Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Սինկափուրի նախագահը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Սինկափուրի նախագահը 

Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Սինկափուրի նախագահը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Սինկափուրի նախագահ Թարմա Շանմուկաթարանը՝ վերահաստատելով երկու պետութիւններու միջեւ առկայ սերտ ու բարեկամական յարաբերութիւնները։ Հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ Սինկափուրի կրօնական համակեցութեան տիպարը եւ շեշտուեցաւ միջազգային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 մարտ 2026-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Սինկափուրի Հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Թարմա Շանմուկաթարան։ Նախագահը ապա ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Պետութիւններուն ու Միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար՝ Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի հետ։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպումի ընթացքին, կողմերը գոհունակութեամբ շեշտեցին Սուրբ Աթոռի եւ Սինկափուրի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու բարեկամական յարաբերութիւնները: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հետեւեալ կէտերուն.

Մշակութային եւ Կրօնական Ներդաշնակութիւն: Բարձր գնահատուեցաւ Սինկափուրի մէջ տիրող տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան օրինակելի մթնոլորտը:

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը: Վատիկանեան կողմը երախտագիտութիւն յայտնեց երկրէն ներս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւններուն եւ ներդրումին՝ ի նպաստ հասարակաց բարիքին:

Հանդիպման աւարտին, կողմերը միտքերու փոխանակում կատարեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային ներկայ իրավիճակին շուրջ։ Շեշտուեցաւ բազմակողմանի համակարգի կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով գոյութիւն ունեցող միջազգային կառոյցներուն զօրակցութեան եւ արդիականացման անհրաժեշտութիւնը, դիմագրաւելու համար համաշխարհային մարտահրաւէրները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 14:01