնադրամի եւ «Società Cattolica di Assicurazione»-ի տարած երկարամեայ աշխատանքը, որ կը նպաստէ իտալական հասարակութեան մէջ կաթողիկէներու աշխուժ ներկայութեան։

Իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծեց Իտալիոյ կաթողիկէ շարժման պատմութիւնը արժեւորելու կարեւորութիւնը՝ որպէս ոգեշնչման աղբիւր այսօրուան մարտահրաւէրներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ հարիւրաւոր ընկերութիւններ եւ ընկերային հաստատութիւններ ծնունդ առած են Լեւոն ԺԳ. Պապի «Rerum Novarum» շրջաբերականի պատգամէն, որ կը քաջալերէր տնտեսական ոլորտին մէջ կազմակերպուիլ՝ ընկերային խնդիրները լուծելու համար։

«Fondazione Cattolica»-ի գործունէութիւնը մեծապէս կը սատարէ ընկերային խոցելի խումբերուն, ընտանիքներուն եւ կարիքաւորներուն՝ նպաստելով հասարակական համերաշխութեան։

Քահանայապետը ողջունեց նաեւ երիտասարդներու կրթութեան ուղղուած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս՝ Միլանոյի Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանի հետ համագործակցութեամբ ստեղծուած «Երրորդ ոլորտի ակադեմիան»որ կը նախատեսուի ընդլայնել նաեւ Հռոմի LUMSA համալսարանին մէջ։

Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը հիմնադրամի անդամներուն յանձնարարեց պահպանել աւետարանական ոգին՝ ապահովելով հետապնդուող նպատակներու եւ օգտագործուող միջոցներու միջեւ ներդաշնակութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը օրհնեց ներկաները՝ մաղթելով, որ անոնց աշխատանքը միշտ ոգեշնչուի երանելի Ճուզեփփէ Թոնիոլոյի ուսմունքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2026, 10:07