Կարդինալ Ժան Պատիստ Ֆամ Մին Ման Կարդինալ Ժան Պատիստ Ֆամ Մին Ման 

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իր ցաւակցութիւնը յայտնեց կարդինալ Ժան Պաթիսթ Ֆամ Մին Մանի մահուան առիթով

Լեւոն ԺԴ. Պապը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Հո Շի Մին քաղաքի առաջնորդին՝ իր խոր վիշտը յայտնելով վաստակաւոր Կարդինալ Ժան Պատիստ Ֆամ Մին Մանի վախճանման առիթով։ Քահանայապետը դրուատեց հանգուցեալին նուիրեալ ծառայութիւնը Վիեթնամի եկեղեցւոյ եւ անոր խոնարհ վկայութիւնը, մինչ կարդինալական դասին թիւը այժմ կը հաշուէ 243 անդամ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Հո Շի Մին քաղաքի Արքեպիսկոպոս Ժոզեֆ Նկույէն Նանկին՝ իր խոր վիշտը յայտնելով նոյն թեմի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Ժան Պատիստ Ֆամ Մին Մանի վախճանման առիթով։

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հանգուցեալ Կարդինալի երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ թէ՛ Մի Թոյի եւ թէ՛ Հո Շի Մինի տեղական եկեղեցիներուն մէջ։ Պապը երախտագիտութեամբ յիշեց Կարդինալին մեծ ներդրումը Վիեթնամի Եկեղեցւոյ եւ Առաքելական Աթոռին նկատմամբ։

«Անոր ծառայութիւնը յատկանշուեցաւ հովուական ծառայութեան խնամքի եւ ընկերային պատասխանատուութեան խոր յանձնառութեամբ, երկխօսութեան եւ եկեղեցական միութեան հաստատակամ խթանմամբ, ինչպէս նաեւ աւետարանական պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ ապրած կեանքի վկայութեամբ», նշուած է Քահանայապետի հեռագիրին մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը, հանգուցեալին հոգին յանձնելով Երկնաւոր Հօր անհուն ողորմութեան, իր Առաքելական Օրհնութիւնը փոխանցեց թեմի կղերին, կրօնաւորներուն եւ հաւատացեալներուն՝ մաղթելով անոնց սփոփանք եւ խաղաղութիւն՝ յարութեան յոյսով։

Նշենք, թէ այժմ կարդինալական դասը կը հաշուէ Քահանայապետ ընտրող 121 կարդինալներ եւ 122 ոչ ընտրող կարդինալներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 12:00